ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ,Ե՞րբ պիտի ունենանք մեր ազգային գաղափարախօսութիւնը

ԱԶԳԱՅԻՆ  ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ՝  ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ,Ե՞րբ պիտի ունենանք մեր ազգային գաղափարախօսութիւնը
shadow
Ազգային գաղափարախօսութիւնը ժողովուրդի մը պետական մտածողութիւնը ձեւաւորող եւ ազգային ընթացքը կողմնորոշող պատուարն է: Ան կ՛ընդելուզէ ժողովուրդին անցեալը, ներկան ու ապագան, կը ձեւաւորէ ազգային շահերու ըմբռնումը ու կ՛ուղղորդէ պետական որոշումները։ Ազգային գաղափարախօսութիւնը ոչ միայն քաղաքական ծրագիր է, ոչ միայն տեսութիւն, այլ՝ հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ինքնութեան խտացումն է

Aharon Shekerdemian

ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ- ՊԱՅՔԱՐ 462

Ազգային գաղափարախօսութիւնը ժողովուրդի մը պետական մտածողութիւնը ձեւաւորող եւ ազգային ընթացքը կողմնորոշող պատուարն է: Ան կ՛ընդելուզէ ժողովուրդին անցեալը, ներկան ու ապագան, կը ձեւաւորէ ազգային շահերու ըմբռնումը ու կ՛ուղղորդէ պետական որոշումները։ Ազգային գաղափարախօսութիւնը ոչ միայն քաղաքական ծրագիր է, ոչ միայն տեսութիւն, այլ՝ հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ինքնութեան խտացումն է։

Ազգային գաղափարախօսութիւնը սովորաբար ամրագրուած կ՛ըլլայ երեք հիմնական սկզբունքներու վրայ՝ ինքնութիւն, անվտանգութիւն եւ բարգաւաճում։

Ինքնութիւնը կ՛ապահովէ տուեալ ժողովուրդին պատմական ու մշակութային առանձնայատկութիւնները: Ան ժողովուրդի մը պատմական յիշողութեան, լեզուի, մշակոյթի եւ արժէքային համակարգի կենդանի ամբողջութիւնն է։ Ինքնութիւնը կը ձեւաւորուի սերունդներու փորձառութեամբ, կորուստի եւ յաղթանակի յիշողութեամբ եւ կը փոխանցուի իբրեւ հոգեւոր ժառանգութիւն։ Առանց ինքնութեան՝ ժողովուրդը կը վերածուի անուղղելի հաւաքականութեան, իսկ պետութիւնը կը կորսնցնէ իր վարկանիշը:

Անվտանգութիւնը՝ գոյութիւնը: Երկրի մը անվտանգութիւնը չի սահմանափակուիր միայն ռազմական կարողութիւններով։ Ան կը ներառէ պետութեան տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը, քաղաքացիներու ֆիզիքական անվտանգութիւնը, քաղաքական կայունութիւնը եւ ազգային ինքնութեան պահպանումը։ Անվտանգ երկիրը այն է, ուր պետութիւնը ի վիճակի է կանխել արտաքին սպառնալիքները, դիմակայել ներքին ապակայունացումները եւ երաշխաւորել իր ժողովուրդին խաղաղ ու արժանապատիւ գոյութիւնը:

Բարգաւաճումը՝ տնտեսութիւնը, իրաւական համակարգը, հոգեւոր, բարոյական, ազգային եւ քաղաքացիական արժէքներու ամբողջութիւնը եւ հասարակական համերաշխութիւնը: Բարագաւաճումը առանց ինքնութեան եւ անվտանգութեան կարճատեւ պատրանք է պարզապէս։

Ազգային գաղափարախօսութիւնը հիմնաքարն է երկրին սահմանադրութեան: Ան կ՛ուղղորդէ պետական կառավարման սկզբունքները, պաշտպանութեան ու քաղաքացիական իրաւունքներու հիմքը եւ կ՛երաշխաւորէ ազգային արժէքներու շարունակականութիւնը։

Անոր դրոյթներուն վրայ կը կերտուի իշխանութեան ռազմավարութիւնը: Ան միաժամանակ սահմանագիծ մըն է իշխանութեան կամայականութիւններուն առջեւ:

Ազգային գաղափարախօսութիւնը կայուն պետութեան մը վարկանիշն է: Ան ընդհանուր յայտարարի մը շուրջ կը կամրջէ ժողովուրդի մը տարբեր միաւորներուն տեսակէտները:

Ազգային գաղափարախօսութիւնը կը պատասխանէ հիմնարար հարցումներու. ո՞վ ենք մենք, ուրկէ՞ կու գանք, ինչպիսի՞ պատասխանատուութիւն կը ստանձնենք, եւ ինչպիսի՞ ապագայ կ՛ուզենք կերտել։ Հարցումները անպատասխան ձգող ժողովուրդը ժամանակի ընթացքին կը դառնայ ամբոխ, իսկ պետութիւնը՝ վարչական մեքենայ, ենթակայ՝ պատահական ղեկավարներու կամ օտար շահերու կամքին։

Իշխանութիւնները կը փոխուին, կառավարութիւնները կու գան ու կ՛երթան, սակայն ազգային գաղափարախօսութիւնը կը մնայ անփոփոխ ուղենիշ։ Ազգային գաղափարախօսութեան բացակայութիւնը շահադիտութիւններու թակարդը կը մղէ երկիրը: Կարճաժամկէտ անձնական կամ խմբային շահերը կը գերիշխեն, իսկ պետական եւ ազգային երկարաժամկէտ ծրագիրները կը վտանգուին: Տուժողը անպայման կ՛ըլլայ ազգային շահը: Զուգահեռաբար, հաւաքականութիւնը կը վճարէ ապիկար անհատներու արկածախնդրութեան գինը:

Հայաստանի անկախութենէն անցած է արդէն երեսունհինգ տարի։ Ժամանակ մը, ուր ըստ բնական տրամաբանութեան, արդէն իսկ ազգային յստակ գաղափարախօսութիւն մը ձեւաւորուած պիտի ըլլար, հիմնուած՝ պատմութեան, ցեղասպանութեան յիշողութեան, պետականութեան վերակերտման եւ ապագայի անվտանգութեան վրայ։ Դժբախտաբար մեր պետութիւնը այս օրակարգին առջեւ կորսնցուցած է իր կողմնացոյցը։ Մինչեւ օրս չենք ձեւաւորած միասնական ազգային յայտարարներ, չենք մշակած համահայկական ծրագիր եւ չենք հաստատած այն արժէքային յենքը, որ միաւորող ուժ ծառայէ համայն հայութեան։ Մերօրեայ իշխանութիւնները մինչեւ իսկ կ՛անտեսեն Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին առիթով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ ընթերցուած Համահայական Հռչակագիրին դրոյթները:

Ի՞նչ կարելի է սպասել, երբ Իշխանութեան բուրգը չի բարձրանար արժէքներու ու սկզբունքներու վրայ: Որոշումները կը կայացուին ո՛չ թէ ազգային շահերու չափանիշով, այլ՝ սեփական իշխանութիւնը պահպանելու տրամաբանութեամբ։ Երբ իշխանութիւնը կը կառուցուի միայն համախոհներու ցանցի վրայ, երբ չի յարգուիր ազգային պատասխանատուութիւնը, պետութիւնը կը կորսնցնէ իր ներքին կայունութիւնը եւ ժողովուրդին վստահութիւնը։

Այս վիճակը վտանգաւոր է, որովհետեւ գաղափարական դատարկութիւնը կը լեցուի օտար մտածողութիւններով, պարտադրուած «իրապաշտութիւններով» եւ ազգային արժէքներուն հակասող պատկերացումներով։ Պատմութիւնը կը ներկայացուի բեռ, ինքնութիւնը՝ խոչընդոտ, իսկ պահանջատիրութիւնը՝ անիրագործելի երազանք։

Այս բացակայութիւնը հետեւանք է գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար որդեգրուած քաղաքական մտածողութեան մը, որ ազգայինը կը դիտէ խոչընդոտ, իսկ պահանջատիրութիւնը՝ բեռ։ Այս պայմաններուն մէջ Սփիւռք–հայրենիք յարաբերութիւնը կը սահմանափակուի զգացական ելոյթներով կամ բարեսիրական հանգանակութիւններով, փոխանակ դերերու բաշխումով ռազմավարական եւ գաղափարական համագործակցութեամբ։

Առանց ազգային գաղափարախօսութեան, ժողովուրդ մը չի կրնար հիմնաւորել իր գոյութեան տրամաբանութիւնը: Առանց անոր՝ ո՛չ Սփիւռքը կրնայ ընկալել իր դերը, ո՛չ հայրենիքը՝ իր պարտականութիւնը:

Ազգային գաղափարախօսութիւնը հաւաքական տեսակէտներու հանգանակն է: Անոր բացակայութիւնը ծանր հետեւանքներու գիրկը կը գլորէ երկիրը: Մինչդեռ, ազգային գաղափարախօսութիւնը քաղաքական հոսանքներուն առջեւ կը բանայ միեւնոյն նպատակին համար գործելու բազմաոճ եւ իւրայատուկ ենթահող։ Անոնք կրնան հակադիր տեսակէտներ, մօտեցումներ կամ գործելաոճ ունենալ, սակայն պիտի ծառայեն միեւնոյն շրջագիծին մէջ, միեւնոյն նպատակին՝ ազգային գաղափարախօսութեան:

Ազգային գաղափարախօսութեան բացակայութեամբ, պետութիւնը կը դադրի ըլլալ ազգային շահերու պաշտպան։ Սայթաքումը կը սկսի քաղաքական մտածողութենէն, ապա կը հասնի քարտէսին։ Պատմութիւնը կը վերագրուի «անցեալին», ինքնութիւնը կը կոչուի «խոչընդոտ», իսկ արժանապատուութիւնը կը փոխարինուի «իրապաշտութեան» կեղծ լեզուով։

Ոչ մէկ պետութիւն կրնայ գոյատեւել առանց գաղափարախօսական յենքի։ Ո՞վ կրնայ բացատրել, թէ ի՞նչ են անկախ- գերիշխան Հայաստանի գաղափարախօսութեան դրոյթները: Ի՞նչ հիմքերու վրայ մշակուած է անկախ Հայաստանի ազգային գաղափարախօսութիւնը: Անվտանգութիւնը միայն զէնքով չ՛ապահովուիր, այլ՝ հաւաքական գիտակցութեամբ։ Իսկ հաւաքական գիտակցութիւնը միայն ազգային գաղափարախօսութենէն կրնայ ծնունդ առնել։

Ազգային գաղափարախօսութիւնը մեր պետականութեան եւ ժողովուրդի գոյութեան նախապայմանն է: Ե՞րբ պիտի ունենանք մեր ազգային գաղափարախօսութիւնը:

Related to category Politics

Related to subcategory Armenia

Comment on Facebook

Comment on Disqus