
Վարչապետ Փաշինենաին Հրաժարալելու պահանջքները կը բազմանան ու կընդարձակուին
Լիբանանահայ Քաղաքական Ակթիվիստ Ժագ Հակոբեան իր ֆայբուկին էջին վրայ կը գրէ
Կը տեղեկանամ, որ Հայաստանի իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան մէջ ինչ որ խեղկատակութիւն-շոու մը սկսած է: Խունթայի պարագլուխը որոշ նախարարներու, բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ պատգամաւորներու «Ուաթսափ»-ով նամակներ գրած է (նոյն եւ անփոփոխ անմակարդակ գործելաձեւը) եւ անոնցմէ պահանջած է հրաժարական ներկայացնել, անոնք ալ ետեւ-ետեւի հլու հնազանդ ընդառաջած են:
Այս խեղկատակութիւն-շոուն պէտք չէ խաթարէ զգօնութիւնը եւ գիտակցութիւնը, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն բուն հարցը գլուխէն հոտիլն է, հետեւաբար Փաշինեանը ի՛նք պէտք է հրաժարական տայ եւ պէտք է կազմուի ժամանակաւոր փրկութեան կառավարութիւն, որուն նպատակը ըլլայ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպել առանց Փաշինեան անձի մասնակցութեան: