ԸՆԿԵՐ ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ : ԱՆՆԵՐԵԼԻ ԵՒ ՆՈՅՆՔԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼԻ ԿԸ ԳՏՆԵՄ ԳՈՐԾՈՂ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԱՆՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ԸՆԿԵՐ ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ : ԱՆՆԵՐԵԼԻ ԵՒ ՆՈՅՆՔԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼԻ ԿԸ ԳՏՆԵՄ ԳՈՐԾՈՂ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԱՆՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
shadow
Տողերս գրողը կը պատկանի թրքական բռնատիրութեան դէմ, Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան, Հայաստանի անկախութեան եւ բարգաւաճումին համար բազմահազար նահատակներ տուած հայ քաղաքական Մայր կուսակցութեան: Հնչակեան կուսակցութեան: Պատանութեան տարիքէս սորված եմ «Արարատի փէշերուն պիտի զարնենք մեր վրանները», դաստիարակուած եմ ժիրայրներու, Մուրատներու, Աղասիներու եւ Փարամազներու, Սապահ Գիւլեաններու եւ Պանդուխտներու հայրենասիրական ոգիով, աններելի եւ նոյնքան ցաւալի կը գտնեմ գործող վարչապետին անպատասխանատու յայտարարութիւնները:

Ազգային Ժողովրդավարական Ընկերվարական պատմական Հնչակեան Ռահվիրայ Փարամազներու եւ Սապահ Գիւլեաններու Շունչին հետեվորդ Գաղափարական Ավագ Ընկեր Ահարոն Շխրտմեան հետեվյալ գրառումը կատարած է Ֆայպուկի վրայ

Aharon Shekerdemian

ԱՆՆԵՐԵԼԻ ԵՒ ՆՈՅՆՔԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼԻ ԿԸ ԳՏՆԵՄ ԳՈՐԾՈՂ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԱՆՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի խորհրդանիշները կասկածի տակ առնելու, ազգային եւ պետական գաղափարախօսութեան հանդէպ հեգնանքը նոր թափ ստացաւ երբ Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետը քանի մը յայտարարութիւններով նոր ցնցումներ փորձեց յառաջացնել Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ:

Լուրջ հարցական է, թէ որո՞ւն կը ծառայեն եւ ի՞նչ կը հետապնդեն Արցախի, հայ ժողովուրդի յիշողութեան, Հայոց ցեղասպանութեան,հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան, Հայաստանի անվտանգութեան վերաբերեալ իշխանութիւններուն կեցուածքները: Դատափետած «Իրական Հայաստան»ի մը երա՞զը արդեօք...:

Միայն դաւաճանութիւ՞ն ընդունիք, Զուիցերիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն առջեւ Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ վարչապետին ժխտողական յայտարարութիւնները, թէ՞ ազգը պառակտելու նոր սեպ: Իր պատճառով ստեղծուած Սփիւռք- հայրենիք խրամատը տակաւ խորացնելու նոր «ռազմավարութիւն»:

Ըստ վարչապետին՝ «քննարկումներու առարկայ»ի անհրաժեշտ է վերածել Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Միջազգային ընտանիքը յստակ գնահատական տուած է մեր վարչապետին ամօթալի, ստորնացուցիչ հարցականներուն: Տասնեակ պետութիւններ, միջազգային կառոյցներ ճանչցած են քսաներորդ դարու Առաջին ցեղասպանութիւնը: « Պէտք է գիտնալ թէ ինչ՞ տեղի ունեցած է, ինչո՞ւ տեղի ունեցած է, որու՞ միջոցով եւ ինչպէ՞ս ընկալած ենք Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ինչու՞ Հայաստանի օրակարգին մէջ յայտնուած Հայոց ցեղասպանութիւնը»: Վարչապետը դժգոհութիւն ալ յայտնած է. «Սա պէ՞տք է հասկնանք, թէ՞ չպէտք է հասկնանք»: Անգրագիտութիւն պարզապէս: «Իրողութիւն»ը ուսումասիրելու վարչապետին «տեսութիւն»ը լիովին կը համապատասխանէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը «խմբագրելու» Թուրքիոյ պահանջին:

Պատահականութիւ՞ն էր վարչապետին յայտարարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականցող օրէնք քուէարկած պետութեան մը սրտին մէջ...:

Արդեօ՞ք հող կը պատրաստուի հայ ժողովուրդին դիմաց թուրք մարդասպանները արդարացնելու...

Երկրագունդին վրայ ամենատգէտ մարդն անգամ գիտէ եւ լսած է Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:Վարչապետը , առաւօտները հեծանիւ վարելու, հաւկիթ տապկելու,անգլերէն դասընթացքներու հետեւելու փոխարէն, նախընտրելի պիտի ըլլար, որ որեւէ գրավաճառի հանդիպէր, ազգային ակադեմիա կամ ազգային գրադարան յաճախէր, օտար հեղինակներու, պատմաբաններու գործերուն ծանօթանար Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ....:

Վարչապետը եթէ այսօր կը փափաքի հասկնալ, թէ ի՞նչ պատահած է 1915-ին, զարմանալիօրէն ճիշդ չորս տարի առաջ ունէր այդ հարցումին պատասխանը:

Խօսքը վարչապետինն է (2021)՝. «Հայոց ցեղասպանութեան մեղաւորներն ու պատասխանատուները միանշանակ օսմանեան կայսրութեան երիտթուրքական կառավարութիւնն էր իր փանթուրքիզմի գաղափարախօսութեամբ,որուն նպատակն էր մոնոէթնիկ միացեղ եւ ծաւալապաշտական Թուրքիայի ստեղծումը, որ իր հերթին ծնած էր հայատեացութիւն եւ ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններէն ազատելու գաղափարը»: Ինչու՞ այս մոռացութիւնը...

Այստեղ չաւարտեցան վարչապետին շաբաթավերջի յայտնագործութիւնները:

Հանրային հեռուստատեութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին, ան յայտարարեց, թէ միջազգային ընտանիքը զէնք պիտի չվաճառէ Հայաստանին, այնքան ժամանակ, որ չենք հրաժարիր Արարատէն..:

Հայրենական, միջազգային մամուլին քիչ թէ շատ հետեւող մը ըլլալով, մինչեւ օրս նման պայման մը չեմ լսած Արեւեմուտքի եւ Արեւելքի պետութիւններէն, բացի եթէ վարչապետը մտադրած է Թուրքիայէն կամ Ազրպէյճանէն գնել զէնք...:

Վարչապետը կասկածի տակ կը դնէ հայ ժողովուրդի նկարագրին կարեւորագոյն բնորոշումները՝ Արարատ լեռէն մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ցանկացած հայու համար Արարատը մեր կորսնցուցած հայրենիքին խորհրդանիշն է: Արարատ լեռը կը խորհրդանշէ մեր ժողովուրդի ազգային ինքնութիւնը: Ճնշում կը բանեցուի ժողովուրդին վրայ, հրաժարելու Արարատը իբրեւ Հայաստանի վերածնունդի խորհրդանիշ ընկալելէ:

Արարատէն հրաժարելու այս պայմանը թուրք-ազերիական զինակցութեան հիմնական պայմաններէն մէկը կը մնայ առ այսօր:

Ալիեւ կը բարձրաձայնէ զինաթափել եւ կրճատել հայկական բանակը, փոփոխութեան ենթարկել Հայաստանի սահմանադրութիւնը, զինանշանը, ազերիներ բնակեցնել Հայաստանի տարածութեան մէջ, Զանգեզուրի միջանցքը անկաշկանդ օգտագործելու անուան տակ՝ փաստացի բռնագրաւել Սիւնիքը:

Այս բոլոր ճակատագրական սպառնալիքներուն դէմ, վարչապետը իր իշխանութիւնը պահպանելու համար զաւեշտական, աժանագին տեսագրութիւններով, ծիծաղելի եւ զզուելի ցուցադրութիւններով, «խաղաղութեան խաչմերուկ»ի ձախողած թեզով կը փորձէ սքօղել Հայաստանի մտահոգիչ իրականութիւնը: Ազգայինը կը մկրտուի համապետական, Հայոց պատմութիւնը կը մաղուի՝ Հայաստանի պատմութեան:

Դէպի ու՞ր պիտի հասնինք այս հեղհեղուկ անհեռանկար ռազմավարութեամբ: Թուրք-ազերիական յարձակումի մը Դամոկլեան սուրը աւելի բացայայտ սկսած է դառնալ: Մենք որո՞ւ կ՛ապաւինինք, օր ըստ օրէ դաշնակից ու բարեկամ կը կոսնցնենք աջ ու ահեակ:

Տողերս գրողը կը պատկանի թրքական բռնատիրութեան դէմ, Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան, Հայաստանի անկախութեան եւ բարգաւաճումին համար բազմահազար նահատակներ տուած հայ քաղաքական Մայր կուսակցութեան: Հնչակեան կուսակցութեան: Պատանութեան տարիքէս սորված եմ «Արարատի փէշերուն պիտի զարնենք մեր վրանները», դաստիարակուած եմ ժիրայրներու, Մուրատներու, Աղասիներու եւ Փարամազներու, Սապահ Գիւլեաններու եւ Պանդուխտներու հայրենասիրական ոգիով, աններելի եւ նոյնքան ցաւալի կը գտնեմ գործող վարչապետին անպատասխանատու յայտարարութիւնները:

Մեր մեծ հայրերը, մեծ մայրերը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով տեղահանուած են իրենց ծննդավայրերէն՝ Արեւմտահայաստանէն եւ Արցախէն: Օտարութեան մէջ կ՛ապրինք այ՛ո, բայց կ՛ապրինք մեր պատմական հայրենիքին վերատիրանալու կամքով: Կ՛ապրինք մեր հայրենիքը հզօրացնելու, անոր նուաճումներով հպարտանալու բերկրանքով: Կ՛ապրինք պատմական արդարութիւնը վերականգնելու, պահանջատիրական պայքարը հետապնդելու վճռակամութեամբ: Այլեւս կարելի չէ ազգակործան պատուհասներու ապիկար ճակատագրին լքել Հայաստանի հանրապետութեան եւ հայրենի մեր քոյրերուն, եղբայրներուն ճակատագիրը:Ժողովրդավար պետութիւն մը անմիջապէս ատեանի առջեւ պիտի հրաւիրէր նման դաւաճանական յայտարարութիւն կատարող իր վարչապետը...

Տողերս գրողը կը հաւատայ Սփիւռք-հայրենիք սերտ ու անկեղծ համագործակցութեան: Ժողովրդավար, ընկերային արդարութեան վրայ յենած պետականութեան մը գոյառման: Պետականութիւն եւ հզօր բանակ, տէր կենալու մեր ազգային խորհրդանիշներուն, արժէքներուն, հաւատարիմ մեր համազգային իրաւունքներուն պաշտպանութեան: Պետականութիւն, յանձնառու պատմական արդարութիւնը վերականգնելու հրամայականին:

Related to category Politics

Related to subcategory Armenian Diaspora

Comment on Facebook

Comment on Disqus