Կամ Թայֆաեն հրաժարուիլ կամ շարունակել պարտուիլ, պարտութեան իսկական կերտիչը
Երբ Հայաստանի ընդդիմութեան դեմքերւ հետ հարցազրույց կանցկացնեմ կը հարցնեմ արդեն իսկ ծամոն դարձած ու մոռցպւած հարցումը․ «Ինչո՞ւ Սփիւռքը փաստացի բացակայ է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական դաշտէն, եւ ինչո՞ւ Հայաստան որպէս մնայուն հայրենադարձ վերադարձող արեւմտահայերնեալ ալ ներգրաւուած չեն քաղաքական կեանքին մէջ, ո՞վ է մեղաւոր այս բոլորին համար, հայրենադարձնե՞րն են անտարբեր, տեղական քաղաքական կուսակցութիւնները բաւարար չա՞փ ջանքի պակասի արդյունք է զիրենք մղելու ու խթանելույ, թէ՞ կրնայ ըլլալ, որ համակարգային արգելք մը կայ, որ կը խոչընդոտէ անոնց մասնակցութիւնը»։
Կամ Թայֆաեն հրաժարուիլ կամ շարունակել պարտուիլ, պարտութեան իսկական կերտիչը մեր թիփիկ փոխուիլ մերժող ոգին է
Երբ Հայաստանի ընդդիմութեան դեմքերու հետ հարցազրույց կանցկացնեմ կը հարցնեմ արդեն իսկ ծամոն դարձած ու մոռացուաց հարցումը․ «Ինչո՞ւ Սփիւռքը փաստացի բացակայ է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական դաշտէն, եւ ինչո՞ւ Հայաստան որպէս մնայուն հայրենադարձ վերադարձող արեւմտահայերն ալ ալ ներգրաւուած չեն քաղաքական կեանքին մէջ, ո՞վ է մեղաւոր այս բոլորին համար, հայրենադարձնե՞րն են անտարբեր, տեղական քաղաքական կուսակցութիւնները բաւարար չա՞փ ջանքի պակասի արդյունք է զիրենք մղելու ու խթանելույ, թէ՞ կրնայ ըլլալ, որ համակարգային արգելք մը կայ, որ կը խոչընդոտէ անոնց մասնակցութիւնը»։ Ինչպէս քաղաքական դաշտի միւս բոլոր հարցերու պարագային, կը ստանամ պատասխան մը, որուն ճշմարտացիութեան համոզուած եմ, սակայն լիովին անկեղծ չէ, կիսաճշմարտութիւն է, իսկ երբ ճշմարտութիւնը կիսատ է եւ ոչ ամբողջական, անիկա շատ աւելի վտանգաւոր է, քան սուտ կեղծ պատասխանները, բայց ատիկա աւելի լայն նիւթ մըն է, զոր կը թողեմ այլ մեկ հոդուածի մը համար ընդարձակուելու
Երբ անոնք կը մեղադրեն գործող իշխանութիւնները եւ կը նկարագրեն անոնց խաղցած կործանարար դերը, ստացած պատասխանները կը թուին արդարացուած, տեղին, ճիշդ եւ տրամաբանական, եւ բոլորս կրնանք համաձայնիլ, որ ներկայ ղեկավարները կը բռնեն այն վճռական բանալիները, որոնք կրնան արտօնել կամ խոչընդոտել ինչպէս հայ Սփիւռքին, այնպէս ալ հայ հայրենադարձներուն արդիւնաւէտ ու իմաստալից մասնակցութիւնը:
Ոեւէ երկու անաչառ հայեր, որոնք կ՚ուզեն արդար ըլլալ, պէտք է համաձայնին, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր»֊ի իշխանութեան գալէն ի վեր անոնք խաղցած են չափազանց բացասական, վնասակար եւ նոյնիսկ կործանարար դեր, որ իմաստ չեմ տեսներ ես ալ եվս կրկնելու այն ճշմարտութիւնը, զոր ես եւ սփիւռքահայերուն մեծ մասն արդէն իսկ գիտենք: ես չեմ ուզեր կողմնակալ ու նախապաշարուած դառնալ, այլ կ՚ուզեմ արդար ըլլալ եւ փորձել որքան կարելի է առարկայական (քանի որ բացարձակ ճշմարտութիւն գոյութիւն չունի զուտ առարկայական դառնալու համար, երբ խորքին մեջ ամէն ինչ հարաբերական է): Չնայած այս իշխանութիւններուն հանդէպ իմ բացասական կեցուածքին՝ կ՚ուզեմ փորձել ներկայացնել մնացեալ ճշմարտութիւնը, որուն մասին հազուադէպ ոեվե մեկը կը խօսի:
Եւ իմ փաստարկիս անկիւնաքարն է. հանրապետութեան իշխանութիւնները, թէեւ կը տիրապետեն այդ մեխանիզմին հսկայական տոկոսին, բայց ոչ ամբողջութեամբ, եւ միւսները, որոնց ամէն օր կը միանամ քննադատելու իշխանութեան, կը տիրապետեն այդ թերացման հսկայական բաժինին: Անոնք անմեղ չեն իմ աչքիս եւ կը կրեն մեղքի ու ոչ թէ միայն անփութութեան այլ նույնիսկ անտարբերութեան հսկայական բաժին մը:
Անդրադառնանք ուղղակի հարցերուն.
Քանի՞ հայ հայրենադարձներ միացած են տեղական կուսակցութիւններուն։ Սփիւռքահայերը, մանաւանդ Միջին Արեւելքէն եկածները, ծանօթ են իրենց մոլեռանդ գործունէութեամբ պատմական երեք կուսակցութիւններուն ներսը, եւ այդ երեք կուսակցութիւններն ալ պաշտօնապէս ներկայ են Հանրապետութեան մէջ. ինչո՞ւ զանոնք աշխոյժ չենք տեսներ։ Ոչ միայն այս կուսակցութիւնները, հապա ինչո՞ւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան երեք տասնամեակներէ ի վեր, որ ունի տասնեակ հազարաւոր հայրենադարձներ, ո՛չ ոք միացած է տեղական հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու։
Արդեօ՞ք այս քաղաքական կուսակցութիւնները երեք տասնամեակներուն որեւէ յստակ նախաձեռնութիւն եւ ջանք թափած են հայրենադարձները ներգրաւելու համար։
Արդեօ՞ք կարելի է ենթադրել, որ տասնեակ հազարաւոր հայրենադարձներու մէջ նոյնիսկ մէկ հոգի չէ նկատուած, որ ունենայ քաղաքական-մտաւորական կարողութիւններ։
Քանի՞ հայրենադարձներ ներկայ են տեղական ընդդիմադիր կուսակցութիւններու քաղաքական ղեկավարութեան մէջ
Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները 2018֊էն ի վեր հարիւրաւոր հանրաւաւաքներ կազմակերպած են, բայց չեմ յիշեր նոյնիսկ մէկ անգամ, որ հայրենադարձ մը հրաւիրուած ըլլայ ամպիոն՝ ճառով մը հանդէս գալու համար, ԲԱՑԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ընտրական շրջաններու: Այո՛, «Հայաստան» դաշինքին պարագային, որուն մաս կը կազմէ ՀՅԴ֊ն, լսած եմ, որ 2021ի ընտրաշարվի ընթացքին, Նախագահ Քոչարեան հանդիպում մը ունեցած է հայրենադարձներուն հետ, եւ անշուշտ անոնց մեծ մասը Դաշնակցութեան համակիրներն են, եւ 2026֊ին տեսայ, որ մէկ այլ դաշնակցական հինգ վայրկեանով բարձրացաւ ամպիոն՝ Դաշինքի կազմակերպած ընտրական հանրաւաւաքի մը ընթացքին:Սերոբ հակոբեան
Ու ամէն ինչի նման՝ ո՞ւր է շարունակութիւնը, Follow Up: Հայաստանն ունի յայտնի արտայայտութիւն մը. «Ու հետո՞»
Միթէ չե՞նք գտներ տարօրինակ, որ հայրենադարձները, որոնք կը գան, այդքան հազուադէպ կը հրաւիրուին հարցազրոյցներու, եւ արդե՞օք միայն ես եմ, որ այնպիսի տպաւորութիւն ունիմ, թէ մենք սահմանափակուած ենք առավելագույնը հարցազրոյցներ վարելու եւ միայն տեղական քաղաքական գործիչներուն հարցեր տալու ու լսելու, բայց արտահայտելու "կարիքը չի կայ ֊ պետք չի"
Ասիկա թիփիկ Հայաստանեան ամէն ինչի նման է. նոյն դոգմաթիկ, փակ մտածելակերպն է Հայաստանի մէջ՝ այն մտայնութիւնը, թէ անոնք արդէն ամէն ինչ լուծած ու գտած են, եւ վերջ չկայ Սփիւռքի հայերուն հետ խորհրդակցելու, բայց ասիկա եւս կիսաճշմարտութիւն մըն է:
Փակագիծ մը բանամ. այս մարզին մէջ ալ, ինչպէս ամէն ինչի պարագային, իշխանութիւնները շատ աւելի ճարպիկ հմուտ եւ հնարամիտ են, քան ընդդիմութիւնը։ Անոնք լաւ գիտեն, որ հայրենադարձներուն մեծամասնութիւնը չի զորակցիր իրենց, եւ նոյնը ճիշդ է նաեւ Սփիւռքի պարագային, բայց անոնք քարոզչութեան վարպետներ են, երբ մեծ թափով կը հիւրընկալեն Սփիւռքէն այն քաղաքական գործիչները, որոնք կ՚աջակցին իրենց:
Ընդունինք, որ Սփիւռքի մէջ կան լեգենդներ, որոնք ընդդիմադիր լրատուամիջոցները չեն կրնար անտեսել եւ կը հիւրընկալեն զանոնք, բայց երբ խօսքը կը վերաբերի բարձրացող կամ նոր դէմքերու, նոր սերունդի, ընդդիմութիւնը այնքան տափակ ու անարդիւնք է։
Բայց կ՚ուզեմ շարունակել բացատրելու, եւ ոչ թէ արդարացնելու, որ այս վիճակին պատճառը անպայման Սփիւռքի հանդէպ խտրականութիւն կամ նախապաշարում չէ. այս հիվանդութեան արմատները այլ տեղ են՝ միեվնոյնը, որ զուգահեռաբար կը վազէ նաեւ հայկական Սփիւռքին ներսը:
Անաչառ ըլլալու եւ բոլոր կողմերը ներառելու համար, պէտք է ըսել, որ միայն հայրենադարձները չեն, որոնք կը տառապին ասկէ, այս երեվույթըարեւմտահայ հայրենադարձներու հանդէպ կատարուող խտրականութիւն չէ։
Ո՛չ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ ծնած արեւելահայերէն շատեր եւս կը տառապին նոյն անտեսումէն:
Ճշմարիտ պատճառը ունի իր անունը. կը կոչուի «թայֆայութիւն» եւ ունի երկու ճիւղ։ Առաջինը կապ ունի Հայաստանի «պետք չի, որեւէ նոր բան փորձելու կարիք չկայ» փակ կաղապարուած դոգմաթիկ մտածելակերպին հետ:
Միւսը աւելի լուրջ է, որ կ՚ուզէ ամէն ինչ պահել «թայֆայի», Կարեւոր անձանց (VIP) ցանկի, խիստ հաւատարիմներու եւ չհռչակուած «թագաւորական ընտանիքի» շրջանակին մէջ, անտեսանելի ու միշտ ալ գոյութիւնը հերքուած, սակայն չափազանց զգալի:
Մեզի համար, որոնք Սփիւռքէն կու գանք, այս բանը օտար չէ. Սփիւռքի մէջ եւս կան որոշակի կանոններ՝ այդ չյայտարարուած ցանկին մէջ ընդունուելու համար․
- Պլատինէ ցանկ Platinium member՝ երբ ունիս մտերիմ կամ ընտանեկան կապ մը ղեկավարին հետ,
- Ոսկէ ցանկ Golden՝ եթէ կը տրամադրես դրամական աջակցութիւն,
- Արծաթէ ցանկ՝ շատ մի՛ արտայայտուիր, շատ մի՛ քննարկիր, մի՛ թուիր չափազանց խելացի,
- Բրոնզէ ցանկ՝ բերանդ պինդ փակ պահէ եւ ձեռքերդ աշխոյժ պահէ ծափահարելու համար։
Այժմ կը թուի, թէ Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը միանայ իշխանութիւններու այս խաղին. մինչ իշխանութիւնները ունին իրենց երգեցիկ կարգախօսը՝ «նախկինները», ընդդիմութիւնը կը փորձէ արդարացնել ինքզինք՝ մատնացոյց ընելով «իշխանութիւնները»:
Եթե հայկական քաղաքական դաշտը յամառի իր «թայֆայական» կամակոր ոգիին վրայ, հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ պարտուիլ իր թշնամիներուն դէմ, իսկ եթէ ընդդիմութիւնը շարունակէ այդ նոյն ուղին, պիտի շարունակէ պարտուիլ «Քաղաքացիական պայմանագիր»֊ին։
Դուք անկարող եք միայնակ ինքնուրույնհաղթել. անկախութենէն ի վեր ձախողած էք:
Յաղթանակի միակ ճանապարհը «թայֆան» լքելն է եւ բացուիլը Ոսկէ ցանկէն դուրս գտնուող տեղացի հայերուն ու Սփիւռքին առջեւ:
Մաս Առաջին
Շարունակելի