ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՄԻՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ Ընկեր ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ  ՕՐՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՄԻՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ Ընկեր ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
shadow
Լիբանանի անկախութենէն միայն խորհրդանիշ մը մնացած է այսօր, մասնատուած, պառակտեալ, ազատազուրկ եւ անօրէն երկրին մէջ, ուր անկախութիւնը երազ, տենչ ու յետին յոյս է այլեւս, հրապուրիչ եւ անդիմադրելի սակայն, որուն կը ձգտին բոլոր բնակիչները պետութեան, գէթ բացարձակ մեծամասնութիւնը ժողովուրդին, զայն կորսնցնելէ ետք, կամ պատճառ ըլլալէ ետք անոր կորուստին, իրենց եսակեդրոն ու շահատենչ նկարագրով որ, ինչ անխոհեմութի՜ւն, հատուածականին սիրոյն ընդհանրականը կը զոհէ:

Ընկեր Ահարոն Շխրտմեան Aharon Shekerdemian Writes on facebook 

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝

ՄԻՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Լիբանանի անկախութենէն միայն խորհրդանիշ մը մնացած է այսօր, մասնատուած, պառակտեալ, ազատազուրկ եւ անօրէն երկրին մէջ, ուր անկախութիւնը երազ, տենչ ու յետին յոյս է այլեւս, հրապուրիչ եւ անդիմադրելի սակայն, որուն կը ձգտին բոլոր բնակիչները պետութեան, գէթ բացարձակ մեծամասնութիւնը ժողովուրդին, զայն կորսնցնելէ ետք, կամ պատճառ ըլլալէ ետք անոր կորուստին, իրենց եսակեդրոն ու շահատենչ նկարագրով որ, ինչ անխոհեմութի՜ւն, հատուածականին սիրոյն ընդհանրականը կը զոհէ:

Ի զո՜ւր լիբանանցիք ներկայիս կը ձգտին վերատիրանալ իրենց անկախութեան, երբ իրենք եղած են առաջինը անոր յարգը չգիտցող, իրենց անմիաբանութեամբ, արդար ու միատարր կեանք մը բոլորելու անկարողութեամբ եւ չվարանելով, մինչեւ իսկ, օտարի միջամտութիւնը հայցելու, որ սեփական մենաշնորհները պահեն ի վնաս իրենց հայրենակիցին:

Ուրիշին ապաւինելով ինքզինք, իր մենատիրական յաւակնութիւնները իր հայրենակիցին պարտադրելու մոլուցքը սանձազերծ, ահա՝ թէ ուր հասցուց չքնաղ այս երկիրը ե՛ւ յաւակնորդն եւ իր զոհը միաժամանակ, բարգաւաճ ու գեղեցիկ Լիբանանը մատնելով կրակի, մոխիրի ու արիւնի, հողամասը դարձնելով ձիարձակարանի օտար արշաւներու առջեւ, որ տրորեն հողը եւ զայն սեպեն որսադաշտ անձեռնմխելի:

Անկախութեան տէր կենալը զայն նուաճելէն աւելի դժուար է յաճախ: Լիբանանցիներուն պակսեցաւ իմաստութիւնը 1943-ին ձեռքբերուած անկախութիւնը արդար օրէնքներու պատուանդանին վրայ խարսխելու: Գաղութարարէն ժառանգուած սահմանադրութիւնը յապաղիչ ռումբ մըն էր նոյն երկրին զաւակներուն միջեւ անհաւասարութիւն, խտիր ու գժտութիւն սերմանող իր յօդուածներով: Նոյն տէրութեան քաղաքացիները միասնացնելով անոնց խաղաղ ու համերաշխ կեցութեան շնորհելու փոխարէն, այդ ախտաւոր սահմանադրութիւնը բաժանում եւ ոխ խորացուց ժողովուրդին տարբեր հատուածներուն միջեւ: Համայնքները հակադրեց իրարու: Ի վերջոյ պայթելով ամէն ինչ տակն ու վրայ ընելու համար:

Լիբանանը իր ներկայ վիճակը ողբերգութիւն մըն է: Երբ այդ դաւադիր ռումբը վնասազերծելը, նոյն հայրենիքի զաւակներուն միջեւ հաւասարութիւն հաստատող օրէնսդրութեամբ ապրելու հնարաւորութիւն ընծայող կարգ հաստատելը, անկախ Լիբանանի ղեկավարներուն առաջին պարտականութիւնը պիտի ըլլար:

Ահաւոր սխալը մեր նախորդներուն մեզ ներկայի ճգնաժամին հասցուց, առիթ տալով օտարներուն, որոնք շտապեցին օգտուելու լիբանանցիին անխոհեմ ընթացքէն: Մեզի պարտադրուեցաւ կեցութիւն մը, որմէ չենք կրնար ձերբազատուիլ: Եւ մենք տակաւին կը մեղադրենք ուրիշը, եկուորը, մեր ներկայի տխուր վիճակին համար: Մինչդեռ առաջին մեղաւորը լիբանանցին է, որ իր կատարած սխալը դարմանելու փոխարէն այլ սխալ ընթացքի մէջ է արդէն: Անցեալը բաւարար դաս եղած չըլլար կարծես:

Ի՜նչ անկախութեան մասին է խօսքը, երբ հայրենիքին ու լիբանանցիին ինքնութեան գոյութիւնն է որ վտանգուած է այսօր: Առանց պետութեան, ինքնուրոյն սահմաններով երկրի ու ժողովուրդի, համախումբ կեանքի, չի կրնար գոյութիւն ունենալ անկախութիւն: Ամէն քայլ կը սկսի ժողովուրդի եւ պետութեան միութեան պահպանումով, ազգային համագործակցութեամբ, գոյացնելով կեդրոնական իշխանութիւն, որ իր հակակշիռը աստիճանաբար տարածէ ազգային հողամասին ամբողջութեանը վրայ, միաւորուած բանակի մը ուժով: Կեանքի կոչելով պետական անգոյ եւ «խանութ»ի վերածուած հաստատութիւնները, որ գործեն մէկ դրօշի եւ կառավարութեան մը ներքեւ: Մէկ եւ ամբողջական պետութեան, պետկանութեան, ժողովուրդի եւ քաղաքացիութեան վարկ եւ հեղինակութիւն ցուցադրելով միջազգային ընտանիքին:

Այստեղէն կը սկսի անկախութեան վերակառուցումը եւ ոչ թէ երկիրը աւելի մասնատելով, նոր ճեղք գոյացնելով ոչ միայն լիբանանցիներու ընդհանրութեան, այլեւ մինչեւ երէկ միասնական նկատուող համայնքներէն ներս, կամ մղելով, որ լիբանանցիները նոր ճակատ բանան իրարու դէմ: Լիբանանի հանդէպ որղորմածներն անգամ սկսած են զզուիլ իրմէ, ցուցադրուող կամակոր եւ պնդաճակատ վերաբերումներէն, որոնք ինքնասպանութեան պիտի մղեն երկիրը: Շողշողուն լոզունգներ օդին նետելով բան չի շահուիր: Ի՜նչ օգուտ կանխահաս յաւակնութիւններ սնուցանելէ, երբ զանոնք գործադրելու չենք ընդհանրապէս:

Միութիւն, համակեցութիւն եւ վերականգնում- ահա՛ միակ եւ ճշգրիտ ուղին, որ Լիբանանը քայլ առ քայլ իրաւ անկախութեան պիտի տանի, իր ազգային ու պետական կեանքի վերակենդանացումով: Սրբագրելով անցեալի սխալները, զանոնք չկրկնելու պայմանա՛ւ: Որդեգրելով սահմանադրութիւն մը, որ լիբանանցիներու արդար համակեցութեան վրայ կերտէ ճշմարիտ գերիշխանութիւն, անկախութիւն, որ չըլլայ շպար ու ձեւ, ինչպէս եղած է ցարդ:

Ցաւալի բայց իրաւ...ե՞րբ իսկապէս անկախ եւ գերիշխան եղած է Լիբանան:

Related to category Politics

Related to subcategory Lebanon

Comment on Facebook

Comment on Disqus