Կ՛ըսուի, Թէ Էրտողան Աստուածային Յատկանիշներ Ունի. «Բացարձակ Իշխանութիւնը Կը Փճացնէ Բացարձակապէս»
Ապտուլլահ Պոզքուրթ Nordic Monitor-ի իր յօդուածին մէջ գրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մասին, որ ինքզինք պարուրած է Աստուծոյ կամ Ալլահի յատկանիշներով: Էրտողանի հնազանդ մօտիկ շրջապատը կ՛ամրապնդէ անոր այդ ինքնագովասանքի եւ ուռճացուած կարծիքը՝ պնդելով, որ ան աստուածային ուժ ունի: Յօդուածը վերնագրուած է. «Թուրքիոյ նախագահը կը տառապի աստուածային բարդոյթով, պաշտուած է Ալլահին եւ մարգարէին բնորոշ յատկանիշներուն համար»