Ընկեր Ահարոն ՇԽրտմեան Խնդռին արմատը կը տեսնէ հետեվեալը "Հեղինակաւոր ազգային-պետական ղեկավարութեան մը բացակայութիւն"

Ընկեր Ահարոն ՇԽրտմեան Խնդռին արմատը կը տեսնէ հետեվեալը "Հեղինակաւոր ազգային-պետական ղեկավարութեան մը  բացակայութիւն"
shadow
Հեղինակաւոր ազգային-պետական ղեկավարութեան մը բացակայութիւնն է հաւանաբար, որ մեր ժողովուրդը կ՛ապակողմնորոշէ այսօր, կը սրէ հակասութիւն, քէն ու այլամերժութիւն անոր մէջ: Շարժառիթ կը ծառայէ քաղաքացիական ընդհարումի: Պարարտ հող կը դառնայ օտար կասկածելի ու վտանգաւոր թափանցումներու համար: Դուռը լայն կը բանայ անոնց առջեւ:Ազգային առողջ, իրապաշտ ու հեռատես քաղականութիւն մը մեր ժողովուրդը պիտի խնայէր ներկայ խառնաշփոթ,ծփուն, որոշակի հեռանկարէ զուրկ այս վիճակէն:

ՍՊԱՍԵ՞ՆՔ ՏԱԿԱՒԻՆ  ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Writes on Facebook

2024-ը պատմական եւ անկիւնադարձային թուական մը պիտի մնայ երկրագունդի տարեգրութեան մէջ:

Միջազգային քաղաքական կենսոլորտին անսովոր ապականումը վտանգալից իրադրութեան մէջ մխրճած է մեր աշխարհը: Մտահոգիչ այս մագլցումը հետեւանք է միջազգային փոխյարաբերութիւններու արտասովոր լարուածութեան, վճռորոշ հարցերու հանդէպ մարդկային նկարագիրի նուազագոյն առանձնայատկութիւններու, գիտակցական մակարդակի սնանկութեան:

Ճգնաժամային այս կացութեան մէջ, մեր ժողովուրդին համար կենսական հարցը հետեւեալն է.- Հայաստանի հանրապետութիւնը պիտի կրնա՞յ ճիշդ կողմնորոշուիլ ներկայ անբարենպաստ եւ միաժամանակ վտանգալից դրութեան մէջ: Ան պիտի որդեգրէ՞ ազգային ներքին եւ արտաքին խոհեմ, կշռադատ ու հեռատես քաղաքականութիւն մը որ մեզ, փուլ առ փուլ հասցնէ մեր համընդհանուր նպատակին: Այլ խօսքով՝ ինքնիշխան, բարգաւաճ եւ ընկերայնօրէն արդար Հայաստանի մը կերտումին, որ համայն հայութեան անփոխարինելի եւ անզիջում հեռանկարն է, դարեր շարունակ փայփայուած:

Հայ ժողովուրդը, Հայաստան եւ Սփիւռք, ի վիճակի՞ է իրմէ ակնկալուածը տալու, ազգային-քաղաքական, հոգեմտաւոր ու տնտեսական մարզերէ ներս: Կրնա՞նք անցեալի փորձն ու կուտակուած դասերը վերասերտելով, նաւարկել մեր ժողովուրդին թշնամի եւ մրցակից ուժերուն կողմէ ցցուած խութերուն մէջէն,:

Պատասխանը դրական եւ գոհացուցիչ չէ դժբախտաբար:Պիտի հաստատենք այս մէկը:

Մեր ժողովուրդը այսօր իր ամբողջութեամբ, կը ներկայացնէ տխուր, վհատեցուցիչ վիճակ մը: Անմիաբան ու իրերամերժ,աւելի երկփեղկուած քան Պաղ պատերազմի տարիները: Այս ճակատագրական օրերուն առաւելագոյն չափով միատարր ու կեդրոնաձիգ ըլլալ կ՛ակնկալուէր բոլորէն: Այս ափսոսալի իրադրութեան մէջ իբր ցուցանիշ կըներկայանայ, ի՜նչ հեգնանք՝ Հայաստանը: Մինչդեռ ան սահմանուած է ըլլալու այն վէմը, որուն վրայ հայութիւնը իր միութիւնը պիտի վկայէ: Յատկապէս այ՛ս ճգնաժամային օրերուն:

Պատճա՞ռը, ազգային խելամիտ ուղղութեան, քաղաքականութեան եւ գործելակերպի բացակայութիւնն է: Այս իրողութիւնը մեր ժողովուրդը կը պահէ գրեթէ շուար, մոլորուն, գիտակցութիւնը կորսնցուցած, խարխափողի վիճակին մէջ: Հեղինակաւոր ազգային-պետական ղեկավարութեան մը բացակայութիւնն է հաւանաբար, որ մեր ժողովուրդը կ՛ապակողմնորոշէ այսօր, կը սրէ հակասութիւն, քէն ու այլամերժութիւն անոր մէջ: Շարժառիթ կը ծառայէ քաղաքացիական ընդհարումի: Պարարտ հող կը դառնայ օտար կասկածելի ու վտանգաւոր թափանցումներու համար: Դուռը լայն կը բանայ անոնց առջեւ: Բարեգործութեան ազատութիւններու դիմակի ու պատրոակի տակ յաճախ:

Ազգային առողջ, իրապաշտ ու հեռատես քաղականութիւն մը մեր ժողովուրդը պիտի խնայէր ներկայ խառնաշփոթ, ծփուն, որոշակի հեռանկարէ զուրկ այս վիճակէն: Եթէ միայն պարզ ու անժխտելի դառնար, որ անցնող հարիւրամեակին մեր ժողովուրդը ի հեճուկս բազմաթիւ սխալներու ու անիրաւութեանց վաստակ մը կերտած է հայրենիքի մէջ, որ հպարտութիւն կը ներշնչէ իւրաքանչիւր հայու: Եթէ կարենայինք մեզմէ վանել հիւանդագին ամէն ծայրայեղութիւն, ոչնչապաշտութիւն, որ կը ժխտէ մեր դարաւոր անցեալը, վնասակար եւ անընդունելի կը նկատէ ինչ որ երկնուած է հայու քրտինքով, բազուկով ու իմացականութեամբ, հերոսական ճգնումով յատկապէս: Եւ վերջապէս, մենք կրնայինք խուսափիլ ներկայի պատահածին նման աննախանձելի դրութեան մը ստեղծումէն Հայաստանի մէջ եթէ, աննախապաշար դատումով ու անկեղծ նախանձախնդրութեամբ լեցուն, անցեալէն ժառանգած լաւը պահէինք, զայն դարձնելով մեզի հիմք, որդեգրէինք վերանայուած վարքագիծ, ընդունէինք սրբագրուած քաղաքականութիւն, խոհեմ գործընթաց, որ գէթ մեր ունեցածին գոյութիւնը պիտի ապահովէր:

Անծրագիր, կշռադատումէ զուրկ, շտապողական ու յոխորտալից գործընթացն էր, որ մեր ժողովուրդը տխուր հետեւանքի հասցուց արցախեան պահանջատիրութեան մէջ, ուր երէկի երդուեալ պնդաճակատները (Արցախը Հայաստան է եւ վե'րջ) փոխզիջողութիւն կը մուրան այսօր: Առանց ողորմածներ գտնելու իրենց դիմաց...:

Հայ ժողովուրդը հեռաւոր Սփիւռքէն մինչեւ Հայաստան առաւելագոյն միատարրութեան կը կարօտի այսօր: Աւարտող տարուան ընթացքին տարակարծութիւն, վէճ, հակոտնեայ կեցուածք, սկզբունքային անհաշտ բեւեռներ յայտնուեցան եւ տակաւ կը խորանան իրմէ ներս: Ներքնապէս անմիաբան, բազմագլուխ,, յաճախ ալ հակադիր նախաձեռնութիւններով իրար խաչաձեւող հայ ժողոովւրդը դասեր պարտի քաղել արցախեան ձախողութենէն: Անմիաբանութեան վնասը եռապատիկ պիտի կշռէ մեր վրայ, քան ինչ որ կը կատարենք ներկայիս, իրարմէ անջատ ու մեկուսի, հայ ժողովուրդի ու հայրենի պետութեան յառաջդիմութեան անունով:

Շատ բան կախեալ է Հայաստանի ներկայ իշխանութեանց կողմէ Սփիւռքին եւ յատկապէս անոր քաղաքական կառոյցներուն վերապահուած դերէն, հայրենի պետականութեան ընդհանուր քաղաքականութեան ճշդումին մէջ: Հայութիւն եւ Հայաստան մէկ են եւ անբաժան: Մենք մեր մասնակցութիւնը բերած ենք եւ տակաւին պիտի ունենանք մեր ժողովուրդի պատմական բախտի վճռումին մէջ, ամբողջակա՛ն մասնակցութեամբ: Ո՛չ ոք այդ իրաւունքը կրնայ զլանալ տալու մեզի:

Ուշացած ենք արդէն որդեգրելու համահայկական քաղաքականութիւն մը, տեսակ մը Ազգային ուխտ, որ ցոլացնէ մեր ժողովուրդին սկզբունքային միահամուռ կեցուածքը Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքական ապագային, վարչաձեւին, տնտեսա-ընկերային կառոյցին, Հայ դատին ու Սփիւռք- հայրենիք կապերու բնոյթին շուրջ:

Մենք մեզ չօրօրենք հռչակագիրներու, համաձայնագիրերու թեւերուն վրայ ընկողմանած: Մեր ժողովուրդը ենթարկելով նոր յուսախաբութիւններու: Անցնող տարիներէն աւելի ծանր...: Վհատութեան նախանշանները նկատելի են արդէն, թէ՛ հայրենաբնակ , թէ՛ արտերկրի հայութեան մէջ: Ափ մը ժողովուրդ, իր մասնիկի վերածուած հայրենիքով, բռնցքանալու փոխարէն ինքզինք տակաւ ուժասպառ կը դարձնէ: Տակաւին չի տեսներ իր գոյութեան դէմ լուռ եւ յամառ պատրաստութիւնները: Հայաստանի հանրապետութեան բոլորտիքը կատարուող, զինք ջնջելու վաղեմի ծրագիրները:

Սպասե՞նք տակաւին....: 2025-ի պիտի սթափեցնէ՞ մեզ եւ հայ ժողովուրդը համախմբէ մէ՛կ, իրատես, գործնապաշտ քաղաքականութեան մը ուղիին վրայ:

Related to category Politics

Related to subcategory Armenia

Comment on Facebook

Comment on Disqus