Արարատ Քույր Կայքեն - ՓԱ՛ՌՔ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՔՍԱՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ
Փարամազ եւ իր խռովայոյզ ու հասակագեղ ընկերներ, կառափնարաններու բարձունքէն կ’աղաղակէին իրենց ժողովուրդին վաղուան այգաբացի մասին՝ որ պիտի ցաթէր արեւելքի հորիզոնին: Հայասպանութեան գորշ ու մռայլագոյն ամիսներն էին՝ երբ գաղափարի ուխտաւորները, առանց ընկճուելու, իրենց հրաբորբ արիւնը միախառնեցին ազատութեան նուիրական պայքարին: Քսան անհատական երազներ կը դադրէին բաբախելէ, բայց հաւաքական տեսլական մը կը ստանար նոր թափ ու եռանդ: Այն տեսլականը, որ ի սկզբանէ եղաւ Հնչակեան կուսակցութեան գոյառման միտք բանին, նպատակն ու հաւատոյ հանգանակը: