ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ 107-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՈՒԽՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ

ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ 107-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՈՒԽՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ
shadow
107 տարիներ եւ հայրենասիրութեան ջահը կը մնայ վառ. 107 տարիներ եւ հայրենիքին համար անձնուէր ծառայելու պատգամով տոգորուած է իւրաքանչիւր հնչակեանի սիրտն ու հոգին: 107 տարիներ եւ Հնչակեան ուխտը տեւաբար կը վերանորոգուի` նոր շունչ հաղորդելով հայ ժողովուրդի արդար պայքարին:

From the page of:

https://www.facebook.com/HunchakLebanon 

Social Democrat Hunchak Party - Lebanon 
The Social Democrat Hunchak party page on facebook 

Excerpt

ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ 107-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՈՒԽՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ

107 տարիներ եւ հայրենասիրութեան ջահը կը մնայ վառ. 107 տարիներ եւ հայրենիքին համար անձնուէր ծառայելու պատգամով տոգորուած է իւրաքանչիւր հնչակեանի սիրտն ու հոգին: 107 տարիներ եւ Հնչակեան ուխտը տեւաբար կը վերանորոգուի` նոր շունչ հաղորդելով հայ ժողովուրդի արդար պայքարին:

Հնչակեան Քսան ղեկավար ընկերներու հաւաքական նահատակութեան 107-րդ տարելիցը ոգեկոչելու նպատակով, երէկ երեկոյեան, Հ.Կ.Բ.Մ. Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան Գոլեճի շրջափակին մէջ մէկտեղուած էին կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետն ու անդամները, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եւ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները, Հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի մասնաճիւղերու վարչութիւնները ղեկավարող եւ ներկայացնող ընկերներ, կուսակցութեան երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերու անդամ ընկերներ, Ս.Դ.Հ.Կ-ի հովանաւորութիւնը վայելող յարակից միութիւններու ատենապետներ, վարչականներ եւ ներկայացուցիչներ:

Հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի կազմակերպած “Ուխտի վերանորոգումի” սեղմ հանդիսութիւնը սկսաւ յարգելով յիշատակը նահատակ ընկերներուն` Փարամազի կիսանդրիին առջեւ մոմավառութեամբ, ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ խոնարհելով, որմէ ետք ներկաները միասնաբար երգեցին “Առ Հնչակ” քայլերգը:

Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ընկ. Սեւակ Իզմիրլեան: Ան յիշեցուց, որ Փարամազին եւ 19 ընկերներուն յեղափոխական սկզբունքները եւ ուղեգիծը կը մնան այժմէական, որովհետեւ այսօր եւս կառչած կը մնանք մեր ազգը զօրացնող արժանիքներուն ու ազգային արժանապատուութեան: Որպէս ուխտի վերանորոգում, ան յիշեցուց, որ կուսակցութեան հիմնադրութենէն 135 եւ Քսաններու նահատակութենէն 107 տարի ետք տակաւին վառ կը մնայ անոնց կտակը:

Social Democrat Hunchak Party  Social Democrat Hunchag Party

.............................

For Full Details please go to:
 

Full deetails on the Hunchakian Party on Facebook 

 

 

Image Gallery

Related to category Politics

Related to subcategory Lebanon

Comment on Facebook

Comment on Disqus