Փաշինեանի Իսկական Նպատակը Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Փոխարինումն Է, Եւ Ոչ Թէ՝ Հոգեւորականներու Կուսակրօնութիւնը

Փաշինեանի Իսկական Նպատակը Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Փոխարինումն Է, Եւ Ոչ Թէ՝ Հոգեւորականներու Կուսակրօնութիւնը
shadow
Մինչ Հայաստան կանգնած է գոյաբանական սպառնալիքի դէմ յանդիման, ակնկալելի էր, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւոր առաջնահերթութիւնը ըլլար երկրի շահերուն պաշտպանութիւնը: Սակայն, ցաւօք, ան զբաղած է հոգեւորականներու կուսակրօնութեամբ, հարց մը, որ չի ներառուիր կառավարութեան իրաւասութեան մէջ եւ կը խախտէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը, ուր ամրագրուած է եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատումը:
Ես կը կարծեմ, թէ Փաշինեան հոգեւորականներու կուսակրօնութեան հարցը կը բարձրացնէ անձնական շահերէն մեկնելով.
Առաջին. անոր իսկական նպատակը Գարեգին Բ. կաթողիկոսը փոխարինելն է աւելի հնազանդ հոգեւորականով: Կաթողիկոսը պահանջած էր վարչապետին հրաժարականը` 2020-ին Ազրպէյճանի դէմ պատերազմի կործանարար վատ ղեկավարումէն ետք։
Երկրորդ. ան կը փորձէ շեղել հանրութեան ուշադրութիւնը իր կառավարութեան բազմաթիւ թերութիւններէն:

Փաշինեանի Իսկական Նպատակը Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Փոխարինումն Է, Եւ Ոչ Թէ՝ Հոգեւորականներու Կուսակրօնութիւնը
Յարութ Սասունեան 
www.TheCaliforniaCourier.com
Մինչ Հայաստան կանգնած է գոյաբանական սպառնալիքի դէմ յանդիման, ակնկալելի էր, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւոր առաջնահերթութիւնը ըլլար երկրի շահերուն պաշտպանութիւնը: Սակայն, ցաւօք, ան զբաղած է հոգեւորականներու կուսակրօնութեամբ, հարց մը, որ չի ներառուիր կառավարութեան իրաւասութեան մէջ եւ կը խախտէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը, ուր ամրագրուած է եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատումը:
Ես կը կարծեմ, թէ Փաշինեան հոգեւորականներու կուսակրօնութեան հարցը կը բարձրացնէ անձնական շահերէն մեկնելով. 
Առաջին. անոր իսկական նպատակը Գարեգին Բ. կաթողիկոսը փոխարինելն է աւելի հնազանդ հոգեւորականով: Կաթողիկոսը պահանջած էր վարչապետին հրաժարականը` 2020-ին Ազրպէյճանի դէմ պատերազմի կործանարար վատ ղեկավարումէն ետք։ 
Երկրորդ. ան կը փորձէ շեղել հանրութեան ուշադրութիւնը իր կառավարութեան բազմաթիւ թերութիւններէն:
Երրորդ. եթէ ան իսկապէս հետաքրքրուած ըլլար հոգեւորականներու կուսակրօնութեամբ, ապա պէտք չէր այս հարցը արծարծէր իբրեւ վարչապետ կառավարութեան նիստին ընթացքին, այլ իբրեւ եկեղեցւոյ անդամ՝ անձնական կարծիք դրսեւորէր:
Վերջապէս, անոր էական սխալը այն է, որ առանց որեւէ ապացոյցի՝ կաթողիկոսը կը մեղադրէ զաւակ ունենալու մէջ, զրպարտութեան ակնյայտ դէպք, որ կաթողիկոսին իրաւունք կու տայ դատ բանալու չարախօսութեան համար: Փաշինեանի խօսքերուն վերաբերեալ արդէն իսկ սկսած է բարոյագիտական հետաքննութիւն: 
Ի պատասխան` էջմիածինի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հանդէս եկաւ խիստ յայտարարութեամբ` դատապարտելով վարչապետին արշաւը Հայոց եկեղեցւոյ դէմ` զայն նկատելով «հայհոյախառն, անվայել խօսոյթներով եւ զուրկ բարեկրթութեան տարրական նորմերից»:
Այնուամենայնիւ, Փաշինեան շարունակեց իր ամօթալից հռետորաբանութիւնը հոգեւորականներուն դէմ` ամէն օր Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարելով քանի մը գրառումներ, որոնց կարգին՝
«Փաստօրէն կոնսենսուս (համախոհութիւն) ունենք, որ սրբապիղծ «սրբազանների» հարցը պէտք է լուծել»:
«Եթէ պարզուի, որ իրօք Գարեգին Բ.ն խախտել է կուսակրօնութեան ուխտը եւ զաւակ ունի, նա չի կարող լինել Ամենայն Հայոց կաթողիկոս .... »:
«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պէտք է յստակ պարզաբանի՝ արդեօ՞ք Գարեգին Բ.ն խախտել է կուսակրօնութեան ուխտը եւ զաւակ ունի: Այս հարցը պէտք է պարզաբանուի անյետաձգելիօրէն»:
«Իմ ընկալմամբ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը անքննելի հեղինակութիւն է, արդարութեան անսասան պաշտպան, ճշմարտութեան անառարկելի աղբիւր: Չեմ կարող հաւատալ, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կարող է ճշմարտութիւն կոծկողի դերում լինել, չեմ կարող հաւատալ, թէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի բերանից կարող է հնչել այլ բան, քան՝ ճշմարտութիւնը: Գարեգին Բ.ն ինքն անձամբ թող պարզաբանի՝ արդեօ՞ք խախտել է կուսակրօնութեան ուխտը եւ արդեօ՞ք զաւակ ունի: Մենք` իր հօտը, իրաւունք ունենք իրենից լսելու ճշմարտութիւնը»:
«Ինչի՞ մասին է խօսում Գարեգին Բ.ի լռութիւնը: Մենք` իր հօտը, սպասում ենք նրա հրապարակային պարզաբանմանը իր կողմից կուսակրօնութեան ուխտի խախտման եւ զաւակ ունենալու վերաբերեալ: Լռել՝ նշանակում է համաձայնուել եւ իւր անձը դուրս դնել վեհարանից: Ասել ճշմարտութիւնը՝ նոյնպէս նշանակում է իւր անձը դուրս դնել վեհարանից: Ստել՝ նոյնպէս նշանակում է իւր անձը դուրս դնել վեհարանից»:
«Պետութիւնը (իշխանութիւնը) պատկանում է ժողովրդին: Եկեղեցին պատկանում է ժողովրդին: Մենք պետութիւնը (իշխանութիւնը) վերադարձրել ենք ժողովրդին: Եկեղեցին նոյնպէս պիտի վերադարձնենք ժողովրդին»:
Լրագրող Նորայր Մարտիրոսեանը ա՛լ աւելի պղտորեց ջուրերը «Հրապարակ» թերթին մէջ գրելով յօդուած  մը՝ «Փաշինեանը դաւաճանո՞ւմ է արդեօք կնոջը» վերնագիրով: Ան նշեց. «Մի քանի տարի առաջ լուրեր էին պտտւում, որ Փաշինեանը ժամերով աշխատասենեակում փակւում է սեփական խօսնակի հետ եւ ներսից տարօրինակ ձայներ են լսւում»: Ան շեշտեց, որ ինք նոյն ձեւով կը պատասխանէ Փաշինեանին` կաթողիկոսի դէմ ուղղուած մեղադրանքներուն`աւելցնելով, որ՝ «Եթէ վարչապետը կարող է ասել` «այսպիսի լուրեր են պտտւում, թող կաթողիկոսը հերքի», ապա Փաշինեանին կրնանք նոյն հարցադրումը կատարել: Մարտիրոսեան նոյնիսկ յայտարարեց, որ Փաշինեանին կինը բացայայտած է անոր սիրային յարաբերութիւնը եւ փորձած է աշխատանքէ արձակել մամլոյ բանբերը: Լրագրողը եզրափակեց. «Մենք` իր ընտրողները, սպասում ենք նրա հրապարակային պարզաբանմանը իր կողմից ամուսնական հաւատարմութեան խախտման վերաբերեալ: Լռել կամ ստել՝ նշանակում է իւր անձին դուրս դնել բարոյական նորմերից»:
Տարաձայնութիւններու վրայ հիմնուած իր լրատուութենէն զատ՝ Մարտիրոսեան սխալեցաւ Աննա Յակոբեանը կոչելով վարչապետի «կին»: Փաշինեան 18 դեկտեմբեր 2024-ին Դիմատետրի վրայ ուղիղ եթերի միջոցով պարզաբանած է իր ամուսնական կարգավիճակը՝ Աննային կողքին նստած. «Մենք դէ իւրէ կարգավիճակով ամուսնացած չենք: Դէ իւրէ ո՛չ զագսով, ո՛չ եկեղեցով ամուսնացած չենք: Պաշտօնական թուղթ չկայ»: Այնուամենայնիւ, վարչապետին պաշտօնական կայքը սխալելով կը յայտարարէ, որ ան «ամուսնացած է»:
Վարչապետը չզուարճացաւ, երբ Մարտիրոսեան իրեն հետ վարուեցաւ այնպէս, ինչպէս ան վարուած էր: Փաշինեան Դիմատետրի իր էջին վրայ սպառնաց. «Հրապարակ» թերթին անպայման դատի կը տամ, որ ապացուցուի, որ ընտանեկան եւ հոգեւոր կեանքը ինձ համար արժէք ու սկզբունք են եւ ոչ թէ՝ մարդկանց մոլորեցնելու միջոց: Այս առիթով նաեւ պնդում եմ, որ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը խախտել է կուսակրօնութեան ուխտը եւ զաւակ ունի: Թող Գարեգին Բ.ն էլ ինձ դատի տայ յայտարարուած արժէքներին եւ կաթողիկոսի կարգավիճակին իր համապատասխանելիութիւնը ապացուցելու համար: ՅԳ. Հայ առաքելական եկեղեցին մեր սրբութիւնն է, մեր ինքնութիւնը: Չպիտի այլեւս հանդուրժենք այդ սրբութիւնը պղծողներին»:
Վերջապէս, Փաշինեան զայրացաւ` տեղեկանալով, որ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը 7 յունիսին այցելած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսին: Եկեղեցին հաղորդեց այդ հանդիպման մասին.  «Նախագահն իր լիակատար աջակցութիւնն է յայտնել վեհափառ հայրապետին՝ միաժամանակ խստիւ դատապարտելով հայոց 1700-ամեայ եկեղեցու նկատմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնների հակասահմանադրական  ոտնձգութիւնները»:
Փաշինեան, զայրացած, պատասխանեց` օգտագործելով բացարձակապէս անտեղի մեղադրանքներ, նշելով, որ՝ «Լեւոն Տէր Պետրոսեանը Հայաստանի Հանրապետութիւնում ընտրութիւնների կեղծման պրակտիկայի (գործելաոճի) հիմնադիրն է, եւ նա ի հարկէ պիտի կանգնի իր նման ժողովրդատեաց կեղծարարի ու կեղծիքի կողքին»: Հարկ է նշել, որ Փաշինեան ժամանակին եղած է Տէր Պետրոսեանի աջ ձեռքն ու հաւատարիմ կողմնակիցը:
Վարչապետը դժուար թէ կարողանայ դասախօսութիւն տալ բարոյականութեան մասին, յատկապէս երբ անոր «Երկրի հակառակ կողմը» գիրքի ընթերցումը կը բացայայտէ աշխատանք մը, որ լեցուն է պոռնկագիր բովանդակութեամբ, կոպիտ ու անպարկեշտ բառերով։
Անկասկած բոլոր հոգեւորականները, անկախ անոնց աստիճանէն, պէտք է յարգեն եկեղեցւոյ բարձրագոյն բարոյական չափանիշները, որոնց կարգին՝ կուսակրօնութեան երդումը: Այնուամենայնիւ, նոյնքան կարեւոր է, որ Հայաստանի վարչապետը յարգէ Հայաստանի սահմանադրութիւնը եւ խուսափի իր իրաւասութենէն դուրս եղող հարցերուն միջամուխ ըլլալէ, յատկապէս՝ նկատի առնելով իր ամուսնական կարգավիճակը եւ պետութեան գործերը կառավարելու անկարողութիւնը:

Related to category Politics

Related to subcategory Armenian Diaspora

Comment on Facebook

Comment on Disqus