
Ապաւինինք մենք մեր ոյժին, որքան ալ տկար ըլլանք - Արամ Սերժ Թովմասեան
Ես գտա մի շատ հուզիչ ֆեյսբուքյան » գրառում իմ պատանեկան տարիների ընկերոջս և հայրենասեր հայ Արամ Սերժ Թովմասյանի
I found a very touching facebook » post my my teenage years friend and a fine patriotic Armenian Aram Serge Tovmassian
https://www.facebook.com/aramserge › Serj Aram
12 կամ 13 տարեկան էի, այդ ժամանակ ընկերներով ֆուտպօլի սիրահար, ամեն ամիս կը սպասէինք որ ֆրանսական «onze mondial» ամսաթերթը լոյս տեսնէ եւ Լիբանան հասնի, կը վազէինք Մարաշ թաղի վրայ գտնուող գրադարանը եւ կը գնէինք այդ ամսուան համարը: Ամեն մէկս ունէր իր հաւաքածոն:
Ամառ օր մըն էր, ընկերս գնած էր իր համարը, ես ալ վազելով կը սուրայի գրախանութ, երբ Սարդարապատ ակումբէն, այժմ ողորմած կուսակցական ընկեր մը իր խանութին առջեւ նստած մէկու մը հետ կը խօսէր, անուշադրաբար իրեն դպայ այդ վազքիս մէջ, ետեւ դառնալիվ ձեռքով ներողութեան նշան մը ըրի, շարունակելով վազքս, երբ ականջիս հասաւ այդ ընկերոջ գունաւոր հայհոյանքները:
Կեցայ եւ ետ դարձայ հարցնելով թէ արդէոք ինծի կը պատկանին այդ հայհոյանքներ՞ը, պատասխանի փոխարէն զօրաւոր ապտակ մը կերայ, որ չէր սպասէր, ես ալ տակը չմնալով բռունցքի հարուած մը տուի, որուն ինքն ալ չեր սպասէր, կոտրելով իր արեւու ակնոցը, եւ անիկա եղաւ, խանութէն դուրս վազեցին իր տղաքն ու գործաւորները եւ սաստիկ ծեծ մը կերայ:
Արամ Սերժ Թովմասեան
Արիւնլուայ եւ հագուստներս պատռտուած տուն գացի եւ հոն պէտք է տեսնէիք խեղճ մօրս վիճակը:
Մայրս ձեռքէս բռնած ինծի տարաւ ողորմած ընկեր Գառնիկ Մկրտիչեանին քով, իր խանութը եւ ընկեր Գառնիկը իրար անցած հեռաձայնեց խնդրոյ առարկայ ընկերոջ, որ խանութ եկաւ իր մէկ տղուն հետ:
Ինծի եւ մօրս հոն տեսնելով յոխորտաց թէ եթէ նորէն այդ թաղէն անցնիմ ոտքերս պիտի կտրէ:
Մեղմ եւ բարի ընկեր Գառնիկին պոռալը երբէք չէի տեսած, եւ ականատես եղայ պոռթկումին, որ ըսաւ «եթէ այս տղուն դպնաս ոտքերդ չէ գլուխդ կը կտրեմ:
Գիտե՞ս որուն տղան է...»
Այդ ընկերը, որ դերասանական տաղանդ ալ ունէր, «ախ ձեռքս թող կտրուէր, որբին չի զարնէի» ըսաւ, եւ մեծահոգօրէն գլուխս հանբուրեց եւ մօրմէս ներողութիւն խնդրեց:
Մինչ այդ լուր կեցած էի, երբ այդ արտայայտութիւնը լսեցի, ջիղերս կորնցնելով սկսայ զօրաւոր կերպով լալ:
Մինչեւ այդ օրը մէկը ինծի որբ չեր ըսած բայց եւ այնպէս ընկերը իրականութիւնը կ՚ըսեր, որբ էի, այսինքն անպաշտպան:
Եւ այդ նախադասութիւնը խթան եղաւ եւ իմ կեանքիս բոլոր որոշումները որ կ՚առնեմ, ճիշտ կամ սխալ, միշտ ձայն մը ականջիս կը յուշէ «որբ», եւ ըստ այնըմ կը վստահիմ միմիայն իմ ուժերուս, որքան ալ տկար ըլլան:
Ինչու՞ այս պատմութիւնը.
Հայաստանն ու Արցախը վիրաւոր են, հայութիւնը անմխիթար վիճակի մէջ, իբր հայ որբ ենք, եւ ոեւէ մէկ պաշտպան չ՚ունինք, միայն իրարու ունինք...
Պէտք է ապաւինինք միմիայն մեր ուժերուն, Ռուսաստանը, արեւմուտքը, բոլորը իրենց շահերը կը փնտրեն, իսկ թուրքին շահը մեր ոչնչացումն է.
Ապաւինինք մենք մեր ոյժին, որքան ալ տկար ըլլանք։