
Մասիս Մարզական Միութիւն ՊՀ աւանդական ընտանեկան դաշտագնացութիւն
Կարդում ենք Մասիս Մարզական Միութիւն ՊՀ ֆեյսբուքյան էջում
Կիրակի 3 Սեպտեմբերին, Մասիս Մարզական Միութեան ընկերային դիւանի եւ Պուրճ Համուտի Ս. Դ. Հ. Կ. Մասնաճիւղերու կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ աւանդական ընտանեկան դաշտագնացութիւնը, որն ուշացած էր շուրջ 4 տարիներ, երկրի քաղաքական եւ համաճառակի պատճառներով։
Ընտանեկան այս հաւաքը առիթ մըն էր բոլորին վերստին հանդիպելու, քով-քովի գալու, եւ միասնաբար անցնելու ուրախ եւ անմոռանալի պահեր։
Անցնող տարիներու ընթացքին մեզմէ հեռացած էին շատ մը սիրելի ընկերներ, ոմանք ճամբորդութեան, ոմանք ներգաղթի իսկ ոմանք ալ մահացած՝ ու ընդմիշտ բաժնուած էին մեզմէ։
Ինչպէս սովորութիւն դարձած է, ձեռնարկը ընթացք առաւ Տիկ. Մուղալեանի բացման խօսքով, որ հրաւիրեց շրջանի բոլոր ընկերները համախմբուելու իրար շուրջ, սիրելու եւ , յարգելու իրար, հեռու մնալով իրար որակաւորումներ տալէ, վերամիաւորուելու մասնաճիւղերուն եւ Մասիս ակումբի մէջ, տէր կենալու մեր հաւաքականութեան եւ շրջանակին։
Ապա ելույթ ունեցաւ սիրուած երգիչ Ռաֆֆի Կեվողլանեանը որ իր ճոխ եւ ազգային երգերով աւելի եւս ճոխացուց մթնոլորտը։
Մինջ ներկաները կը պատրաստէին իրենց խորովածները, մերթ ընդ մերթ տեղի կունենար սրտաբուխ նուիրատութիւններ։
Մինջ ներկաները կայցելէին իրար սեղաններ յիշելու ու հաճոյանալով իրար ներկայութեամբ, ձայնի հաղորդավար ընկ. Արա ժամկոջեանը կը թնդացներ մթնոլորտը միութենական եւ կուսակցական երգերով։
Երեկոյան 6-ին արդէն ժամանած էին երկու փոխադրակառքեր վերադարձը ապահովելու համար իսկ անոնք որոնք եկած էին իրենց անձնական միջոցներով շարունակեցին օրը աւելի երկարելով այդ յիշարժան ժամերը։
Բոլորին ցանկութիւնը մէկ էր՝ յաճախակի դարձնել նման ձեռնարկները որ կը համախմբէ իրար հարազատ ընկերներն ու ընտանիքները։
Վարձքը կատար բոլոր կազմակերպողներուն, ներկայ մասնակիցներուն եւ յարատեւ յաջողութիւն Ս. Դ. Հ. Կ. Պուրճ Համուտի մասնաճիւղերուն ու Մասիսի վարչական ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն։