
Լիբանան «Անձնական անվտանգութեան լուծումներ» դարաշրջան վերադառնալու ուրուականներու շեմի՞ն է
Պատմական ակնարկ. Ինչպէ՞ս և ինչո՞ւ Լիբանան մնաց կրօնական «քանթոն»ներու չյայտարարուած փաստացի պետութիւն
Երբ Թայէֆի համաձայնագիրը դարձաւ տէ ֆաքթօ իրականութիւն, որմէ երբեք հնարաւոր չէր խուսափիլ, շատ լիբանանցիներ չկարողացան հիմնովին հասկնալ անոր ճանապարհային քարտէզը, մինչդեռ տեսականօրէն մեզ կը բացատրուէր, որ անոր էութեան համաձայն, լիբանանեան բոլոր տեղական կողմերը պիտի զինաթափուին։ Իհարկէ, մեզմէ շատերը յուսախաբուած էին, որ միայն տեղական լիբանանեան խմբաւորումները զինաթափուելու էին, բայց չյանգեցրեց իրավիճակի մը, ուր միայն լիբանանեան օրինական ազգային զինուած ուժերը, լիբանանեան բանակը և ներքին անվտանգութեան ուժերը պիտի հանդիսանային բացառիկ զինուած գոյութիւն, որոնք կառավարելու են երկիրը, սակայն պահպանուեցաւ սթաթուս քուօն, ուր գերակայ ուժը հանդիսացաւ սուրիական բանակը։
Այն ժամանակ Թայէֆի համաձայնագրով իշխանութեան եկած լիբանանեան իշխանութիւնները փորձեցին մեզ մխիթարել, որ ղեկավարելու են գոնէ կանոնաւոր պաշտօնական բանակները՝ պատկանող երկու պետութիւններու՝ սուրիական և լիբանանեան, և հետևաբար՝ երկուքն ալ ունին յստակ աղբիւր, կը կրեն պաշտօնական իրաւական կարգավիճակ, և կուսակցական զինեալներու քաոսի օրերը աւարտած են։
Բայց շուտով լիբանանցիներու հիասթափութիւնն աւելի խորացաւ, պաղեստինցիները մնացին զինուած պաղեստինեան ճամբարներուն մէջ, և այժմ իշխանութիւնները ևս մէկ անգամ փորձեցին մեզ մխիթարել, որ պաղեստինցիները զսպուած են ճամբարներու ներսը, և որ իրենց թոյլ չեն տալու աշխուժութիւն ցուցաբերել ճամբարներու սահմաններէն դուրս:
Բայց շուտով, շատ լիբանանցիներ արտայայտեցին իրենց մեծ ցնցումը, յատկապէս քրիստոնեաները, բաւականին ուժեղ բողոքով, և իսլամ սուննիները, շշուկով։
Պարզուեցաւ, որ համաձայն Թայէֆի համաձայնագրի, լիբանանեան զինուած միլիսները չեն նշանակեր լիբանանեան բոլոր միլիսները, ամբողջական զինաթափումը չի ներառեր ԲՈԼՈՐԸ, այլ ոմանց, և թոյլ տուած է Հարաւ գտնուող լիբանանեան խմբաւորումներուն՝. մնալ զինուած, որպէս դիմադրութիւն, և, հետևաբար, լիբանանեան շիա «Հըզպալլահ» և «Ամալ» շարժումները իրաւունք ունին զէնք կրել՝ իսրայէլեան գրաւման դէմ դիմադրելու նպատակաւ։
Այժմ բնական էր, որ քրիստոնեաները զգային ամենախոր վրդովմունքը, առաջին հերթին իրենց առաջնորդներէն մէկը՝ զօրավար Աուն, աքսորուեցաւ, միւս մեծ խումբը՝ Լիբանանեան Ււժերը, որ ունէր լիբանանցիներու ամենամեծ զինուած ռազմական մեքենան, կամաւոր յանձնեց բոլոր զէնքերը, եւ իր առաջնորդը՝ Դոկտոր Ժաաժան բանտարկուեցաւ, և այդպիսով սկսաւ «քրիստոնէական հիասթափութիւն և բարոյազրկում» դարաշրջանը:
Սուննիները արդէն զինաթափու ած էին առնուազն մէկ տասնամեակ առաջ պատերազմի ժամանակ և կարծես թէ կը վայելէին քաղաքական ազդեցութիւն, քանի որ սուննի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին ունէր հսկայական միջազգային աջակցութիւն, բայց ժամանակի ընթացքին պարզ դարձաւ, որ ան միայն ձեւական ազդեցութիւն ունի, կը թոյլատրուէր իրեն ունենալ միայն տնտեսական առաջնորդի դերը, և հետզհետէ պարզ դարձաւ, որ երկրի ռազմավարական, քաղաքական և ռազմական որոշումները չէին որոշուիր Լիբանանի կառավարութեան կողմէն, այլ տարածաշրջանային ուժերու՝ Իրանին և Սուրիային և տեղական լիբանանեան Հըզպալլահի կողմէն։
Սուննիներուն հիասթափութիւնը մնաց թաքնուած և լուռ, բայց ուժեղ և զսպուած, մինչև որ սպաննուեցաւ Ռաֆիք Հարիրին, և պայթեցաւ քրիստոնեայ և իսլամ, տրուզներ և սուննիներ պոռթկումը։
2005 թուականին սուրիացիները լքեցին Լիբանանը (Իսրայէլը նոյնպէս հեռացած էր 2000 թուականին), և կարծես որ ճիշդ պահն էր, որ լիբանանցիները վերջապէս և միանգամընդմիշտ աւարտէին 1975 թուականին սկսած Քաղաքացիական պատերազմի դարաշրջանը և վերադառնան պետութեան։
Բայց այդ մէկը տեղի չունեցաւ, և Հըզպալլահի յամառ դիրքորոշումը, որ պնդեց, որ Լիբանանի ապահով մնալու ճիշդ ճանապարհը կը գտնուի «իր զինուած ուժերու պաշտպանութեան ներքոյ, որ կը պաշտպանէ Լիբանանը Իսրայէլի վտանգէն»:
Հիմա ոմանք կրնան մեղադրել այս կամ այն կողմին, որ փոխզիջման գնաց Հըզպալլահի բանակին, բայց կը կարծեմ, որ լիբանանեան կուսակցութիւններու մեծ մասին կարելի է տարբեր աստիճանի մեղադրել, քանի որ ինչ-որ պահուն, նոյնիսկ 2005 թուականէն յետոյ, գրեթէ բոլոր կողմերը ընդունեցին այդ զէնքերը, ոմանք այդ մէկը կ’արդարացնեն՝ ըսելով թէ այդպիսով խուսափեցան Քաղաքացիական պատերազմէն, բայց գրեթէ բոլորը որոշակի փուլման հաշտվեցան այս զէնքին հետ, համակերպեցան կամ նոյնիսկ պաշտպանեցին, սակայն կը մեղադրեն իրար՝ հետագային այդ զէնքն ընդունելու համար, և գործնականօրէն իւրաքանչիւր ձևաւորուած կառավարութիւն, իր սկզբնական յայտարարութիւնը կա՛մ մնաց մշուշոտ՝ կապուած այդ զէնքի վերաբերեալ, կա՛մ ընդունեց, որդեգրեց և համարեց օրինական դիմադրութիւն
Արդիւնքը և հետևանքները
Բոլորս ալ գիտենք այս սթաթուս քուօ-ի հետևանքները յանգեցուց փակուղիի, երկրի պետական հաստատութիւնները դարձան կիսագործուն, կառավարութիւններու ձևաւորումը ամիսներ տևեց, երկու անգամ մէկ տարիէ աւելի պահանջեց նախագահի ընտրութիւնը, խորհրդարանը երկարաձգեց ինքզինք. եւ քանի որ պատերազմի և խաղաղութեան որոշումը այլևս պետութեան և կառավարութեան վերահսկողութեան տակ չէր, օտարերկրեայ ներդրողները վտանգի չդիմեցին ներդրումներ կատարելու անորոշ Լիբանանի մէջ, Հըզպալլահ մասնակցեցաւ Սուրիայի քաղաքացիական պատերազմին՝ առանց պետութեան հետ խորհրդակցելու եւ իբր հետեւանք Արաբական Ծոցի երկիրները պոյքոթեցին Լիբանանը։
Ի վերջոյ, Լիբանանի տնտեսութիւնը փլուզուեցաւ, և լիբանանեան դրամատուները սնանկացան, փտածութեան պատճառով, հիմա ոմանք կը պնդեն, որ «Հըզպալլահի Բանակ»-ը պէտք չէ մեղադրուի փտածութեան մէջ, և իր շատ մը հակառակորդները խորապէս ներքաշուած են փտածութեան մէջ, և ասիկա ճիշդ է, բայց ես դարձեալ կը մեղադրեմ Հըզպալլահի զէնքերը, քանի որ այդ մէկը մեծ պատրուակ դարձաւ իր շատ մը հակառակորդներուն համար փտածութեան մէջ սուզուելու, քանի որ ունէին Հըզպալլահ պատրուակը մեղադրելու ընկերային -տնտեսական ձախողման համար։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Հըզպալլահի շատ մը դաշնակիցներուն, անոնք համարձակեցան ծայրայեղութեան մէջ մտնել փտածութեան մէջ, քանի որ ոչ ոք չէր համարձակեր զիրենք պատասխանատուութեան ենթարկել, այնքայն ատեն որ կը վայելէին «Հըզպալլահի» պաշտպանութիւնը, որ շատ աւելի ուժեղ է, քան լիբանանեան պետութիւնը:
Այժմ Լիբանանը փլուզուեցաւ սոցիալապէս, տնտեսապէս և ֆինանսապէս, բոլորն աշխատավարձերը, ներառեալ Զինուած ուժերը, կտրուկ իջան, ինչ որ բնականաբար, հարուածեց ներքին անվտանգութեան ուժերու բազմաթիւ անդամներու խանդավառութեան և արդիւնաւէտութեան, սթրեսին, խառնաշփոթին և ֆինանսական ապահովութեան բացակայութեան եւ բնականաբար յանգեցուց յանցաւոր գործունէութեան աճին։
Ճգնաժամը խորացաւ և զայրացած քաղաքացիները իրենց զայրոյթն ու հիասթափութիւնը յայտնեցին դրամատուներու արգելափակման միջոցով։
Եւ տարաձայնութիւնները շրջուեցան, որ Աշրաֆիէի դրամատուներու լորտերու մէկուն տեսակ մը մարտական մեքենայ պէտք էր իր դրամատուները պաշտպանելու համար, և այդպիսով ան ֆինանսաւորեց ֆիզիքապէս պատրաստուած կազմակերպութեան մը, որ ինքզինք կ’անուանէ «Աստուծոյ զինուորներ»:
Որքանով այս լուրերը ճիշդ են, անորոշ է, հաւանաբար այսպէս սկսաւ, բայց հաւանաբար հետագային հետզհետէ վերածուեցաւ աւելի գաղափարախօսական շարժման։
Կ’ըսուի, որ այս երիտասարդ կազմակերպութիւնը սկսած է 30 անդամով, բայց արագօրէն աճած է` դառնալով 300 մարդ, մինչ այժմ այն ռոմանթիք զգացմունքային կազմակերպութիւն կը թուի, և Աշրաֆիէի բնակիչներէն շատերը, որոնց հետ ես զրուցեցի, զայն կը նկարագրեն որպէս ինքնաբուխ շարժում, այլ ոչ լիարժէք կազմակերպութիւն, պարզապէս անմեղ նախաձեռնութիւն տարածքի երիտասարդ բնակիչներուն կողմէն, որոնք կը պաշտպանեն իրենց թաղամասերը։
Հաւանաբար, այս շարժումը զուրկ է փորձառութենէ՝ քաղաքական, թէ գաղափարական, և կը կարծեմ, որ մինչ այժմ լրատուամիջոցներու ստուար զանգուած մը կը չափազանցէ։
Հիմա իրենք երբեմն բաւականին ծայրայեղ կը թուին, ոչ թէ իրենց գործնական քայլերով և գործողութիւններով, այլ աւելի շուտ իրենց արտայայտութիւններով, ինչը բնական է, այո, երբեմն կը թուին արմատական իրենց կրօնական համոզմունքները պարտադրելու և ծայրայեղութեան տպաւորութիւն կը ձգեն, բայց կը կարծեմ, որ ժամանակի ընթացքին կը հասուննան, երբեմն կը փորձեն պաշտպանել իրենց փաստարկները աստուածաշնչեան համարներու միջոցով։
Այնուամենայնիւ, երբեմն կրնան բաւականին հապճեպ գործողութիւններ ձեռնարկել, օրինակ, կ’ըսուի, որ յարձակած են ֆութպոլի երկրպագուներու վրայ աշխարհի բաժակի ժամանակ՝ որոնք այցելած են Աշրաֆիէի Սասին շրջան, երկրպագուները շփոթելով «Հըզպալլահի» շարասիւնին հետ։
Այժմ մեծ հարցեր կը ծագին՝ անոնք քրիստոնէական միջին դասի միջավայրի երիտասարդ սերունդնե՞րն են, որոնք ժամանակի ընթացքին կը մեծնան և ի վերջոյ կը հակադրուին լիբանանեան ուժերու պատմական քրիստոնէական ղեկավարութեան, մինչ այժմ իրենց տեսահոլովակներու մեծ մասին մէջ, որոնք դիտեցի, յարգանքի տուրք կը մատուցեն Լիբանանեան Ուժերու խորհրդանիշներուն, առաջնորդներուն և նախկին մարտիկներուն, բայց կայ նաև այն փաստը, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին Փաղանգաւոր կուսակցական միջավայրէն դուրս եկած Լիբանանեան Ուժերու մարտիկներու երիտասարդ սերունդը գրաւեց Փաղանգաւորականներու փողոցը, բայց այդ մէկը տեղի ունեցաւ Փաղանգաւորներու առաջնորդ և հիմնադիր Փիեռ Ժմայէլի որդիին , Լիբանանեան Ուժերու առաջնորդ և հիմնադիր Պաշիր Ժմայէլի նահատակութենէն ետք, և ոչ ոք չէր համարձակեր հակադրուիլ Պաշիրին, և ես կը կասկածիմ, որ այսօր որևէ մէկը կը համարձակի արհամարհել Լիբանանեան ուժերու ներկայիս ղեկավար դոկտոր Ժաաժայի քարիզման:
Այժմ մենք տեսանք կեդրոնացման և ուշադրութեան ալիք այս երիտասարդ շարժման նկատմամբ, հիմնականին մէջ բացասական, շատ քաղաքական գործիչներ փորձեցին քննադատել և դատապարտել այս երևոյթը՝ զայն բնութագրելով որպէս քրիստոնէական որոշ տարածքներու վրայ սեփական կամքը պարտադրելու միտումի այլասերուած տեսարաններ, խորհրդարանի անդամ Փոլա Եագուպեան մեղադրեց շարժումը որպէս իշխող դասի ուժ՝ քաղաքացիական հասարակութեան շարժումը ճնշելու համար, և նոյնիսկ պնդեց, որ քաղաքացի մը զանգահարած է ոստիկանութիւն՝ աջակցութիւն խնդրելով, եւ այս շարժման անդամները յայտնուած և ըսած են իրեն, որ ուղարկուած են իրավիճակը կարգաւորելու համար, մինչդեռ այլ քաղաքական գործիչներ՝ քրիստոնեայ աջերը (հիմնականին մէջ Լիբանանեան Փաղանգաւոր կուսակցութիւնն ու Լիբանանեան Ուժերը) կոչ ըրին փնտռել խնդրի արմատները Հըզպալլահի բանակին մէջ, որ կը գերիշխէ շիական տարածքները երկաթեայ բռունցքով շնորհիւ իր զինուած միլիսիային, որ աւելի ուժեղ է, քան լիբանանեան բանակն ու լիբանանեան պետութիւնը, ոչ միայն այդ, այլև մի քանի անգամ Հըզպալլահի կողմնակիցներու շարասիւնները եկան Այն ըլ Ռըմմանէ ու Աշարաֆի քրիստոնեական շրջանները բախեցան տեղացի բնակիչներուն հետ, և յանցագործութիւնն ու Լիբանանի մէջ գողութիւնը (հիմնականին մէջ քրիստոնեաներով և տրուզներով բնակեցուած շրջաններուն մէջ) աճած են, ինչը ստիպած է երիտասարդներուն այս շրջաններուն մէջ կազմակերպել քաղաքացիական պահակութիւն և գիշերային հսկողութիւններ, զինուած լապտերներով։
Ոմանք մտավախութիւն ունին, որ երիտասարդներուն այս սցենարները խումբերով կազմակերպուելու են իրենց տարածքները պահպանելու համար, կը զարգանան և կը վերածվին կիսառազմական մակարդակի, և, ի վերջոյ, սպառազինութեան, և որ այդ մէկը կ’առաջնորդէ պատմութեան կրկնութեան և քաղաքացիական պատերազմի վերադարձին:
Իսկ ես կ’ըսեմ, որ որպէսզի պատմութիւնը չկրկնուի, մենք՝ լիբանանցիներս, պետք է խուսափինք 1975-ին թոյլ տրուած սխալներէն, և բոլորս ընտրենք բացառիկ հովանոց, ապաստան փնտռենք լիբանանեան պետութեան և լիբանանեան օրինաւոր ազգային զինուած ուժերու մէջ, լիբանանեան բանակի և ներքին անվտանգութեան ուժերը ընտրել իբր բացարձակ գերիշխող գերագոյն զինուորական իշխանութիւն՝ իսկ պետութիւնն ու պետականութիւնը՝ բարձրագոյն իշխանութիւն։
Միայն պետութեան ու պետականութեան մէջ է Լիբանանի և Լիբանանցիներու անվտանգութիւնն ու փրկութիւնը։
Թող Տէրը պահպանէ Լիբանանի Հանրապետութիւնը։
ՊԵՏՐՈՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Լիբանանցի մը Լիբանանեան Սփիւռքին մէջ
جنود الرب