ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՍԴՀԿ-Ի ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԵՒ ԹԱՂԱՊԵՏԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՍԴՀԿ-Ի ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԵՒ ԹԱՂԱՊԵՏԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ
shadow
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինը մօտէն կը հետեւի Լիբանանի ամբողջ տարածքին կայացող քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ու մասնաւորաբար հայաշատ քաղաքապետութիւններու ընտրական հոլովոյթին:

Social Democrat Hunchak Party - Lebanon

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՍԴՀԿ-Ի ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԵՒ ԹԱՂԱՊԵՏԱԿԱՆ » ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ

www.facebook.com/HunchakLebanon

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինը մօտէն կը հետեւի Լիբանանի ամբողջ տարածքին կայացող քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ու մասնաւորաբար հայաշատ քաղաքապետութիւններու ընտրական հոլովոյթին:

Այս ծիրին մէջ, գլխաւորութեամբ ատենապետ Ընկ. Վանիկ Տագէսեանին, ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինը ընդունեց Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն Հնչակեան կուսակցութեան առաջադրած թեկնածուներ Յովիկ Յակոբ Պուչաքճեանը եւ թաղապետ Արմէն Մելքոն Սէֆէրեանը:

Ժողովին ընթացքին անդրադարձ եղաւ Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն եւ ընտրական նախապատրաստութիւններուն: Զրուցակիցները արծարծեցին ընդհանրապէս պէյրութցիներուն եւ մասնաւորաբար հայաշատ թաղամասերու բնակչութեան կարիքներն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, շեշտելով քաղաքացիներուն կենսական կարիքները գոհացնելու ուղղութեամբ աշխատելու անհրաժեշութիւնը:

Պուչաքճեան եւ թաղապետ Սէֆէրեան ընդգծեցին ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինին, ՊԷյրութի շրջանի մասնաճիւղերուն եւ յարակից միութիւններու վարչութիւններուն հետ համատեղ աշխատելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հնարաւորինս արագ իրականացնել զարգացումի միտող ծրագիրները: See less
 

Related to category Socialism

Related to subcategory Social Democrat Hunchakian Party

Comment on Facebook

Comment on Disqus