Հայ ժողովուրդը կեցած է պատմական վտանգաւոր փուլի եզրին, ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Այսօր՝ կիրակի, 9 Նոյեմբեր 2025-ին, երբ Պաքուի փողոցները զարդարուած են շքերթներով ու հրավառութիւններով՝ այսպէս կոչուած «յաղթանակը» նշելու, մեր կողմէ՝ հայ ժողովուրդին կողմէ, օրը դարձեալ անցաւ լռութեամբ ։
ԱՐՑԱԽԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՕՐՈՒԱՆ ԼՌՈՒԹԵԱՆ ՇՔԵՐԹԸ
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Եռաբլուրի Լռութիւնը եւ Ազգային Մոռացութեան Վտանգը:
Այսօր՝ կիրակի, 9 Նոյեմբեր 2025-ին, երբ Պաքուի փողոցները զարդարուած են շքերթներով ու հրավառութիւններով՝ այսպէս կոչուած «յաղթանակը» նշելու, մեր կողմէ՝ հայ ժողովուրդին կողմէ, օրը դարձեալ անցաւ լռութեամբ ։
Լռութիւն՝ առանց պետական ներկայութեան, առանց Եռաբլուր երթի՝ 44-օրեայ աղէտաբեր պատերազմին նահատակներուն հանդէպ նուազագոյն յարգանքի: Վարչապետը, դարձեալ խոնարհեցաւ կարգալոյծ տէր հօր մը առջեւ՝ աւելի ընդգծելով ցնորքի եւ ինքնախաբէութեան խորքը, ուր ինկած է այս իշխանութիւնը։ Լռութիւնը եւ մոռացութիւնը անցած են քաղաքական անպատասխանատուութեան սահմաններէն՝ դառնալով ազգային արժանապատուութեան դէմ ուղղուած բաց յարձակում։
Երբ Պաքուի մէջ, շքեղ պատկերներով եւ ռազմական ցուցադրութիւններով մեր պարտութեան օրը կը տօնուէր, բարեբախտաբար լոյսի ճառագայթ մը շողաց ամերիկացի լրագրող Տաքըր Քարլսընի ճանապարհով՝ Նարեկ Կարապետեանի եւ փաստաբան Ռոպերթ Ամստերտամի հետ հարցազրոյցը։
Հարցազրոյցը հրապարակուեցաւ նոյն օրը: Անոր միջոցով միջազգային բազմամիլիոն հանրութեան փաստարկուած ձեւով ներկայացուեցաւ այն, ինչ մեր կառավարութիւնը չկրցաւ կատարել՝ բացայայտել Ազրպէյճանի ոճրագործ քաղաքականութիւնը, Արցախի հայ բնակչութեան դէմ գործադրուած ցեղային զտումը, հայ գերիներու խոշտանգումն ու անօրինական բանտարկութիւնը։ Այդ պարտականութիւնը պէտք էր կատարուէր պետական մակարդակով, բայց կատարուեցաւ անհատներու ճիգով։ Հակադրութիւնը կը խօսի ինքնին՝ պետական լռութիւն ընդդէմ քաղաքացիական խիզախութեան։
Բայց ամենաողբերգականը ոչ թէ պարտութիւնն է, այլ այն տխուր փաստը, որ մենք ոչինչ սորվեցանք 2020-ի պարտութենէն։ Փոխանակ զգաստանալու, իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը շարունակ կը գզվրտին ներքաղաքական բեմին վրայ՝ փոխադարձ մեղադրանքներով: Երկու կողմերը վաղուց սպառած են իրենց գաղափարական խօսոյթը եւ անխնայ կը հարուածեն պետականութեան հանդէպ ժողովուրդին հաւատքը:
Պաքու կը ցուցադրէ զէնք ու դրօշ, Երեւան կը շարունակէ ներքին քէնով, վրէժխնդութեամբ եւ անձնական հաշիւներով կուրանալ հայ ժողովուրդին ճակատագրին առջեւ։
Այս բոլորին կողքին պէտք է հարց տալ մեր մտաւորականութեան․ ո՞ւր են մեր ակադեմիկոսները, պատմաբանները, գրողներն ու մտքի մարդիկը։ Ինչո՞ւ այս լռութիւնը, երբ Պաքու «Արեւմտեան Ազրպէյճան» կը կոչէ Հայաստանը, երբ յաւելեալ տարածութիւններ կը պահանջէ, երբ կը յայտարարէ թէ Սեւանը եւս իր տարածքն է։ Ինչո՞ւ մեր համալսարանները եւ ակադեմիաները գիտական, փաստացի տուեալներով չեն արձագանգեր այս վտանգաւոր պատմական խեղաթիւրումներուն։ Դժբախտաբար մատի վրայ կը հաշուեն նախանձախնդիր, հայրենասէր եւ խղճամիտ ձայները: Այս լռութիւնը ամօթանք է պարզապէս...
Մենք պարտուած ենք՝ եւ այդ պարտութեան ցաւը խոր է։ Բայց վերջնական չէ։ Մեր պարտութիւնը անուղղելի կը դառնայ միայն այն պահուն, երբ պարտուինք նաեւ ժողովրդագրական եւ տնտեսական իմաստով։ Երբ երկիրը դատարկուի, տնտեսութիւնը քայքայուի եւ երիտասարդութիւնը հիասթափուի։ Համոզուած եմ, որ տակաւին կրնանք ոտքի կենալ, եթէ ստեղծենք առողջ կրթական համակարգ, մրցունակ տնտեսութիւն եւ միասնական ազգային տեսլական։ Այս պարտի դառնալ մեր պետականութեան հիմքերը, եւ ո՛չ պատեհապաշտ լոզունգներն ու անդարմանելի զիջումները։
Հայ ժողովուրդը կեցած է պատմական վտանգաւոր փուլի եզրին՝ մէկ կողմէ պարտութիւնը եւ խառնակութիւնը, միւս կողմէ անսասան հաւատքը, որ տակաւին կարելի է վերականգնել մեր արժանապատուութիւնը։ Բայց առանց միասնութեան, առանց ճշմարտութեան բարձրաձայնման, առանց ազգային ուղղութեամբ մտածող իշխանութեան, ոչինչ պիտի ըլլայ կարելի։ Այն ինչ այսօր կը տօնէ Պաքուն՝ իր շքերթներով եւ սպառնալիքներով, իրականութեան մէջ մեր հաւաքական ամօթն է։ Սակայն ամօթը կրնայ դառնալ զգաստութեան եւ զարթօնքի ազդանշան:
ժողովուրդ մը, երբ կը յիշէ իր նահատակները, երբ կը պահէ իր հաւատքը, երբ կը ճանչնայ իր ճշմարիտ թշնամիները, չի կորսուիր երբեք։
Հայաստանի փրկութիւնը պիտի գայ ոչ թէ խաբկանքով, այլ՝ արդարութեամբ, ոչ թէ «միջանցք» կոչուած պատրանքով, այլ՝ հաւաքական կամքով։
Եւ այդ կամքը՝ որքան ալ մոռցուած եւ մարած թուի,գոյութիւն ունի տակաւին։