
Հնչակեան հերոսներ - Միհրան Աղազարեան - Միհրան Գացեան - Զէյթունի ապստամբութիւնը վարող զօրապետներ
ՄԻՀՐԱՆ ԳԱՑԵԱՆ - Հնչակեան հերոսներ ֆետայիններ - Հայ ազատագրական պայքար
Մեծանուն գործիչ ընկ.Մ.Գայեանը եղաւ գլխաւոր զօրավիգներէս մին Կիլիկիան կազմակերպելու գործին մէջ եւ յետագային ալ Զէյթունի ապստամբութիւնը վարող զօրապետներէն մէկը։ Եթէ հետս եւրոպա հասած լիներ, անկասկած աւելի մեծ անուն ու դիրք պիտի ունենար, քան մնացած ընկերներս։ Այսօր իսկ Հաճընի անկախութեան կռիւները մղող հերոսապետերու փորձառու ուղեղն ու հոգին է։
ԱՂԱՍԻ
ՄԻՀՐԱՆ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
(ՄԻԹՐԱ)
1893_1933
Ծնած է Զէյթունի Ալպիստան գիւղը։
Կանուխէն կը կորսնցնէ հայրը։
1904_ին, ուսման նպատակով կ`երթայ Զէյթուն։ 1909_ին, Զեյթունի վարժարանը աւարտելէ ետք, կ`երթայ Պոլիս` Ազգային Կեդրոնական վարժարան։
1910_ին, կը մտնէ Ս.Դ.Հնչակեան կուսակցութեան շարքերը, կ'անդամակցի《կայծ》Ուսանողական Միութեան։ Կ'աշխատակցի《Կայծ》ամսաթերթին։
Աւարտելէ ետք ,Կեդրոնականը, կը վերադառնայ Ալպիստան եւ կը զբաղի ուսուցչութեամբ։ Ս.Դ.Հ.Կ Տաճկաստանի Գ. Պատգամաւորական ժողովին (Յուլիս,1914), պատգամաւոր կ'ընտրուի Զէյթունի շրջանէն։
Մեծ եղեռնի ընթացքին կ'աքսորուի Տէր Զօր։
Դժուար պայմաններու տակ, խումբ մը ազգայիններով կը կազմէ《Գաղթականաց Յանձնախումբ》մը եւ կը զբաղի գաղթականներուն կարիքները հոգալով։ Տէր Զօրի մօտ, Ջէլէպի խանին մէջ,կը հիմնադրէ առաջին որբանոցներէն մէկը։
Կիլիկեցիներու ընդհանուր տունդարձին, կը վերադառնայ Մարաշ, կը մասնակցի Մարաշի ինքնապաշտպանութեան եւ կը վիրաւորուի։ 1921_ին կը տեղափոխուի Հալէպ։ Կը գործակցի Սարգիս Տխրունիին հետ։ Կ'աշխատակցի《Սուրիական Մամուլ》ին։ Կը տեղափոխուի Պէյրութ։ Ուսուցչութիւնը կ'ընէ Ս.Խաչ եկեղեցւոյ դպրոցին մէջ։Որպէս 《անբաղձալի տարր》կը հեռացուի դպրոցէն։ Աղազարեան անտեսելով իր դէմ ուղղուած ամէն ձեւի հալածանք, կը սաստկացնէ իր քաղաքական գործունէութիւնը։ 1926_ին տեղի կ'ունենան Ազգային Գաւառական ժողովի ընտրութիւնները, որոնք կ'անցնին բուռն պայքարի եւ զեղծարարութիւններով լի մթնոլորտի մը մէջ։ Աղազարեան կ'ընտրուի Ազգային երեսփոխան Սայտայի շրջանէն։ 1926_ին, կը հրատարակէ 《Սիսի վերջին Աթոռակալը եւ Մեղապարտ գաւառականը》եւ《ի°նչպէս կը գողանան գիրքերը։ 16 Սեպտեմբեր 1926_ին,Գաւառական ժողովի նիստի աւարտին, մահակներով զինուած խումբի մը կողմէ յարձակման կ'ենթարկուի ու կը խոշտանգուի։ Շատ չանցնիր , Աղազարեան զոհ կը դառնայ զրպարտութեան։ Կը ձերբակալուի եւ տասը ամիս կալանատան մէջ մնալէ ետք կ'առաջնորդուի դատարան։դատարանը, յարուցուած ամբաստանութեան մէջ զայն մեղաւոր չի գտներ։ բայց...կը դատապարտէ բանտարկութեան։
15 Յունուար 1927_ին, բանտէն`Գ Թահմազեանին ուղղուած նամակին մէջ ան կը գրէ.《գիտցիր,թէ բանտն ու հալածանքը, կախաղանի ու մահուան սպառնալիքը չեն կրնար զիս զսպել եւ ոչ ալ ընկճել գաղափարական պայքրի առաջ》։
Բանտային հիւանդանոցին մէջ Մ.Աղազարեան կ'ենթարկուի ոճրափորձի`թունաւորման միջոցով։
Մ.Աղազարեան, իր ընտանիքով կ'աքսորուի Թրիփոլի։ Այնտեղ կ`ենթարկուի եկրորդ ոճրափորձի մը ։Իշխանութիւնները,Աղազարեանի աքսորավայրը կը տեղափոխեն Պէյթ էտ_Տին։ Այնտեղ,ծրագրուած երրորդ ոճրափորձ մը ,Աղազարեանի գաղափարակիցներուն կողմէ կը քօղազերծուի եւ յանցամիտը կը ձերբակալուի։ 12 Հոկտեմբեր 1933_ին որոշուած էր սկսիլ 《Արարատ》Օրաթերթի հրատարակումը ,Մ Աղազարեանի խմբագրապետութեամբ։ Այդ երանելի օրը Աղազարեանի ընկերներուն համար կը դառնայ պատմական յուշ։ Հրատարակման նախորդող գիշերը`11 Հոկտեմբեր 1933_ին , Եղբայրասպան գնդակը իր չորրորդ փորձին մէջ կը յաջողի զզետնել ժողովրդային խիզախ առաջնորդին։ Աղազարեան Ջերմ հաւատացող մը եղած է Հայաստանի վերածնունդին։ եղած է Ֆրանսական գաղութատիրութեան դէմ առաջին պայքարողներէն։
Թաղուած է իր գաղափարակից_ բախտակից Ս.Տխրունիի կողքին։
Միհրան Աղազարեան - Ս.Դ.Հնչակեան կուսակցութիւն - Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւն - Ս.Դ.Հ.Կ Տաճկաստան
Երբ Աղազարեան բանտէն արձակուեցաւ, դարձեալ սկսաւ կատաղի պայքարի։ Գործ_բան ձգած, կայնեցաւ պատնէշի վրայ։
Անձնական շատ լաւ գործ ունէր, նաւային ընկերութեան մը ներկայացուցիչն էր։ Աղազարեան անտեսեց հանգիստ եւ ընկերային ու ընտանեկան կեանք եւ կարծէք մեր ազգային կեանքի բոլոր ծուռութիւնները ինք պիտի ուղղէր, պայքարեցաւ գրիչով եւ խօսքով, մամուլի էջերէն ու բեմերէն։
ՍԻՍԱԿ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ