«ԱՐՑԱԽԸ ԵՂԵ՛Ր Է, ԱՐՑԱԽԸ ԿԱ՛ ԵՒ ԱՐՑԱԽԸ ՊԻՏԻ ՄՆԱ՛» ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

«ԱՐՑԱԽԸ  ԵՂԵ՛Ր Է, ԱՐՑԱԽԸ ԿԱ՛  ԵՒ ԱՐՑԱԽԸ ՊԻՏԻ  ՄՆԱ՛»  ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
shadow
Այս բառերը չհնչեցին Երեւանի հրապարակին վրայ։ Չհնչեցին Լոս Անճելըսի բազմամարդ սրահներուն մէջ, ո՛չ ալ Փարիզի կամ Մոսկուայի քաղաքական ատեաններուն մէջ։ Անոնք հնչեցին Պաքուի դատարանին մէջ: Այն վայրին մէջ, ուր մեղադրեալ աթոռին վրայ նստած էր ոչ միայն մարդ մը, այլ գաղափար մը, յիշողութիւն մը, ազգային արժանապատուութիւն մը։

Aharon Shekerdemian

 

«ԱՐՑԱԽԸ ԵՂԵ՛Ր Է, ԱՐՑԱԽԸ ԿԱ՛ ԵՒ ԱՐՑԱԽԸ ՊԻՏԻ ՄՆԱ՛»

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Այս բառերը չհնչեցին Երեւանի հրապարակին վրայ։ Չհնչեցին Լոս Անճելըսի բազմամարդ սրահներուն մէջ, ո՛չ ալ Փարիզի կամ Մոսկուայի քաղաքական ատեաններուն մէջ։ Անոնք հնչեցին Պաքուի դատարանին մէջ: Այն վայրին մէջ, ուր մեղադրեալ աթոռին վրայ նստած էր ոչ միայն մարդ մը, այլ գաղափար մը, յիշողութիւն մը, ազգային արժանապատուութիւն մը։

Երբ շատեր լռեցին, ան խօսեցաւ։

Երբ շատեր խուսափեցան «Արցախ» բառէն, ան՝ բարձրաձայնեց։

Երբ պետական բեմերը դատարկուեցան յիշողութենէն, Պաքուի դատական սրահը դարձաւ հայոց խիղճի հարթակ։

Այսօր մենք կ՛ապրինք այնպիսի օրեր, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները կը խուսափին Արցախ անունը արտասանելէ, երբ նահատակներու շիրիմներուն առջեւ ծաղկեպսակ անգամ չեն զետեղեր, երբ պետական բառապաշարէն կը ջնջուի այն հողին անունը, որ սրբագործուեցաւ հազարաւոր հայորդիներու արեամբ։ Բայց արդարութեան ձայնը անմար է: Երբ պաշտօնական հարթակները կը լռեն, ճշմարտութիւնը կը հնչէ անսպասելի վայրերէ։

Պաքուի դատարանին մէջ հնչած այդ մէկ նախադասութիւնը աւելի ծանրակշիռ էր, քան տասնեակ դիւանագիտական յայտարարութիւններ։ Քաղաքական հնարք չէր։ Պաշտպանական ճառ չէր։ Ինքնութեան հռչակագիր էր։

Արցախը՝ եղե՛ր է, որովհետեւ ան պատմութիւն է, մշակոյթ է,վանք է, խաչքար է, լեզու է, յուշ է։

Արցախը կա՛, որովհետեւ ան մեր գիտակցութեան մէջ է, մեր աղօթքին մէջ է, մեր նահատակներու արեան մէջ է։

Արցախը պիտի մնա՛, որովհետեւ ազգ մը չի մեռնիր իր հողին հետ միասին, եթէ ան շարունակէ հաւատալ իր առաքելութեան եւ պատմական ճշմարտութեան։

Ռուբէն Վարդանեանի խիզախութիւնը սովորական անհատական արիութիւն չէր։ Անիկա բարոյական հակադրութիւն էր քաղաքական այն երկչոտութեան, որ կը փորձէ ըստ օրուան պայմաններուն վերաշարադրել հայ ժողովուրդին պատմութիւնը։ Այ՛ո դժբախտաբար ոմանք կը շտապեն մոռնալ, երբ ուրիշներ իրենց ազատութիւնն իսկ կը վտանգեն՝ որպէսզի յիշեցնեն։

Պաքուի դատարանը մարդ մը կ՛ուզէ դատել։

Բայց այդ օր դատուեցաւ նաեւ մեր ժամանակի խիղճը։

Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ՝ այն տարիներուն, երբ լռութիւն կը տիրէր պետական բարձր ատեաններու մէջ, ճշմարտութիւնը թշնամիին մայրաքաղաքէն հնչեց ։

Արցախը քարտէսի վրայ միայն տարածք չէ։

Արցախը փորձաքար է՝ մեր հաւատքին, մեր արժանապատուութեան, մեր ազգային հետեւողականութեան։

Երբ այսօր ալ կան մարդիկ, որոնք կը համարձակին Պաքուի մէջ ըսել՝ «Արցախը եղե՛ր է, Արցախը կա՛ եւ Արցախը պիտի մնա՛», բաւարար է համազուելու, որ այդ բառերը արդէն իսկ ապագայի սերմեր են։

Որովհետեւ հողը կարելի է բռնագրաւել։

Բայց պատմութիւնը՝ ոչ։

Բայց յիշողութիւնը՝ ոչ։

Բայց ճշմարտութիւնը՝ ոչ։

Related to category Politics

Related to subcategory Armenia

Comment on Facebook

Comment on Disqus