Yeznig Palayan - Armenian Poetry

Yeznig Palayan - Armenian Poetry
shadow
ՄՏՔԻ ՇԻԹԵՐ Հայ մշակոյթը սիրտն է մեր Ազգին, Իսկ Հայոց լեզուն՝արիւնը սրտին։ Երբ ազգ մը երկրի չորս կողմը ցրուի, Ծով մտնող գետի նման կը ձուլուի։

ՄՏՔԻ ՇԻԹԵՐ 
Հայ մշակոյթը սիրտն է մեր Ազգին,
Իսկ Հայոց լեզուն՝արիւնը սրտին։

Երբ ազգ մը երկրի չորս կողմը ցրուի,
Ծով մտնող գետի նման կը
ձուլուի։

Վարդաջուր կ՝ըլլայ քրտինքը  ճակտիդ,
Երբ ուրիշը չէ տէրը վաստակիդ։

Երբ ծառիդ բերքը քեզ թուի չնչին,
Փնտռէ պատճառը եւ ոչ թէ կացին։

Հաստատ կը հասնիս քու նպատակիդ,
Երբ կռնակդ տաս սեփական ուժիդ։

Լաւ է ունենալ խելօք թշնամի,
Քան թէ ընկեր մը մտքով սնոտի:

Երբ ընկերներուդ թիւը նուազի,
Անցեալդ ենթարկէ լուրջ վերաքաղի։

Ին՛չ տեսակի զէնք մարդիկ գործածեն,
Չեն կրնար կռուիլ մայր բնութեան դէմ։

Պարտադիր դաշինք կամ կեղծ հաշտութիւն,
Չեն տար ազգերու խաղաղանուշ քուն։

Նախ քան խոստանալդ երկար մտածէ,
Իսկ խօսք տալէ ետք ՝
Իսկոյն  գործադրէ։

Երբ կեանքիդ նաւը կիրքերդ վարեն,
Կատղած ալիքներ շուրջդ կը պարեն։

Ցոյց տալու համար թէ շա՛տ յուզուած է՝
Քծնողն իր աչքը թուքով կը թրջէ։

Շողոքորթ մարդու մեղրածոր լեզուն,
Կ՝որսայ փողերը փառամոլներուն։
 
 Անվերջ իր եսը գովերգող մարդուն,
Կ՝արժէ հարց մը տալ,_«իրօք ,ո՞վ ես դուն»։

Երկերես մարդը նման է լուսնի ,
Իր մէկ երեսը միշտ մէջ է մութի։

Երբ աչքիդ մէջը կայ մեղքի գերան,
Աւելի լաւ է  չբանաս բերան։  

Ճիշտ է մէկ ձեռքով չես կրնար տալ ծափ,
Բայց քեզ ծաղրողին ՝կրնաս տալ ապտակ։

Ան որ փոս փորէ ուրիշի համար,
Նոյն փոսին մէջ ինք կ՝իյնայ գլխիվայր։

Երբ անծանօթ մը քեզ ընէ բարիք,
Մեղմ  ժպիտով  մը յայտնէ 
երախտիք։

Ինչ որ կը ծնի ծոցէն բնութեան,
Պիտի հող դառնայ օր մը անպայման։

Տարեց մարդու մը գլխաւոր զէնքը,
Ճերմակ մազերն են ու հասուն խելքը։

Առանց հովիւի արածող կովը,
Կը դառնայ  սոված
   գայլերու զոհը։

Երբ ապրած տունդ ունի ցած տանիք,
Օր մը անպայման կ՝ունենաս կուզիկ։

Բարի,ճշմարիտ ու գեղեցիկին,
Հարկ է ընծայել յարգանք կաթոգին։

Շահելու համար  դիրք,համբաւ ու փող,
Եղիր միշտ պարկեշտ եւ ճշմարտախոհ։

Երբ ձախորդ գործերդ այլոց վերագրես,
Յառաջդիմելու դռներդ կը փակես։

Մի՛ վիճիր հետը պինդ գլուխ  մարդոց,
Եթէ չես ուզեր լսել կռկռոց։

Իր սրտին վրայ քար դրած անձը,
Չի կրնար լսել իր խղճի ձայնը։

Երբ ականջ տրուի ըսի -ըսաւի ,
Աշխարհ խենթանոց կ՝ըլլայ յիրաւի։

Բարեկամութեան ծառն կ՝ըլլայ պտղուն,
Երբ արմատը իր է 
անկեղծութիւն։

Ծակած ուռկանով երբ ձուկ չբռնես ,
Չըլլա՛յ ուռկանդ յանցաւոր  հանես։

Երբ արդարադատ է մեծաւորը,
առաւ-փախաւին կը սեւնայ օրը։ 

Վասն յաջողութեան որքան ճիգ ու ջանք,
  Երբեմն նաեւ պէտք է քիչ  մը բախտ։

Ջրազուրկ ձուկերն  ու անկոչ հիւրերն,
Կը սկսին հոտիլ քանի մը օր ետք։

Ստողն երբ ըսէ ,_«Աստուած վկայ է»,
Սուտի պոչն մինչեւ երկինք կ՝երկարէ։

Լոկ ձեռք առնելով ասեղ եւ դերձան,
Մէկ օրէն միւսը չես  դառնար դերձակ։

Երանի անոնց որ կ՝առնեն հասակ,
Իրենց մեծ հօր ու մեծ մօր շուքի տակ։

Աղօթքն Աստուծոյ կը հասնի շուտով,
Երբ արտասանուի հոգիի շուրթով։

Խնկարկուներդ  կ՝ըլլան բիւրաւոր,
Երբ ունիս բարձր պաշտօն ու աթոռ։

Գիտնալու համար աղի է թէ ոչ, 
Պէտք չունիս խմել ծովու ջուրն ամբողջ։

Արտաքին տեսքը է խաբեպատիր,
 Ներքինն ալ ճանչցիր ապա   տուր վճիռ։

Պատճառ դարձողը  աղքատի հացին,
Կը դառնայ զոհը իր խղճի խայթին։

Բամբասանքի դէմ երբ ականջ  փակես,
Չարախօսներու լեզուն կը կապես։

Երբ կատուները ձեռնոց գործածեն,
Մուկերն մարանի մէջ պար կը բռնեն։

Երբ տունի մը մէջ կասկածն հիւսէ բոյն,
Սիրոյ ծաղիկը կը թոշնի իսկոյն:

Շատ  չպարծենայ խորամանկ մարդը,
 Նոյնիսկ աղուէսը կ՝իյնայ թակարդը։

Խղճամիտ մարդը կը խորհի բարի,
 Նոյնիսկ երբ կեանքը մէջ է վտանգի։

 Նախանձն հարազատ որդին է չարի,
Չի կրնար ըլլալ ան նաեւ բարի։

Ան որ կը բաղձայ հասնիլ ծովափին ,
Պէտք է հետեւի գետի հոսանքին։

Աշխատասէրը  կը լսէ ձայնը,
Իսկ ծուլամորթը  լոկ արձագանքը։

Քանի արեւ կայ այս երկրի վրայ,
 Պիտի միշ՛տ ըլլայ,ե՝ւ տէր ե՝ւ ծառայ։

Կեանքի պայքարը մղելու համար,
Ուժն ու Ուղեղը զէնքեր են յարմար,
Իսկ եթէ հարց տաք թէ որ՛ն է  
ՈՒԺԵՂ՝
Ես առանց վարանք կը գոռամ՝ՈՒՂԵՂ։

Գիտնալ թէ ին՛չ պէտք է ընել՝
Ասպարէզի նախընտրանք  է։
Գիտնալ ինչպէ՛ս պէտք է ընել՝
Ուսումնական դասընթացք է։
Իսկ  գիտցածները կիրարկել՝
 Հոգեհաճոյ աշխատանք է։

ՄԵՂՈՒՆ ՄԵՂՐ ՊԷՏՔ Է ՇԻՆԷ,
ՍԱՐԴԸ ՈՍՏԱՅՆ ՊԷՏՔ Է ՀԻՒՍԷ,
ԻՍԿ ՄԱՐԴՆ ԱԼ ԳՈՐԾԵՐՈՎ ՎԵՀ՝
ԻՐ ԵՏԻՆ ՀԵՏՔ ՊԷՏՔ Է ՁԳԷ։                             

ԵԶՆԻԿ ԲԱԼԻԿ

 

ՄՏՔԻ  ՇԻԹԵՐ
---------------------
Ճշմարտութիւնը կը դառնայ խայթոց,
Երբ խղճի աչքերդ իր դէմ պահես  գոց։
Երբ ամէն անհատ մաքրէ իր աղտը,
Երկիրն կը դառնայ երկինքի զարդը։
Շողոքորթ մարդու ծախած ապրանքը,
Կը գնէ միայն փառամոլ մարդը։
Երբ չար լեզուներ կը քարկոծեն քեզ,
Կը նշանակէ պտղատու ծառ ես։
Նախընտրելի է մղել սուր պայքար,
Քան գլուխ ծռել լոկ հացի համար ։
Երբ լաւ օրերուդ ընկերդ ուրանաս,
Նեղ օրերուդ մէջ մինակ կը մնաս։
Քանի արեւ կայ այս երկրի վրայ,
Պիտի միշտ ըլլայ ե՛ւ տէր,ե՛ւ ծառայ։
Դառնալու համար իսկակկան իշխան,
Նախ պէտք է իշխես կիրքերուդ վրան։
Մութ սենեակ մտնող կատուն սպիտակ,
Իսկոյն կը ստանայ սեւ կատուի պիտակ։
Սնապարծ մարդոց խօսքերուն ունայն,
Սնամիտները լոկ ականջ կու  տան։
Ան որ ամբողջին կ՝ուզէ տիրանալ,
Կը կորսնցնէ ձեռք ձգած քիչն ալ
Թէ  չառնես վճիռ ճիշտ ժամանակին,
Չես կրնար հասնիլ քու նպատակին։
Երբ յայտնած միտքդ ըլլայ անտեղի ,
Ծաղրանքի շէնքը գլխուդ կը փլի։
Ինչքան ալ  էշը դաս  առնէ վազքի, 
Չի կրնար դառնալ ձիարշաւի  ձի։
Որքան ալ փորձես ըլլալ լայնախոհ,
Չես կրնար ձգել  ամէնքին ալ գոհ։
Երբ ինքըզինքդ ոչխար համարես,
Գայլամարդերու կ՝ըլլաս ողջակէզ։
Երբ ոսոխներդ  բիրտ են եւ ուժեղ,
Որպէս կռուի զէնք գործածէ ուղեղ։
Ան որ հապճեպով  պատրաստէ  գինի ,
Քացախ կը ծախէ մէջը շուկայի։
Յոռետես մարդոց  ինչ գոյն ակնոց տանք,
Սեւ պիտի տեսնեն ամպերն սպիտակ։
Ունեւոր մարդու մեղքի սեւ մուրը,
 կը մաքրէ միայն       
 կաշառքի  ջուրը։
Խարդախ գործերով
տուն քանդող մարդը,
Օր մը անպայման կ՝իյնայ թակարդը։
Տխմարի գլխուն քարոզներ կարդալ ,
Կը նշանակէ կոյրին ակնոց տալ։
Երբ քանի մը  օր անօթի  մնան,
Նոյնիսկ ոչխարներն  
Կը դառնան գազան։
Դրամով կրնաս գնել դիրք ու  փառք,
Իսկ նկարագրով՝պատիւ ու յարգանք։
Հարցեր չեն լուծուիր  խօսելով  լոկ ճառ,
Այլ  ձեռք ձգելով հարցեր լուծող ճար։
Երբ համբերութեանդ  լեցուի բաժակը ,
Մի՛ վախնար ցոյց տալ լեզուիդ մտրակը։   
Պողպատեայ զէնք մը առանց փամփուշտի,
Նման է  գլխու որ  ուղեղ չունի։
Վատ լուրերն կու գան 
թեւով թռչունի,
Իսկ լաւ  լուրերը ՝ ոտքով կրիայի։
Ոչին՛չ կը մնայ ձիւնի տակ 
ծածուկ,
Երբ երեւան գայ արեւը տաքուկ։  
Ան որ իր Ազգին տալիք բան չունի,
Պէտք է զայն կոչել՝«ԸՆԿԵՐ ՓԱՆՋՈՒՆԻ»։
  ՄԱՐԴԻԿ ԿԱՆ ՊԱՐԶ ԵՆ,
  ՄԱՐԴԻԿ ԿԱՆ ԲԱՐԴ ԵՆ,
  ԵՒ  ՄԱՐԴԻԿ  ԱԼ ԿԱՆ՝
  ՎԵՀ  ՄՏՔԻ  ՀԱՆՔ ԵՆ ։
Եզնիկ Բալիկ

Related to category Cultural

Related to subcategory Poetry

Comment on Facebook

Comment on Disqus