Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինը ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԽԱԼԻԼ ՊԱՏԱՈՒԻԻ ԿՐԱԿՈՑՆԵՐԸ

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինը ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԽԱԼԻԼ ՊԱՏԱՈՒԻԻ ԿՐԱԿՈՑՆԵՐԸ
shadow
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինը խստիւ կը դատապարտէ Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլի գիշերուայ ժամը 10:05-ին Խալիլ Պատաուի թաղամասին մէջ գտնուող ՀՄՄ Պէյրութի ակումբին ուղղութեամբ հրաձգութիւնը, զոր կատարեցին մոթորսիքլէթով թաղ մուտք գործած դիմակաւոր երկու անծանօթներ: Յաւելեալ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ այն, որ նկատի առնելով այդ պահուն ակումբին խճողուածութիւնը եւ մանաւանդ մուտքի դարպասին մօտ քանի մը պատանիներու ներկայութիւնը, միջադէպը կրնար առաջնորդել աւելի լուրջ, նոյնիսկ անդառնալի հետեւանքներու:

Social Democrat Hunchak Party - Lebanon

ՍԴՀԿ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԽԱԼԻԼ ՊԱՏԱՈՒԻԻ ԿՐԱԿՈՑՆԵՐԸ

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինը խստիւ կը դատապարտէ Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլի գիշերուայ ժամը 10:05-ին Խալիլ Պատաուի թաղամասին մէջ գտնուող ՀՄՄ Պէյրութի ակումբին ուղղութեամբ հրաձգութիւնը, զոր կատարեցին մոթորսիքլէթով թաղ մուտք գործած դիմակաւոր երկու անծանօթներ: Յաւելեալ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ այն, որ նկատի առնելով այդ պահուն ակումբին խճողուածութիւնը եւ մանաւանդ մուտքի դարպասին մօտ քանի մը պատանիներու ներկայութիւնը, միջադէպը կրնար առաջնորդել աւելի լուրջ, նոյնիսկ անդառնալի հետեւանքներու:

Այսպիսի միջադէպեր մտահոգիչ են ոչ միայն համապատասխան թաղամասի բնակչութեան, այլ բոլոր լիբանանցիներուն, որոնց փափաքն է հնարաւորութիւն ունենալ ապրելու ապահով, խաղաղ եւ բարգաւաճ կեանք մը: Կը գնահատենք ՍԴՀԿ Աղասի մասնաճիւղի մեր ընկերներուն եւ ընդհանրապէս թաղեցիներուն պատասխանատու կեցուածքն ու աչալրջութիւնը, նաեւ կ'ողջունենք ապահովական առնչակից մարմիններուն անյապաղ ժամանումն ու կատարած հետաքննութիւնները, մաղթելով, որ շուտով կարելի ըլլայ բացայայտել յանցագործներուն ինքնութիւնը եւ զանոնք ենթարկել արժանի պատիժի: Պատրաստակամութիւն կը յայտնենք հնարաւոր բոլոր միջոցներով աջակցիլ ապահովական եւ դատական կառոյցներուն՝ կանխելու Լիբանանի ամբողջ տարածքին նման միջադէպերու կրկնութիւնը: Հաւաքական ջանքերով պիտի երաշխաւորուի, որ երկար տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով այս թաղամասին եւ ակումբին թիրախաւորումը ըլլայ եզակի պարագայ մը եւ վերջինը: Խալիլ Պատաուին խաղաղ է ու այդպէս պիտի մնայ:

Related to category Socialism

Related to subcategory Social Democrat Hunchakian Party

Comment on Facebook

Comment on Disqus