Փաշինեանը Նիւ Եորք Ժամանեց ՄԱԿ-ի Մէջ Ելո՞յթ Ունենալու, Թէ՞ Ամերիկահայ Ուսանողները Պառակտելու Նպատակով
Փաշինեանը Նիւ Եորք Ժամանեց ՄԱԿ-ի Մէջ Ելո՞յթ Ունենալու, Թէ՞ Ամերիկահայ Ուսանողները Պառակտելու Նպատակով
Յարութ Սասունեան
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դարձած է այնքան վիճայարոյց դէմք մը, որ անոր ելոյթները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ յաճախ ուժեղ հակազդեցութիւն կը պատճառեն:
ՄԱԿ-ի մէջ օտար բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ նախատեսուած հանդիպումներէն անկախ` Փաշինեան որոշեց Նիւ Եորքի մէջ, սեպտեմբեր 23-ին հանդիպում ունենալ Համահայկական ուսանողական միութեան (ASA) անդամ հանդիսացող խումբ մը ամերիկահայ ուսանողներու հետ: Ըստ էութեան, այս մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի պարտականութիւնն է, սակայն վերջինէս չէին խնդրած ընկերանալ վարչապետին՝ Միացեալ Նահանգներ այցելութեան ընթացքին:
Նկատի ունենալով հայկական հարցերու վերաբերեալ Փաշինեանի խնդրայարոյց դիրքորոշումները` Համահայկական ուսանողական միութեան վարչութիւնը ոչ միայն խախտեց կազմակերպութեան «անկուսակցական» մնալու սկզբունքը, այլ նաեւ վարչապետին հետ կայանալիք հանդիպման մասին տեղեակ չպահեց եւ այս գծով չխորհրդակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ միութեան տարբեր մասնաճիւղերու ղեկավարներուն հետ:
Փաշինեանի հետ հանդիպումը պառակտում յառաջացուց Համահայկական ուսանողական միութեան անդամներուն միջեւ: Միութեան Արեւելեան շրջանի փոխատենապետ Թամարա Գ. Նահապետեան, դէմ արտայայտուելով այդ հանդիպման, հրաժարական տուաւ: Ան ինծի ըսաւ, որ հանդէս եկած է ծաւալուն յայտարարութեամբ մը՝ «Անկուսակցական Համահայկական ուսանողական միութիւնը կը մտնէ քաղաքական դաշտ» վերնագիրով՝ ափսոսանք յայտնելով, որ Փաշինեան յաջողեցաւ ապակայունացնել եւ պառակտել սփիւռքի մէջ գործող անկուսակցական ու ապաքաղաքական այս հայկական կազմակերպութիւնը: Միութեան վարչութեան այլ անդամ մըն ալ հրաժարական տուաւ: Միութեան առնուազն երեք մասնաճիւղեր յայտարարութեամբ հանդէս եկան՝ անջատելով իրենք զիրենք Փաշինեանի հետ հանդիպելու Համահայկական ուսանողական միութեան որոշումէն: Թէեւ միութեան անդամները ազատ են իրենց քաղաքական կողմնորոշումներուն մէջ, բայց եւ այնպէս Համահայկական ուսանողական միութիւնը անկախ կազմակերպութիւն մըն է, եւ չափազանց վնասակար է պառակտում մտցնել այն երիտասարդներուն միջեւ, որոնք պիտի դառնան ամերիկահայ համայնքի ապագայ առաջնորդները:
Սակայն խնդիրը աւելի խոր է, քան պարզապէս Համահայկական ուսանողական միութեան ներքին տարակարծութիւնները կամ սփիւռքահայութեան մէջ քարոզչական յաջողութիւն արձանագրելու Փաշինեանի ձգտումը: Խօսքը Հայաստանի կառավարութեան՝ սփիւռքը օտարելու ութամեայ քաղաքականութեան շարունակութեան մասին է. քաղաքականութիւն մը, որուն դէմ է սփիւռքահայութեան մեծ մասը՝ չընդունելով Փաշինեանի զիջողական կեցուածքն ու Հայաստանի թշնամիներուն կատարուող անվերջանալի զիջումները: Այս գործընթացը սկսաւ 2018 թուականին՝ Փաշինեանի իշխանութեան գալէն քիչ ետք Սփիւռքի նախարարութեան լուծարումով, որուն հետեւեցան սփիւռքէն ստացուող մարդասիրական օգնութենէն հրաժարելու վերաբերող բազմաթիւ յայտարարութիւնները, ընտրութեան օրը քուէարկելու նպատակով Հայաստան ժամանած Հայաստանի քաղաքացիներու մուտքը արգելափակելը, սփիւռքահայերու համար Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը դժուարացնելը, օտարներու ներգաղթը քաջալերելը (երկրին բնակչութեան «միազգ» պատկերը փոխելու նպատակով), Հայոց ցեղասպանութեան փաստերը կասկածի տակ դնելը, Արարատ լերան ու հայկական այլ սրբազան խորհրդանիշերու պատմական նշանակութեան արժեզրկումը, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներու յանձնումը Ազրպէյճանին:
Այլ երկիրներու մէջ հայ համայնքներու հետ նախապէս կայացած հանդիպումներու ընթացքին վարչապետը կը պահանջէր, որ մասնակիցները մինչեւ հանդիպման աւարտը յանձնեն իրենց բջիջային հեռաձայնները: Ապա Փաշինեան իր Դիմատետրի էջին վրայ կը հրապարակէր իր ելոյթէն միայն կարճ հատուածներ՝ զանց առնելով ներկաներու կողմէ ուղղած որեւէ հարցում: Մասնակիցները նախօրօք կ՛ընտրուէին, որպէսզի ոչ ոք արծարծէ վարչապետին դիրքորոշման հակասող որեւէ անհանգստացնող նիւթ:
Համահայկական ուսանողական միութեան ղեկավարները սկիզբը խնդրած էին ուսանողներէն իրենց հարցումերը նախապէս գրաւոր ներկայացնել: Աւելի ուշ՝ բողոքներէն ետք, որոշեցին արտօնել ուսանողներուն ուղղակիօրէն հարցնելու: Հանդիպումէն ետք Համահայկական ուսանողական միութեան ղեկավարները յայտարարութիւն տարածեցին՝ պատճառաբանելով. «Համայնքէն ստացուած որոշ արձագանգներէ ետք, յետադարձ հայեացքով կը գիտակցինք, որ թափանցիկութեան ապահովման նպատակով մեր ներքին հաղորդակցութիւնը կրնար աւելի լաւ ըլլալ»: Համահայկական ուսանողական միութեան այս յայտարարութեան տակ՝ «Ինսթակրամ»-ի էջին վրայ, ցարդ կատարուած է 172 մեկնաբանութիւն, որոնք հիմնականին մէջ քննադատական բնոյթ ունին: Բազմաթիւ դժգոհութիւններ հնչած են առ այն, որ ուսանողներու բացասական մեկնաբանութիւնները ջնջուած են: Ոմանք պահանջած են Համահայկական ուսանողական միութեան վարչութեան հրաժարականը:
Եթէ Փաշինեան իսկապէս մտադիր էր հանդիպում ունենալ Նիւ Եորքի ամերիկահայ համայնքին հետ, ինչո՞ւ մեծ սրահ մը չվարձեց եւ համայնքի հարիւրաւոր ներկայացուցիչներուն կարելիութիւն չտուաւ լսելու զինք, ինչպէս նաեւ հարցումներ ուղղելու եւ քննադատելու իր հակահայկական քաղաքականութիւնը:
Հայաստանի կառավարութիւնը հակասական դիրքորոշում ունի Հայաստանի գործերուն սփիւռքի մասնակցութեան վերաբերեալ: Մեզի կ՛ըսեն, թէ իրաւունք չունինք կարծիք յայտնելու Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերող հարցերու մասին: Նման անհեթեթ պնդում ընողները կը մոռնան, որ Հայաստանը բոլոր հայերուն հայրենիքն է՝ անկախ անոնց բնակութեան վայրէն: Սփիւռքահայերուն՝ Հայաստանի հարցերով կարծիք յայտնելէ զերծ մնալու կոչերուն իսկական պատճառն այն է, որ Փաշինեանի անհանդուրժող աջակիցները չեն մարսեր սփիւռքէն հնչող հակադիր տեսակէտները: Վստահ եմ՝ եթէ սփիւռքահայերը քննադատելու փոխարէն գովաբանէին Փաշինեանը, Հայաստանի մէջ ոչ ոք պիտի համարձակէր ըսել՝ «Դուք իրաւունք չունիք կարծիք յայտնելու»: Ասկէ բացի, անկախ կարծիքի բնոյթէն՝ մարդիկ ամէնուրեք արտայայտուելու իրաւունք ունին: Այլակարծութեան հանդէպ անհանդուրժողութիւնը խախտումն է ժողովրդավարութեան այն հիմնարար սկզբունքներուն, որոնց պահպանման մասին կը բարձրաձայնէ վարչապետը:
Փաշինեան չի կրնար սփիւռքի հանդէպ նման բացասական դիրքորոշում որդեգրել, ապա Համահայկական ուսանողական միութեան անդամները հրաւիրել իրեն հետ հանդիպման: Աւելի՛ն. քանի որ Փաշինեան բազմիցս պնդած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ի վիճակի է լիովին հոգալու բնակչութեան կարիքները եւ արտաքին օգնութեան կարիք չունի, ապա ինչո՞ւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջոցով տարեկան դրամահաւաք կը կազմակերպէ տասնեակ երկիրներու մէջ: Հայաստանի մէջ հաստատուած այս հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը կը գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, որուն կը միանան վարչապետը եւ շարք մը այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Իր բողոքագիրին մէջ Թամարա Գ. Նահապետեան նշած է. «Չես կրնար սփիւռքը միաժամանակ անտեսել՝ իբրեւ Հայաստանի քաղաքականութեան համար անկարեւոր գործօն, եւ միեւնոյն ատեն օգտագործել զայն՝ իբրեւ այդ քաղաքականութեան լսարան»:
Գովասանքի արժանի են այն ուսանողները, որոնք դէմ արտայայտուեցան Փաշինեանի հակահայ քաղաքականութեան եւ մերժեցին անոր հետ հանդիպում ունենալու՝ Համահայկական ուսանողական միութեան վարչութեան անդամներուն որոշումը: