"ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԱՐԴԸ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս" Սեվակ Հակոբեան

"ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԱՐԴԸ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս" Սեվակ  Հակոբեան
shadow
«Հայրենիքին պարտական ենք ամէնքս ալ միշտ:
Հայրենիքը միշտ իրաւացի է՝ սկիզբ եւ ինքնութիւն պարգեւող իր զօրութեամբ, իր զաւակները միացնող խորհուրդով:
Հայրենիքին առջեւ զինաթափ ենք բոլորս»:

Գարեգին Բ. Վեհափառ

Sevag K. Hagopian

ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԱՐԴԸ
Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ.
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

«Հայրենիքին պարտական ենք ամէնքս ալ միշտ:
Հայրենիքը միշտ իրաւացի է՝ սկիզբ եւ ինքնութիւն պարգեւող իր զօրութեամբ, իր զաւակները միացնող խորհուրդով:
Հայրենիքին առջեւ զինաթափ ենք բոլորս»:

Գարեգին Բ. Վեհափառ

Աննախընթաց եւ ահաւոր ճնշումի տակ գտնուիլ եւ չյանձնուիլ, վայել է միայն Մեծութիւններու:
Գարեգին Բ. Վեհափառին անզիջող և անկոտրում կամքին շնորհիւ Նոր Տարին կը դիմաւորենք անսասան եւ աւելի զօրացած Եկեղեցիով։
Հակառակ իր դէմ ցցուած ահեղ յորձանուտին, Վեհափառ Հայրապետը դիմակալեց ու տակաւին կը շարունակէ դիմակալել զայն, Վեհ պահելով մեր ազգին Սուրբ հաւատքն ու պատիւը, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիի Մայր Աթոռը, մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգիներուն մէջ վառ պահելով Արցախը, ինչպէս նաեւ մեր դարաւոր ժողովուրդին անժամանցելի դատը, իր Աստուածահաճոյ խոնարհութեամբ եւ Աստուծատուր իմաստութեամբ։
Առողջութիւն, արեւշատութիւն ու ծով համբերութիւն Վեհափառ Հօրը, քաղբանտարկեալ Սրբազաններուն, Մայր Աթոռին հաւատարիմ անկոտրում հոգեւորականներուն եւ Հայրենիքն ու Մայր Եկեղեցին ամուր եւ անսասան պահելու պայքարին նուիրուած մեր հայրենակիցներուն։
Ազատութիւն մեր երկրին եւ Հայրենիքին նուիրեալ մեր բոլոր քաղբանտարկեալներուն։
Առա՜ջ Աստուած։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին/ Mother See of Holy Etchmiadzin 

Related to category Politics

Related to subcategory Armenia

Comment on Facebook

Comment on Disqus