Լիբանանահայ համայնքը այսօր կը գտնուի մտահոգիչ կացութեան մէջ - Երբ Հնչակեան մոտավորականը կահազանգէ

Լիբանանահայ համայնքը այսօր կը գտնուի մտահոգիչ կացութեան մէջ - Երբ Հնչակեան մոտավորականը կահազանգէ
shadow
Հնչակեանը միշտ եղած է հեռատես,
Համայնքը կը նօսրանայ
Լիբանանահայ համայնքը այսօր կը գտնուի մտահոգիչ կացութեան մէջ: Պատճառները՝ ներքին են եւ արտաքին: Լիբանանի անվտանգութիւնը եւ տնտեսական, քաղաքական անորոշութիւնը էական ազդեցութիւն կ’ունենան համայնքին կենսունակութեան եւ ապագային վրայ:
Համապատկերը կ’արտացոլայ բոլոր համայնքներուն վրայ: Քրիստոնեայ համայնքներուն մէջ ծագած է գոյապահպանութեան մտահոգութիւն:
Արտագաղթի ուրուականը կը սպառնայ լիբանանահայութեան գոյութեան։ Համայնքին բարեկեցութեան խորհրդանիշ հանդիսացող միջին խաւը կեցութեան պայքար կը մղէ այսօր:
Փաստօրէն Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական փլուզումը եւ ապագայի անորոշութիւնը դարձած են մեր դէմ ցցուած նոր «պատերազմը»:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՎԱՂՈՒԱՆ ՕՐԸ
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Լիբանանահայ համայնքը այսօր կը գտնուի մտահոգիչ կացութեան մէջ: Պատճառները՝ ներքին են եւ արտաքին: Լիբանանի անվտանգութիւնը եւ տնտեսական, քաղաքական անորոշութիւնը էական ազդեցութիւն կ’ունենան համայնքին կենսունակութեան եւ ապագային վրայ:
Համապատկերը կ’արտացոլայ բոլոր համայնքներուն վրայ: Քրիստոնեայ համայնքներուն մէջ ծագած է գոյապահպանութեան մտահոգութիւն:
Արտագաղթի ուրուականը կը սպառնայ լիբանանահայութեան գոյութեան։ Համայնքին բարեկեցութեան խորհրդանիշ հանդիսացող միջին խաւը կեցութեան պայքար կը մղէ այսօր:
Փաստօրէն Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական փլուզումը եւ ապագայի անորոշութիւնը դարձած են մեր դէմ ցցուած նոր «պատերազմը»:
Համայնքը կը նօսրանայ: Կ’ապրինք քանակական եւ որակական տեղատւութիւն: Համայնքը հետզհետէ կը կորսնցնէ իր ինքնահաստատման մղումը: Մտահոգիչ կերպով եւ զանազան անարդարացի պատճառներով կ’անտեսուի լիբանանեան ազգային բեմին վրայ անոր կենսունակ եւ օգտաշատ ներկայութիւնը:
Լիբանանահայ համայնքը բնականաբար առնչուած է Հայաստանի եւ Լիբանանի քաղաքական գործընթացներուն հետ:
Համայնքը ներկայացնող քաղաքական ուժերը տարբեր դիրքորոշումներ ունին Հայաստանի եւ Լիբանանի քաղաքական իրավիճակներուն վերաբերեալ: Այս բեւեռացումը իր զգալի եւ տխուր ներազդեցութիւնը կ՛ունենայ լիբանանահայութ-եան ներքին յարաբերութիւններուն վրայ: Բեւեռացումը միաժամանակ կը խանգարէ ներազգային համերաշխութեան:
Խօսած ենք յաճախ եւ գրած. անհրաժեշտ է խորքային վերարժեւորումի ենթարկել մեր ներկայի ոչ նախանձելի կացութեան պատճառները, ապա գործնական հետեւութիւններ քաղել:
Մենք զմեզ հայելիի մէջ դիտելու խիզախութիւն ունենանք: Նայելու եւ ինքնաքննադատօրէն հարցնելու. «Ինչպէ՞ս կրնամ լիուլի կատարել իմ պարտակա-նութիւնս՝ ոչ իբրեւ դիտորդ, այլ՝ մասնակից»: Առանց թերագնահատելու համայնքը ներկայացնող բոլոր ուժերուն, կառոյցներուն երախտաշատ աշխատանքն ու գործունէութիւնը, պէտք է գիտակցիլ, որ կացութիւնը կը պահանջէ լրջօրէն վերանայիլ մեր գործելաոճին: Ժամանակը ոչ միայն կը պահանջէ, այլեւ կը հրամայէ նոր ոճով խօսիլ՝ իբրեւ լիբանանահայ համայնքի պատասխանատու կառոյցներ:
Այս մտահոգութիւններուն մէջ պիտի առանձնացնեմ մեր ազգային առաքելութեան սպառնացող քանի մը երեւոյթներ, հաւատալով, որ մեր հաւաքական կամքը պիտի յաղթահարէ զանոնք:
Ներքաղաքական հակամարտութիւնները կը հեռացնեն երիտասարդութիւնը: Անոնց մէջ հետզհետէ կը կորսուի համայնքի կառոյցներուն հանդէպ հաւատքը: Աստիճանաբար կը նօսրանայ համայնքին ներուժը: Ամերիկաներ եւ այլուր մեկնելու փոխարէն,Երանի՜ հաստատուէին հայրենիք...:
Եկէք անկեղծ խօսինք. նոր սերունդը չի համոզուիր միայն անցեալի սխրանքներով, գաղափարական, հերոսական դրուագներով եւ քարացած բառամթերքով։ Անոնք վճռական եւ ազդու փոփոխութիւններ կը պահանջեն տեսնել՝ ազգային, կուսակցական եւ կազմակերպչական բեմահարթակներու վրայ:
Երիտասարդութիւնը ոչ միայն նոր խօսոյթ, այլեւ գործողութիւն կը սպասէ գաղութի ղեկավարութենէն: Ան չի խորշիր հաշուետւութենէ, ինքնաքննադատութենէ եւ ի վիճակի է միաւորելու՝ անջատելու փոխարէն։ Նոր խօսոյթը պէտք է հնչէ ներսէն, յատկապէս կուսակցական շարքերէն՝ իբրեւ համոզիչ վերածնունդ:
Լիբանանահայութեան ապագան պայմանաւորուած է երիտասարդ սերունդը ազգային կեանքի մէջ ներգրաւելու, զայն թիկունք դարձնելու մեր պատրաստակամութենէն: Ծրագիրներ անհրաժեշտ է ստեղծել, որպէսզի երիտասարդութիւնը չհեռանայ համայնքէն, ընդհակառակը՝ աշխուժօրէն ներգրա-ւուի մեր հասարակական կեանքին մէջ՝ ի սպաս համայնքին ներդնելով իր ուսումը եւ կարողականութիւնը: Երիտասարդներու մասնակցութեամբ մշակել կրթական եւ մշակութային ծրագիրներ, համայնքային հարցեր քննարկելու եւ ընդհանուր յայտարարներ գտնելու հարթակներ: Յանձնառու երիտասաարդութիւնը ամենաոգեւորիչ երաշխիքն է լիբանանահայ համայնքի յարատեւութեան:
Վերջին տասնամեակներուն լիբանանահայութիւնը շատ յաճախ ամբաստա-նուած է իբրեւ «փակ», «ինքնամեկուսացած» կամ «կեթոյիի մէջ ապրող» համայնք։ Այս մեղադրանքը ոչ միայն անարդար է, այլեւ մեղանչում իրականութեան առջեւ: Ան կը հարուածէ լիբանանեան խճանկարին մէջ հայ համայնքին հեղինակութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Յաճախ կը հնչեն մեղադրանքներ, թէ լիբանանահայութիւնը կեթոներու մէջ կը պահպանէ իր գոյութիւնը, չի շաղուիր այլ համայնքներու հետ, կը մերժէ «լիբանանցի» ըլլալ։ Այսօրինակ յայտարարութիւններ չեն համապատասխաներ իրականութեան եւ քաղաքական նպատակներ կը հետապնդեն:
Լիբանանահայութիւնը, իբրեւ կարեւոր մէկ բաղադրիչը լիբանանեան հայրենիքին, միշտ գործակցած է Լիբանանի տարածքին վրայ ապրող բոլոր համայնքներուն հետ՝ քրիստոնեայ թէ մահմետական:
Սակայն անհրաժեշտ է սկզբունքային յստակացում մը կատարել այստեղ. «բացուիլ» չի նշանակեր նահանջել։ Բազմահամայնքային երկիրի մը մէջ սրտբաց համագործակցութիւնը բարձրագոյն արժէք է, պայմանով, որ իւրաքանչիւր համայնք պահէ իր ինքնուրոյնութիւնը, երաշխաւորուին անոր իրաւունքները։ Բայց երբ այդ «բացուիլը» այլոց կողմէ կը շահագործուի մեր իրաւունքներէն զիջելու, բաժնեկցութեան մեր իրաւունքը անտեսելու կամ իբրեւ համայնքային որոշումներէն օտարելու փորձ, այնժամ բաժնեկցութիւնը կը դառնայ անարգում: «Բացուիլ» չի նշանակեր լիբանանահայութեան իրաւունքները սակարկել, անտեսել, կամ այլ համայնքներու մենաշնորհին ենթարկել։ Յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերի պետական պաշտօններու, խորհրդարանական ընտրութիւններու կամ համայնքային տարազով ներկայացուցչական մարմիններու մէջ մեզի վերապահուած իրաւունքներուն: Ուրիշներ պէտք չէ որոշեն լիբանանահայութեան ներկայացուցիչները։ Մեր համայնքը ունի իր արժանապատիւ ներկայացուցիչները, կուսակցութիւնները, կառոյցները։
Համայնքային ախտով հիւծող երկրին մէջ, մնացեալ բոլոր համայնքներուն նման, լիբանանահայութիւնը պիտի պահպանէ իր հաւաքական շահերը: Այլ համայնքներ կամ քաղաքական հոսանքներ իրաւասութիւն չունին սահմանելու, թէ ո՛վ կը ներկայացնէ լիբանանահայութիւնը, այնպէս, ինչպէս մենք մեզի չենք արտօներ ճշդել այլ համայնքներու ներկայացուցիչները։
Այս առումով, կ՚արժէ յստակեցնել.
• Լիբանանահայութիւնը համակեցութեան եւ բաժնեկցութեան հաւատացող համայնք է, բայց ո՛չ իր իրաւունքներուն հաշուոյն։
• Հայ համայնքը միշտ եղած է լիբանանեան բազմաշերտ կեանքի հաւատարիմ բաժնեկից: Ազգային համախոհութիւնը համոզում եղած է մեզի համար: Մեզի խորթ կը մնան համայնքային իրաւունքներ ոտնակոխելու փորձերը:
• Լիբանանահայութիւնը միշտ ալ իր արժանապատիւ եւ անսակարկ մասնակ-ցութիւնը բերած է լիբանանեան հայրենիքի ամբողջականութեան, անկա-խութեան, գերիշխանութեան եւ պետականութեան հզօրացման գործընթացին: Մենք կը պահանջենք, որ յարգուին եւ ըստ այնմ արժեւորուին Լիբանանի մէջ հայ համայնքին ազգային, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային, կրթական եւ այլ մարզերու ներդրումները: Կը մերժենք լիբանանահայութեան իրաւասութիւններէն ներս ներթափանցելու ամէն փորձ:

Նոր ընտրական օրինագիծը (համամասնական) ոչ-հայկական հոսանքներուն թոյլ կու տայ որոշելու հայ համայնքի ներկայացուցիչները: Այս օրինագիծը լուրջ սպառնալիք է հայ համայնքի ազգային ինքնութեան եւ քաղաքական ինքնավարութեան: Այսօր այս գաղութին մեծամասնութիւնը չի գիտեր իսկ, թէ ովքե՛ր են հայ համայնքի երեսփոխանները: 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայ համայնքին վերապահուած աթոռներուն թիւը կրնայ դարձեալ կրճատուիլ:
Այս ծանր իրավիճակին դէմ անհրաժեշտ է քաղաքական կամք եւ ռազմավարական մտածողութիւն՝ համախմբուիլ եւ դադրեցնել արտահամայնքային ուժերու ազդեցութիւնը, միասնաբար պաշտպանել համայնքին իրաւունքները:
Մեծագոյն սպառնալիքը ոչ թէ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնն է, այլ՝ հաւաքական անտարբերութիւնը եւ յուսահատութիւնը։ Անհրաժեշտ է թօթափել կրաւորական այս մօտեցումը, եւ համայնքի բոլոր շերտերուն մասնակցութեամբ, հաւաքաբար դիմագրաւել մեր դժուարութիւնները: Ստեղծել համատեղ ռազմավարական առաջնահերթութիւններ, բազմաշերտ աշխատանքային խումբ՝ շարունակական համագործակցութեան եւ ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով: Համագործակցիլ իրաւաբաններու եւ փորձագէտներու հետ՝ հետեւելու եւ վերլուծելու նոր ընտրական օրինագիծը եւ քաղաքական զարգացումները:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ ալ եղած է լիբանանահայութեան հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոնը: Անոր դերը յատկապէս կարեւոր է այս ճգնաժամի պայմաններուն մէջ, երբ անհրաժեշտ է համայնքին ինքնութիւնը պահպանել, համախմբել եւ ոգեշնչել փոխադարձ սիրով եւ համերաշխութեամբ: Կաթողիկոսութիւնը միշտ ալ եղած է վստահելի միջնորդ՝ կողմերու միջեւ երկխօսութեան ու համագործակցութեան խթանման ուղղութեամբ: Անոր դերակատարութիւնը բազմաշերտ է՝ հոգեւոր առաջնորդութիւն եւ միասնութեան բանալի, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան դեսպան, կրթութեան եւ մշակոյթի հովանաւոր: Այս բոլոր գործօնները հնարաւորութիւն կու տան Մեծի Տանն Կիլկիոյ կաթողիկոսութեան ըլլալու լիբանանահայ համայնքի վերականգնման եւ միասնականութեան գլխաւոր հիմնասիւնը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պէտք է շարունակէ իր յառաջա-տար դերը՝ հովանաւորելով համագործակցութեան գործընթացը, համատեղ ջանքերով ապահովելու համայնքին փրկութեան ու զարգացման յուսադրող ուղին:
Համայնքը անհրաժեշտ է, որ խմբուի ընդհանուր արժէքներու շուրջ, եւ նոր եռանդով դիմակալէ արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները, այլապէս...

Related to category Politics

Related to subcategory Armenian Diaspora

Comment on Facebook

Comment on Disqus