Հայ Հեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը կանգնի Հայկական Մայր Աթոռի կողքին Մերժելով Փաշիենանիզմի նորանոր պառակտման փորձերը

Հայ Հեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը կանգնի Հայկական Մայր Աթոռի կողքին Մերժելով Փաշիենանիզմի նորանոր պառակտման փորձերը
shadow
Այսօր, երբ հաւաքական հայ ժողովուրդը անվտանգային լրջագոյն մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, երբ յաղթահարուած չեն Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին ուղղուած գոյութենական սպառնալիքները, երբ ազգային համախմբումը եւ միասնականութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն են, իշխող վարչախումբը բացայայտ արշաւ սկսած է Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ, անոր ազգընտիր հայրապետի եւ եպիսկոպոսաց դասի նկատմամբ։

ՀՅԴ Լիբանան, ARF Lebanon, Tashnag

 

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր, երբ հաւաքական հայ ժողովուրդը անվտանգային լրջագոյն մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, երբ յաղթահարուած չեն Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին ուղղուած գոյութենական սպառնալիքները, երբ ազգային համախմբումը եւ միասնականութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն են, իշխող վարչախումբը բացայայտ արշաւ սկսած է Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ, անոր ազգընտիր հայրապետի եւ եպիսկոպոսաց դասի նկատմամբ։

Մեր ինքնութեան կարեւորագոյն հիմքերէն մէկուն նկատմամբ վարչախումբի արգահատելի նպատակադրումները եւ հռետորաբանութիւնը ակնյայտօրեն ապազգային են եւ հակասահմանադրական։

Աներկբայ է, որ զազրելի ցեխարձակումները համընկնեցան արտաքին հարթակներու մէջ ազգային շահերու եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ նախաձեռնութիւններու հետ։

Ակնյայտ է նաեւ, որ իշխանութիւններու ոտնձգութիւնները հունաւորուեցան թշնամի երկրի «կրօնապետի» անբարոյ եւ ստայօդ յայտարարութիւններուն, ինչպես նաեւ որոշ շրջանակներու կողմէ Հայաստանի մէջ կրօնական ազատութիւններու թեման շահարկելու, Հայոց ազգային եկեղեցւոյ սահմանադրականօրէն ամրագրուած պատմական առաքելութիւնը եւ կարգավիճակը խաթարող նպատակադրումներուն զուգահեռ։

Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ Հայ եկեղեցւոյ պատմական բացառիկ դերակատարութիւնը չարժեւորելը եւ վերջինս թիրախաւորելը ոչ միայն թշնամական շահեր կը սպասարկէ, այլեւ կը խորացնէ երկրին մէջ տիրող արժէքային ճգնաժամը, կը թուլացնէ մեր հաւաքական դիմադրողականութիւնը, կը նսեմացնէ հաւատաւոր հայ ժողովուրդի նուիրական զգացումները եւ արժանապատւութիւնը։

ՀՅԴ Բիւրոն իր անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնէ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, խստօրէն կը դատապարտէ իշխող վարչախումբի՝ Հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ քայքայիչ, հակապետական գործողութիւնները եւ կը յայտարարէ, որ համակայկական կառոյցի ողջ կարողականութեամբ եւ միակամութեամբ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ կողքին է՝ յանուն հայ ժողովուրդի հաւաքական իղձերու եւ Հայոց պետականութեան զօրացման։

ՀՅԴ Բիւրօ

10.06.2025

Related to category Politics

Related to subcategory Armenian National Unity

Comment on Facebook

Comment on Disqus