Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան երկար տարիներու ատենապետ՝ գաղափարի նուիրեալ , Ընկեր ՎԱՍԻԼ ԱԳԸԼԵԱՆ

Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան երկար տարիներու ատենապետ՝ գաղափարի նուիրեալ , Ընկեր ՎԱՍԻԼ ԱԳԸԼԵԱՆ
shadow
Պէյրութի Հ.Մ.Մ.-ի մեծ ընտանիքը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն
Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան երկար տարիներու ատենապետ՝ գաղափարի նուիրեալ , Ընկեր
ՎԱՍԻԼ ԱԳԸԼԵԱՆ-ի մահը

Մահացած է Հնչակեան նուիրեալ գործիչներէն՝ Վասիլ Աքըլեան

Source:
https://arevelk.am/articles/mahacats-e-hnchakean-nvouireal-gvortsichneren-vasil-aqylean 

Պէյրութի մեր աղբիւրէն տխուր լուր ստացանք։

Մահացած է ՍԴՀԿ-ի նուիրեալ գործիչներէն՝ Վասիլ Աքըլեան։

Կը նշուի, որ հանգուցեալը ծնած էր Դամասկոս (1932-ին) եւ երիտասարդ տարիքին փոխադրուած էր Պէյրութ, ուր գործած էր առեւտրական տարբեր ոլորտներու մէջ։

 Շրջան մը գործած էր Քուէյթի մէջ եւ սատարած տեղի հայկական համայնքի կազմաւորման աշխատանքներուն։

 Հայրենիքի հանդէպ վառ զգացումներ ունեցող Վասիլ Աքըլեան տարբեր փուլերու կարեւոր կապ հանդիսացած է մէկ կողմէ (մասնաւորապէս Սովետական Հայաստանի ժամանակներուն) Հայաստանի եւ միւս կողմէ Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութներուն միջեւ ու մասնակից դարձած է Պէյրութ մեկնող մշակութային խումբերու ելոյթներու կազմակերպման։

 Ապա պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան եւ ՀՄՄ-ի մէջ դառնալով  այդ մարզական միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ։

 Շրջապատին հանդէպ  հոգատար  եւ իր  պէյրութահայ    անապահաով խաւերուն  օգնութեան ձեռք մեկնած Վասիլեան   պատասխանատու պաշտօն ստանձնած է նաեւ ՀԿԲՄ-ի   շրջանակներուն մէջ։

 Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը ՝ Պէյրութի մէջ։

----------------------------------------------------

 

Homenmen Beirut Sportive Association

Source: 

ԳՈՅԺ

Պէյրութի Հ.Մ.Մ.-ի մեծ ընտանիքը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն

Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան երկար տարիներու ատենապետ՝ գաղափարի նուիրեալ , Ընկեր

ՎԱՍԻԼ ԱԳԸԼԵԱՆ-ի մահը, որ պատահեցաւ այսօր , 7 Յունիս 2022 -ին , առաւօտեան իր բնակարանին մէջ :

Ան Ծնած է 1932-ին՝ Դամասկոս :

Զաւակն է Եփրեմ եւ Սրփուհի Ագըլեաններու :

Ազգային բեղուն գործունէութիւն բերած է Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան շրջանակներէն ներս Լիբանանի,Հալէպի,Դամասկոսի եւ Քուէյթի մէջ։

Ընկեր Վասիլը՝ իր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւններով, միշտ աջակցած է Հ.Մ.Մ. Պէյրութի վարչութիւններուն։

Ընկեր Ագըլեան-ի անժամանակ կորուստը եւ բացակայութիւնը մեծ ցաւ կը պատճառէ

Հ.Մ.Մ.-ի մեծ ընտանիքին:

Այս տխուր առիթով Պէյրութի Հ.Մ.Մ.-ի Վարչութեան անունով մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն համայն հարազատներուն եւ գաղափարի ընկերներուն :

Լոյսերու մէջ հանգչի Ձեր ազնիւ նուիրեալ հոգին ընկեր Վասիլ :

Մասիս Մարզական Միութիւն ՊՀ

Մասիս Մարզական Միութիւնը դառն կսկիծով կը սգայ Միութեանս երկարամեայ համակիր , նուիրատու եւ գաղափարակից, ՀՄՄ-ի կեդրոնական Վարչութեան նախկին Ատենապետ ընկեր Վասիլ Ագըլեանի մահը ։

Հանգուցեալ ընկերը երկար տարիներու վրայ սեղմ գործակցութիւն հաստատեց Միութեանս հետ ,միշտ նշելով որ Մասիս ակումբը իր հնչակեան կուսակցականութեան եւ ՀՄՄ-Ի պատկանելիութեան անբաժանելի տունը հանդիսացած է ։ Վարչութիւնս հարգանքի տուրք կ'ընծայէ Վեթերան ընկերոջ երկարամեայ կուսակցական եւ ՀՄՄ-ական յիշատակելի գործնէութեան, ։

Այս տխուր առիթով , Մասիսի Վարչութիւնը խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալին տիկնոջ , դուստրին ,թոռան եւ ընտանեկան պարագաներուն, բաժնեկից դառնալով իրենց վիշտին ։

Աստուած երկնային լուսաւորութեան արժանացնէ հանգուցեալ ընկերոջ հոգին ։

Source

Homenmen Antelias

Հ.Մ.Մ. Աթիլիասի ընտանիքը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Հ.Մ.Մ.- Ի կեդրոնական վարչութեան երկար տարիներու ատենապետ՝ գաղափարի նուիրեալ , ընկեր ՎԱՍԻԼ ԱԳԼԵԱՆԻ-  մահը որ պատահեցաւ  7 Յունիս 2022:
Աստուած հոգին լուսաւոր

Source 

 

 

Related to category Miscellaneous

Comment on Facebook

Comment on Disqus