«Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կիպրոսի Շրջանի Գործունէութեան Քսան Տարին
Social Democrat Hunchak Party - Cyprus
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ
Մեծ գոհունակութեամբ կը յայտնենք, թէ Երեւանի մէջ, «Լուսակն» տպագրատունէն լոյս տեսաւ «Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կիպրոսի Շրջանի Գործունէութեան Քսան Տարին (2005-2025)» հատորը:
160 էջերէ բաղկացած պատկերազարդ հատորը խմբագրած եւ հրատարակութեան պատրաստած է ընկեր Աւետիս Փոշօղլեան:
Գիրքը կը պատմէ ՍԴՀԿ-ի հիմնադրութեան հանգամանքներուն մասին, նախապատմութեան, ՆՍՄՄ-ի, ՀՄՄ-ի, կիպրահայ գաղութէն ներս տեղի ունեցած էական հարցերուն՝ ընտրութիւններ (պետական ներկայացուցիչի, Թեմական Ժողովի), համագաղութային ձեռնարկներ, արցախեան շարժում, հանդիպումներու եւ յարակից հարցեր, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ եւ այլն:
Գիրքը լոյսին եկած է մեկենասութեամբ ընկեր Յակոբ Տիգրանեանի: