Պէտք է վերապրեցնենք մեր մօտաւոր անցեալի փառքերը կազմող այս փառաւոր էջերը, ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հնչակեան կուսակցութիւնը արթնութիւն շեփորեց, քաղաքական թմբիռով քնացող հայութեան: Սարսափէն կարկամած լեզուները բացաւ, շրթները շարժման մէջ դրաւ, հոգիները վերանորոգեց, զանոնք արիացնելէ ետք՝ թուլցած կամքերը պողպատեց եւ զանոնք առաջնորդեց դէպի ազատութիւն:
Պէտք է վերապրեցնենք մեր մօտաւոր անցեալի փառքերը կազմող այս փառաւոր էջերը, իրենց ներքին հոգիով, որովհետեւ առանց անոնց՝ մենք ներկայի փառքերէն զուրկ եւ գուցէ պատմութեան անցնող ինքնակորոյս ժողովուրդ մը դառնայինք եւ կամ «գոյութիւն» քաշկռտող հաւաքականութիւն: