Քրեմլինի բռնակալը կ’անդրադառնայ, որ Արեւմուտքը կը թելադրէ թէ ասիկա իր վերջին գնացքի կայարանն է
Փութինեան Ֆաշիզմը, թէկուզ կ’ուղղուի վճռելու ընդդէմ սակարկի ենթակայ միամիտ Զելենսքիի, սակայն մէկ սանթիմ անկէ անդին չի կրնար ընդարձակուիլ
Քրեմլինի բռնակալը կ’անդրադառնայ, որ Արեւմուտքը կը թելադրէ թէ ասիկա իր վերջին գնացքի կայարանն է, եւ Ուկրաինայէն անդին ոչինչ կայ
Կ’ըսեն, կը մտահոգուին, կայ մտավախութիւն որ ՆէոՊոլշեւիկ Փութինը, Ուկրաինոյ պատերազմին, ըստ երեւոյթին մօտալուտ հաղթանակին, եթէ խաղաքարտերը չի փոխուին, ինչ որ միշտ ալ հնարաւոր է, սակայն ներկայ դրութեամբ, զզուելի Թրամփը Ուկրաինային «պէշ ղրուշի» ծախեց ալ, դաւաճանեց ալ, ու գերագոյն անբարոյական ներկայացուց ԱՄՆ-ին ու Ուկրաինոյ պարտութիւնը հեռու չի թուիր
Մտահոգուած են, որ Ռուսաստանը այլ երկիրներ գրաւելու պիտի սկսի
Ես անձնապէս նման «սցենար» երբեք չեմ տեսներ
Նախ եւ առաջ, Ռուսաստանը ահաւոր մաշողական պատերազմէ անցաւ, միլիոնաւոր երիտասարդներ երկիրը լքեցին, կրեց ահաւոր մարդկային կորուստներ, ներքին դժգոհութիւնը ճիշտ է թէ տակաւին երկաթեայ բռունցքով խեղդուած, սակայն Ուկրաինայէն անդին կարող է ալ պօրթկալ, այս պատերազմը Ռուսաստանի տնտեսութիւնը ու ընկերային տնտեսական վիճակը ահաւոր վիճակի հասցուց
Հաջորդը Լեհաստա՞ն, անհնար, ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիր է, կ’ըսուի թէ 400,000 բանակ ունի պատրաստ, ու ՆԱԹՕ-ին անհնար թէ ձեռնածալ մնայ, այս անգամ աշխարհը շատ աւելի կտրուկ պիտի դիրքորոշուի Փութինի ֆաշիզմին դէմ
Ճիշտ է թէ ռուսական բանակը ահաւոր փորձ ձեռք ձգեց, անկասկած, Ուկրաինան պատրաստ էին զոհել, սակայն անկէ անդին ԱՄՆ-ն ալ անհնար է աչք փակէ, ու անկարելի է արտօնեն Փութինին այդքան ուժեղանայ
Կ’ըսուի թէ նոր հողեր կցած Ռուսաստանը աւելի է ուժեղանալու, ճիշտ է, սակայն այդ հզօրացումը կը պահանջէ առնուազն տասը տարի, մինչ այդ արդէն Ռուսաստանը ներկային հոգնած ու ուժասպառ է, 5 տարուայ մաշեցնող պատերազմէն ետք
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմը տեւեց 6 տարի պատկերացուցէք Ռուսաստան մը 6 տարիէ կը տառապի իր հետամնաց ռազմական «թեխնիկայով» որ շատ ետեւ է Արեւմտեան որակէն
Շատ պարզ օրինակ մը, Արեւմուտքը տարիներով խաղցուց միամիտ Զելենսքին, Գերմանիայէն մուրաց մի քանի 100 Լէօփարտ տանկ ու չէր ստանար, կ’աղաչէր կը մօրար կ’աղերսէր «մեզ թեւեր տուէք» Ֆ-18 օդանաւեր ու Սլովենիան կը հեգնէր «տեսնենք տեսնենք, կը քննարկենք»
Ի հարկէ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկրի մը վրայ գրոհը կարմիր գիծերու հատումն է ու Լէօփարտ ալ կը տրամադրուի Ֆ-16 ալ Ֆ-116 ալ Ֆ-35 ալ, Ուկրաինան զոհուող քաւութեան նոխազ էր, Արեւմուտքը պատրաստ Ուկրաինան սակարկելու
Անկէ անդին խաղին կանոնները կը փոխուին