
Մեսրոպ Մենազարյան - Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակյան կուսակցություն Լեգենդար հերոսներ - Մաս II
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակյան կուսակցություն ազգային ազատագրական Պայքար
» Mesrob Menazaryan Մեսրոպ Մենազարյան on his facebook page
ԲԱՐՍԵՂ ԶԱՔԱՐԵԱՆ
(ԼԵՒՈՆ)
1870_1893
Ծնած է Շուշի, կը յաճախէ Պաքուի ռէալական դպրոցը։ 1890 թուականէն, Ժընեւի մէջ, կը շարունակէ ուսումը Հետեւելով հասարակագիտութեան։
Կը մասնակցի Հնչակեան Կեդրոնի աշխատանքներուն եւ 《Հնչակ》ի հրատարակութեան։
1892_ին, կամաւոր կը դիմէ երկիր մեկնելու եւ մասնակցելու գործնական պայքարին։ Կը գործակցի ժիրայրին հետ ու կը կազմակերպեն զինեալ խումբեր։ Կը կազմէ Մարզուանի ֆետայական խումբերը։ Արդիւնաւէտ գործակցութիւն կ`ունենայ Յարութիւն Թումայեանին հետ։ Յաջողութեամբ կը ղեկավարէ տեռորական շարք մը գործողութիւններ։
1892 Օգոստոսէն սկսեալ, թրքական կառավարութիւնը յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի Զաքարեանի քայլերուն։ Կեդրոնի ընկերները , ի տես Զաքարեանի վտանգուած վիճակին, կը հրահանգեն անոր առ ժամանակ հեռանալ հրապարակէն։ նահատակութենէն քանի մը օր առաջ , իր պատասխան նամակին մէջ կը գրէ.《...Բայց ասացէք, խնդրեմ, ինչպէ°ս թողնեմ Մարզուանը կրակի մէջ եւ ամենակարեւոր գործերը գրեթէ առկախ։ Ես դեռ պէտք է մնամ այստեղ գէթ կարճ ժամանակով, յեղափողխութեան հազարաւոր զինուորներից մէկը չե°մ արդեօք _ իմ տեղս դեռ այստեղ Մարզունն է》։եւ Մարզուան ալ մնայ առյաւէտ։
1893 Սեպտեմբեր 8_ին , լրտեսները կը գիտնան Զաքարեա նի խումբին թաքստոցը ։Մեծ թիւով Թրքական զօրքը արագ ներխուժումով կը մտնէ Մարզուանի թաղերը եւ կը պաշարէ Զաքարեա նի հայդուկային խումբը։ բուռն եւ երկարատեւ զինարձակումէ ետք կը նահատակուին եօթը անդանմները, որոնց մէջ յայտնի ֆետայիներ Մխիթար Տէր նշանեան եւ Միհրան Զէնկիւճեան։ Մի քանի տեղէ վիրաւոր եւ ուժասպառ, գերի կ`իյնայ Բարսեղ Զաքարեան։
Թրքական վայրագութիւնը չի խնայեր Կիսամեռ քաջին։ Չարչարանքներու միջոցով կը ստիպեն Զաքարեանին կատարելու խոստովանութիւններ։ վերջինս կը մնայ անդրդուելի։ վեց ժամ տեւող տաժանքէն յետոյ, Զաքարեան արիւնաքամ կը նահատակուի։
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակյան կուսակցություն ԲԱՐՍԵՂ ԶԱՔԱՐԵԱՆ
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակյան կուսակցություն Լեգենդար հերոսներ ԲԱՐՍԵՂ ԶԱՔԱՐԵԱՆ
ՄԵԼՔՈՆ ՄԵՐՍԱՏՈՅԵԱՆ_ ՄԱՐՈՒՔԵԱՆՑ
(ԱԶԱՏ ՈՍՏԱՆԻԿ)
1880_1912
Ծնած է վանայ կեմ գիւղը, կը յաճախէ քաղաքամէջի Յիսուսեան վարժարանը։ Աշակերտական տարիքէն կ՜ընդգրկուի յեղափոխութեան մէջ ու կը մտնէ Հնչակեան կուսակցութեան շարքերը։
1896_ի Վանի ինքնապաշտպանութեան, դեռ պատանի ,կը մտնէ Մարտիկի ղեկավարած Հնչակեան ուժին մէջ ։ Որմէ ետք, փախստական կ'անցնի Պարսկաստան։
1897_ին, Փարամազի խումբով կը վերադառնայ Վան։ Կը ձերբակալուի ։Կը դատապարտուի ցկեանս բանտարկութեան ։
Ազատ Ոստանիկ ,մինչեւ Թրքական Սահմանադրութիւնը ,12 տարի կը ճաշակէ Թրքական բանտին արհաւիրքը։ Ազատ կ`արձակուի 1908_ին։ Կուսակցութեան կողմէ կը նշանակուի Կեսարիոյ շրջանի գործիչ ,ուր կը ստանայ 《Սաչլը Ֆետայի) անունը։
1908_1909_ին, կը կազմակերպէ Էվերէկ_Ֆենեսէի եւ Թօմարզայի մասնաճիւղերը, կը մեկնի Պոլիս ու կը շարունակէ ուսումը։ 1912_ին, կ՜աւարտէ բժշկական համալսարանի ատամնաբուժական ճիւղը ու կը վերադառնայ Վան։
Կը մասնակցի Ս.Դ.Հ.Կ. Զ Համագումարին (1909), Վան վերադարձին ,կը շարունակէ իր հակա_իթթիհատական քարոզչութիւնը, որը չի վրիպիր վերջիններուս ուշադրութենէն։1913 Օգոստոս 28_ի գիշերը, Այգեստանի նորաշէն փողոցին մէջ իթթիհատի գործակալներուն դարանակալ գնդակներուն զոհ կ`երթայ
Ազատ Ոստանիկ
Անոր թաղումը կը վերածուի ժողովրդային ցոյցի։ Շուկան չորս օր փակ կը պահուի ։ Շուրջ 10000հոգի կը մասնակցի յուղարկաւորութեան ։ Դամբանական կը խօսին 14 հոգի, որոնց մէջ Յ.կուլօղրեան (արմենական), Իշխան (դաշնակցական եւ Փարամազ։ Կը թաղուի Արարքի գերեզմանատան յեղափոխականներու պանթէոնին մէջ։
ՄԵԼՔՈՆ ՄԵՐՍԱՏՈՅԵԱՆ__ ՄԱՐՈՒՔԵԱՆՑ
(ԱԶԱՏ ՈՍՏԱՆԻԿ)
1880_1913
Զոհին մարմինը նոյն գիշեր իսկ փոխադրուած էր ի խաչ փողոց`Գաբրիէլ Թէրլէմէզեանի տունը` Հնչակեան ակումբը, որ յաջորդ օր ուխտատեղի պիտի դառնար ամբողջ երիտասարդութեան համար։ Եռեակ կուսակցութիւնները միաբան սահմանեցին որ յուղարկաւորութեան թափօրը մեկնի Խաչ փողոցէն դէպի նորաշէնու եկեղեցին եւ անտի մինչեւ Արարք, իբր մէկ ժամու ճամբայ , ամփոփելու համար այն թաղի եկեղեցւոյ բակը , որ իբրեւ պանթէոն կը ծառայէր յեղափոխական զոհերու`1908_էն ի վեր։ Խառն կարգադիր յանձնախումբը մը, յատուկ թռուցիկներով, ընդհանուր սուգ կը յայտարարէր այդ օրը եւ մասնաւոր պահակներ կ'արգիլէին խանութներու բացումն ի Այգեստան եւ ի քաղաք։ Ահագին բազմութիւն մը խռնուած էր Թէրլէմէզեանի փողոցը` անցուդարձը խափանելու աստիճան։...Այդպէս ալ եղաւ եւ առանց որեւէ միջադէպի յուղարկաւորութիւնը ստացաւ խաղաղ ցոյցի մը կերպարանքն` ի բացառել զանազան հանգրուաններու մէջ եւ դամբարանին վրայ խօսուած կրակոտ ճառերը կառավարութեան դեմ։
ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԵՐԱՄԵԱՆ
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Հայկական կուսակցություն Հնչակյան