ՄԱՏԹԷՈՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ (ՓԱՐԱՄԱԶ) - քսան անմահ հնչակյաններ՝ 20 կախաղաններ

shadow
1915 Յունիս 15_ին, քսան հերոսներէն , առաջինը Փարամազի Վիզին կ'անցընեն կախաղանի թոկը

» Mesrob Menazaryan on his › facebook page

Source

ՄԱՏԹԷՈՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

(ՓԱՐԱՄԱԶ)

1915_1863

Ծնած է Մեղրի, կը յաճախէ ծննդավայրին դպրոցը։ 1879_ին ուսանող կ'ընդունուի Էջմիածնի գէորգեան ճեմարանէն ներս։ 1883_ին կը մեկնի նախիջեւան,, ուսուցչութեան նպատակով ։ Հոն, կը ծանօթանայ Ս,Սապահ գիւլին։ Պարսկաստանի մէջ, Փարամազ կը դառնայ երկիր մտնող մարտական խումբերու գլխաւոր կազմակերպիչը։ Սալմաստի մէջ յեղափոխական վճիռով կը պատժէ Ցոլակ Սարկաւագի սպաննութիւնը կատարող յանցագործները։

1897_ին , ինք եւս , 40 հոգինոց խումբով, քիւրտ ցեղախումբերու հէտ

փոքր բախումներ ունենալէ ետք, կ'անցնի վան ։Վանի մէջ խումբը կը մատնուի եւ թրքական զօրքին հետ փոխ_հրաձգութենէ մը ետք,Փարամազն ու խումբին մէկ մասը կը ձերբակալուին։ Կը դատապարտուի մահուան։որպէս ռուսահպատակ կը յանձնուի ռուսական կառավարութեան։

Մինչեւ 1900 կը մնայ բանտարկուած։ 1900_թուականներու սկիզբը, Կովկասի մէջ կը ղեկավարէ հակա_ցարական պայքարը։ Ժողովրդային թափօրի մը գլուխը անցած կը դիմէ Կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկին եւ կը պահանջէ ընդդիմանալ եկեղեցապատկան գոյքերը բռնագրաւելու ցարական որոշումին դէմ։

1903 _ին,Պաքուի մասնաճիւղին որոշումով, կը կազմակերպէ Կովկասի փոխարքայ իշխան գոլիցինի դէմ յայտյնի տեռորը։ 1905_1906_ին,կը ղեկավարէ Երեւանի,Էջմիածնի, Զանգեզուրի եւՂարաբաղի մէջ հայ_Թաթարական կռիւներուն մասնակցող Հնչակեան խումբերը։Հայր Սիւա գրչանունով կ'աշխատակցի 《Արեւելք》Թերթին։《Հնչակ》ի մէջ տպուած անոր յօդուածները`《Պաքօ》《քամուն բերածը քամին կը Տանի》《Հայի Պահանջը》,《Ձեռքերդ վեր կամ ճուղուպրիստները》,եւ այլն ,կը կազմեն հայ յեղափոխական գրականութեան լաւագույն էջերը։

Քէօսթէնճէի համագումարին, Փարամազ կ'ընտրուի Կեդրոնական վարչութեան անդամ ու իրեն կը յանձնուի իթթիհատի եռապետութիւնը տեռորի ենթարկելու գործը։

Կը վերադարնայ Պոլիս։

Հնչակեան ղեկավարութեան հետ կը ձերբակալուի ու խստագոյն հսկողութեան տակ կը բանտարկուի։

1915 Յունիս 15_ին, քսան հերոսներէն , առաջինը Փարամազի

Վիզին կ'անցընեն կախաղանի թոկը։

Related to category Socialism

Related to subcategory Social Democrat Hunchakian Party

Comment on Facebook

Comment on Disqus