Հայ կուսակցութիւնները համայնքին սիւներն ու հիմքերն են - Մետաղադրամի մյուս կողմը ներկայացնելու հավակնոտ թեկնածուի տեսանկյունեն
Մեր կուսակցութիւնները, որոնք մեր սիւներն ու հիմքերն են` կը սովորեցնէին մեզ գաղափարական քաղաքական ուղենիշներ եւ սկզբունքներ, այսօր շատերը կարծես դադրած են հետեւելէ ուղեցոյցներուն՝ հաւանաբար «անհրաժեշտութեան պահանջներէ ելլելով: Հաւանաբար «չափազանց ժողովրդավարութիւնը կը վնասէ» սկզբունքով, կը կարծեմ` մենք ստեղծեցինք երկաթեայ կարգապահութեան եւ նուիրուած հաւատարմութեան կարգախօսերր` անտեսելով անհրաժեշտ գաղափարական եւ մտաւոր հասունութիւնը: ժամանակի ընթացքին այդ մէկը հիասթափեցուց մտաւորական դասը: