Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութիւն - Հալէպ

Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութիւն - Հալէպ
shadow
Այսօր, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան մեծ ընտանիքին անդամները կու գան խոնարհելու յիշատակին առջեւ այն քսան ռահվիրաներուն, որոնք ազգային-հայրենասիրական, գաղափարական ու քաղաքական իւրայատուկ ուղի կառուցեցին եւ կտակեցին հայութեան ընդհանրապէս եւ հնչակեան յետնորդներուն մասնաւորաբար:

Հալէպի գերեզմանատան մէջ խոյացող քսաններուն յուշարձանին առջեւ մէկտեղուեցան Ս.Դ.Հ.Կ. Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանի վարիչ մարմինը եւ իր հովանիին տակ գործող միութիւնները կազմակերպութեամբ` Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան եւ յատուկ ներկայութեամբը` Արարատ օրաթերթի տնօրէն-խմբագիր ընկեր Նազարէթ Ճերեճեանի։

Տեղադրուեցաւ ծաղկեպսակ Փարամազի եւ քսաններուն կիսանդրիին առաջ ներկաներուն հայրենասիրական երգերու կատարումով։ Նկարները խօսուն են։

Սոյն թուականի երեկոյեան ժամը 7։00-ին Աղաջանեան սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ նաեւ ոգեկոչում, մասնակցութեամբ բանախօսութեամբ Արարատ օրաթերթի տնօրէն-խմբագիր` ընկեր Նազարէթ Ճերեճեանի։

Related to category Socialism

Related to subcategory Social Democrat Hunchakian Party

Comment on Facebook

Comment on Disqus