Խոհեր եւ մտածումներ Արցախի հայաթափման եւ ինքնիշխան կառոյցի լուծարման առիթով - Սարգիս Յարալեան

Խոհեր եւ մտածումներ Արցախի հայաթափման եւ ինքնիշխան կառոյցի լուծարման առիթով - Սարգիս Յարալեան
shadow
Անցնող 17 օրերուն ականատես եղանք արագընթաց եւ ծանրակշիռ դէպքերու; Արցախահայության դէմ շղթայազերծուած յարձակումին, Արցախի պաշտպանության բանակի զինաթափման, Արցախահայության բռնի տեղահանման, Արցախի զինուորա-քաղաքական ղեկավարության գերեվարման եւ անոր պետական մարմիններու de facto լուծարման։

› Sarkis Yaralian Սարգիս Յարալեան  on facebook » Wrote

Խոհեր եւ մտածումներ Արցախի հայաթափման եւ ինքնիշխան կառոյցի լուծարման առիթով․․․

Անցնող 17 օրերուն ականատես եղանք արագընթաց եւ ծանրակշիռ դէպքերու; Արցախահայության դէմ շղթայազերծուած յարձակումին, Արցախի պաշտպանության բանակի զինաթափման, Արցախահայության բռնի տեղահանման, Արցախի զինուորա-քաղաքական ղեկավարության գերեվարման եւ անոր պետական մարմիններու de facto լուծարման։

Հողային, մարդկային, նիւթական եւ հոգեւոր կորուստները շատ են։

Այս պահուն դժուար է բան մը գրել կամ խօսիլ առանց յուզականության, բայց որոշեցի գրել մի քանի խառն մտքեր, աւելի ներահայաց մտորումներ, որոնք կառնչուին մեր ներ-հայկական ներկայ եւ ապագայ ընելիքներու մասին։

Արցախի մասով ․․․․

Արցախյան ղեկավարության մեծ մասը գերեվարուած է, իսկ ՀՀ ի ղեկավարութիւնը ըստ էության իր նախաձեռնութիւնները սահմանափակած է մարդասիրական օգնութիւններ ապահովելով տեղահանուած ժողովուրդին։ Հետեւաբար, նախանձախնդիր Արցախցիներ պիտի համախմբուին եւ ՀՀ քաղաքական-հասարակական դէմքերու հետ միասին պահանջեն

Ա․ Պահել Արցախի ինքնիշխանության խորհրդանիշները, Նախագահը, Ազգային Ժողովը եւ Արցախի տեղահանուածներու հարցերով զբաղուով յանձնախումբ Արցախցիներից ստեղծուած։ Վտարանդի, ներկայացուցչական մարմին մը անհրաժեշտ է որ բոլորին հիշեցնէ Արցախի հայության իրաւունքները։ Այդ մարմինը կայ յանձինս Արցախի ԱԺ ին եւ Հանրապետության նախագահին։ Անոնց առաջին գործը պէտք է ըլլայ միջազգային փաստաբաններու հետ պայմանագիր կնքել ու անոնց գործուղել Պաքու, Արցախի գերեվարուած ղեկավարներու դատերը պաշտպանելու համար։

Բ․ Պահել Դրօշը եւ Օրհներգը իբր Ազատ Արցախի խորհրդանիշ եւ վերադարձի հանձնառութիւն։

Գ․ Ներգրաւել Արցախի պաշտպանության բանակի անդամները Հայաստանի զինյալ ուժերի մէջ իբր առանցին երկու կամ երեք գումարտակ, պայմանագրային զինծառայողի կարգավիճակով։

Դ․ Շարունակել ՀՀ պետական պիւտճէեն յատկացնել տարեկան 200-300$ միլիոն դոլարի համազօր գումար ուղղակի վճառուելիք Արցախից տեղահանուածներուն համար (անձ գլուխ $1666 տոլար, 120,000 քաղաքացու հաշուարկով): Կարելի է նաեւ պիւտճէով հատկացուած գումարներով Արցախցի տեղահանուածներու վարկերը փակել։

Ե․ Դառնալ պահանջատէր մեր իրաւունքներուն եւ մեր շահերուն, հետախուզում հայտարարել Հայ զինուորները գերեվարութիւնից հետո սպանելու հրաման տուած ազերի զինուորականներու դէմ անցյալ տարուայ սեպտեմբերյան յարձակումներու ժամանակ, նաեւ 2016ի գլխատման դէպքերու եւ խաղաղ բնակիչներ սպանելու յանցանքներով, եւ վերջապէս պահանջել, հետախուզւոմ յայտարարել ոճռագործ ռամիլ սաֆարովի նկատմամբ եւ ի բացակայության դատել եւ դատապարտել այդ սրիկային։ Ալիյեւը չեմ յիշէր հոս քանի մեր վարչապետը կը բանակցի եւ կուզէ “խաղաղութեան” պայմանագիր ստորագրել այդ հայատեաց, մարդասպանին հետ։ Այդ բռնատերին հարցը ուրիշ ձեւով պէտք է լուծել։ Այդ մասին կանդրադառնամ աւելի ուշ։

Կարելի է նաեւ վաւերագրել Արցախցիներու տնտեսական կորուստները վերջին ամիսներու պաշարման եւ ապա յարձակման հետեւանքով։ Կրնայ այս կէտը դառնալ ազերիներու հետ բանակցության առարկայ եթէ Ալիեւը նմանօրինակ պահանջներ բարձրացնէ ՀՀ ի դէմ։ ՀՀ ի եւ Արցախի ՄԻՊ ը պէտք է օգնէ որ Արցախցիները անձնական դատեր բանան Ազրբէյճանի կառավարութեան դէմ նիւթական եւ ֆիզիքական հատուցման պահանջներով։

Արցախյան ճակատի վրայ պայքարը պէտք է շարունակել ամէն ձեւերով։

Ցաւալի էր տեսնել ինչպէս Արցախի ղեկավարութիւնը զենքերը կը յանձնէր եւ կը յանձնուէր։ Ճիշդ է որ հազարաւոր կեանքեր փրկուեցան այս քայլերով բայց ճիշդ չէր սուղ միջոցներով ձեռք բերուած զէնքերը յանձնել թշնամիին։ Աւելի լավ կըլլար եթէ այդ զէնքերը ոչնչացուէին կամ օգտագործուէին կարելի եղածին չափ նախքան հրադադարի հաստատումը։

Մեղադրանք ուղղուած Արցախի քաղաքական եւ զինուորական պատասխանատուներուն եւ անասնական հրճուանք՛ ի տես թշնամու կողմէ ցուցադրուող նուաստացնող վիտէօներու․․․այս մասին շատ խօսուեցաւ, արժանապատուութիւն եւ պատիւ ունեցող Հայը բնաւ չուրախանար ուրիշ Հայու մը բանտարկությամբ եւ նուաստացումով։ Այդ մարդիկը ՀԱՅ են, եւ ահագին վաստակ ունին Արցախի եւ Հայաստանի մէջ։ Թալանէր են, գողցէր են, սխալներ գործեր են,եւայլն, ատոնք երկրորդական են հիմա, ՀԱՅ են, ՀԱՅՈՒԹՅԱՆ մէկ հատուածը կը ներկայացնէին, ուրեմն պիտի ազգովին օգնենք որ դուրս գան գերութենէ ինչպէս մեր բոլոր միւս գերի զինուորները։

Հայաստանի Հանրապետության մասով․․․․

Նկատելի է տեղայնականության, հատուածականության եւ խտրանակության զգացումներու եւ մտածելակերպի արագնթաց մագլցում ՀՀ ի մէջ։ Արցախ-Հայաստան արհեստական երկուութիւնը եւ անկէ յառաջացած մասնատող եւ երկփեղիչ լոզունգները մտահոգիչ են։ Շատ մը ՀՀի քաղաքացիներու անտարբերութիւնը Արցախի պաշարումին եւ ապա հայաթափման ի տես զարմանալի չէր տեսնելով իշխանական շրջանակներու՝ տարիներէ ի վեր շարունակուող անհանդուրժող, Արցախ-Հայաստան բաժանարար գիծեր քաջալերող՝ «թայֆայական “ քաղաքականութիւնը։ Ամենավատ ներ-հայկական կռիւները տեսանք Արցախի եւ Հայաստանի համար ամենանեղ օրերուն երբ պէտք էր միասնական ճակատով դիմագրաւէինք թշնամիին յարձակումները եւ օտար “դաշնակիցներու» դաւադրութիւնները։ Այս երեւոյթը պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ Փաշինյանը եւ իր ՔՊ կուսակցութիւնը կը մնան իշխանության գլուխ։

Ուրիշ երեւոյթ մը եւս կուգայ վտանգելու հայկական միասնականութիւնը։ Այդ է փրօ-Ռուսական եւ փրօ-Արեւմտյան բեւեռներու ուրուագծումը։ ինչպէս առաջ կային յունամէտ (բիւզանդամէտ) եւ պարսկամէտ նախարարներ եւ հոսանքներ (Արշակունիներու ժամանակ), հիմա ալ կան ռուսամէտ եւ արեւմտամէտ հոսանքներ որոնք սակայն չունին յստակ ուղեգիծ եւ ծրագիր բացառությամբ փոքրաթիւ ուժերու։ Հայության մեծ մասը կը մնայ pendulum ի մէջ եւ կը ճօճուի մէկ ծայրէն (ռուսական արեւելում) միւս ծայրը առանց երբէք հաւասարակշռւոթիւնը գտնելու։ Այս պարագային եւս մօտալուտ փոփոխութիւն չակնկալուիր այնքան ատեն Փաշինյանը եւ ՔՊ ն կմնան իշխանության գլուխ։

ՀՀ էն ներս թէ դուրս, հայկական շրջանականերու բեւեռացումին թիւ մէկ պատասխանատուն կը համարեմ Փաշինյանի իշխանական շրջանակները իրենց կաղապարուած ուղերձներով, fake երով, social media ով եւ որդեգրած lexicon ով։ Պետության ղեկավարը պէտք է ըլլայ հայրենասէր եւ ազգասէր, պէտք է սիրէ իր երկրի բոլոր շրջանները, իր ժողովուրդի բոլոր հատուածները, եւ հանդուրժէ բոլորին կարծիքները։

Վերջապէս բարքերու եւ արժէքներու անկում ․․․․ ատելութիւն տարբեր տեսակէտ ունեցող մարդկանց նկատմամբ, ազատութիւններու չարաշահում,յարգանքի պակաս ամէն տեսակի հեղինակութիւններու նկատմամբ, կրօնական, քաղաքական, ազգային ու նաեւ քաղաքային, ռազմական թէ կրօնական հաստատութիւններու նկատմամբ ։ Աւանդական, ազգասէր եւ մշակութասէր ու իր ազգային աւանդներուն հաւատարիմ Հայը տեղի կուտայ գռեհիկ, հայհոյող, ատող, այլամերժ հային, որ պատրաստ է յոշոտել իր ոխերիմ թշնամի հայուն բայց անտարբեր է, զիջող եւ անջիղ մեր իսկական թշնամի թուրքի սպառնալիքին, յաթաղանին եւ մեզի հասցուած նախատինքներուն յանդէպ։

Ղեկավարության փոփոխութիւնը անհրաժեշդ է, բոլոր մակարդակներու վրայ, պետական, կուսակցական եւ ազգային։ Անհրաժեշտ են նոր ընտրութիւններ, նոր ԱԺ, նոր վարչապետ, պայմանաւորուած քօալիսիոն համախմբումի գոյացությամբ, որ պիտի կրնայ երկրի ղեկը ստանցնել եւ համախոհութիւն ստեղծէ ճակատագրական եւ առաջնահերթ հարցերու նկատմամբ, ինչպէս Արցախ, Ազրպէյճան, Թուրքիա, Ռուսիա, սահմանադրութիւն, տնտեսական անկախութիւն Չայս հարցերուն մասին կանդրադառնամ յետոյ):

Խոհեր սփիւռքի մասին ․․․

Անհատ հայը սփիւռքի հեռաւոր մէկ անկիւնը ապաստանած կը կարծէ թէ իրեն չեն վերաբերիր Հայաստանի ու Արցախի անցուդարձերը, անհոգ ու հպարտ իր ճաշասեղանի եւ քէֆերու նկարները դնելով սոցիալական ցանցերու վրայ․ “ինձմէ ետք ջրհեղէղ “ մտայնությամբ քարշ կուտայ իր գաղթական-թափառականի կյանքը, չմոռնալով իր պատկերի ֆօնին դնել նաեւ Արցախի դրօշի նկարը կամ “Յաղթելու ենք” լօզունգը յիշեցնելու եւ թերեւս ալ յիշելու որ ինք Հայու կտոր է կամ ալ «պապան» Հայ է, կամ պապիկը Հայ էր ․․․․

Այս պատճառով, բազմաթիւ անգամներ գրուած ու խօսուած է սփիւռքի գաղութները կազմակերպելու մասին առանց շատ անդրադառնալու գաղութներու մէջ հայանուն անհատներուն կամ ընտանիքներուն իրազեկելու, գիտակցական մակարդակը բարձրացնելու եւ վերջը միայն իմաստալից ու արդիւնաւէտ գործի ընդգրկելու աշխատանքի անհրաժեշտության մասին։ Ես Արցախյան ողբերգության վերջին 3 տարիներուն անդրադարձէր էի մի քանի հոգով, ընտանիքներով կամ անհատներով ինքնաբուխ եւ ապարդիւն ձեռնարկներու մասին կարգ մը գաղութներէ ներս։

Մէկ խօսքով, կազմակերպուած չենք։ Նոյնիսկ մեծ գաղութներու մէջ, կը շարժինք երբ դանակը ոսկորին հասած Է։ Բացառութիւնները յարգելի է։ Պրիւքսէլի եւ Պէյրութի հաւաքները լավ էին կազմակերպուած բայց բաւական ուշ էին։

Անդին, կարգ մը կազմակերպութիւններ լման անդամալուծուած կերեւին։

Պատմական կուսակցութիւն մը կը շարունակէ մնալ «պատմական», իր հերոսները, նահատակները, պայքարները, ցոյցերը եւ ապստամբութիւնները անցյալին կը պատկանին։ Դարձէր է hետեւորդ այս կամ այն քաղաքական ուժին (արեւելում կը փոխէ ըստ իրեն առաջնորդող ուժերուն) եւ անհաւատարիմ գտնուելով իր սկզբունքներուն եւ գաղափարախօսության, ընդմիշտ կը կորսնցնէ իր ինքնուրույնութիւնը ։

Ուրիշ պատմական եւ ազգային կուսակցութիւն մը դաշնակցելով ՀՀ ի ժողովուրդին կողմէ չսիրուած նախկին ղեկավարի մը հետ անընդհատ կը քարկոծուի ՀՀ ի մէջ։ Աշխարհաքաղաքական նկատումներով կաշկանդուած ըլլալով եւ սխալ դաշնակիցներու (ըստ իս) պատճառով, իր յեղափոխական սկզբունքներէն շեղելու նշաններ ցույց կուտայ։

Սփիւռքի մէջ, կը սպասէի աւելի կիրք, աւելի պայքար, աւելի նախանձախնդրութիւն եւ մինչեւ վերջ երթալու վճռականութիւն։ Յեղափոխական, ազգային-ազատագրական կազմակերպութիւններ էիք, կամ այդպէս կը դաւանէիք, ըստ այնմ ալ աշխատէիք։Արցախի դատը լաւագոյն առիթն էր, գործելու, պայքարելու եւ նաեւ կռուելու (ինչ որ մէկդ ըրաւ սահմանափակ կերպով կամավորներու միջոցավ): Ով՞ պիտի խանգարէր, «մեծ խաղաղասէր- դիւանագէտը՞», դուրս շպրտէիք այդ ապազգային տարրին։ Մենք երբ՞ պիտի պայքարինք, Արցախը կորսնցուցինք արդէն, Հայաստանն ալ կորսնցնենք վերջը ցոյցեր ընենք՞։

Աւելի թափանցիկ ըլլալու համար ըսեմ, ունինք հստակ թիրախ, ստոր եւ հայատեաց թշնամի մը, յանձինս Իլհամ Ալիեւի։ Ան մեզի կատէ, կը սպառնայ, մեր զինուորները կը սպաննէ եւ կը գերեվարէ, մեր հողերը կը գրավէ, զենքերն ու ղեկավարները առնելով Բաքու կերթայ հաղթական։ Ճիշդ հին օրերու բռնապետներուն նման, աւարը առնելով հետը կը տանի, այսինքն, զէնքեր, ոսկի, գերիներ եւ անծայրածիր հողեր։

Պիտի լռենք՞, համակերպինք՞, պիտի դատարան երթանք՞ պիտի յուզիչ երգեր եւ վիտէօներ շինենք, թէ այս նոր օրերու Լենկ Թիմուրին հետ խաղաղութիւն կնքենք՞։

Սարգիս Յարալեան

 

Related to category Politics

Related to subcategory Armenia

Comment on Facebook

Comment on Disqus