Սեվ ուրբաթը Ուղափառ Հնչակեան տեսանկիւնէ

Սեվ ուրբաթը Ուղափառ Հնչակեան տեսանկիւնէ
shadow
Հնչակեան Ռահվիրայ Ստեփան Սապահ Գուլեանի գիծի հավատարիմ Ուղափառ Հնչակեան ղեկավար ընկերոջ պատուաբեր ազգային գռարում
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՒՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՇՒՈՅՆ ՑԱՒԱԼԻ ԶԻՋՈՒՄ
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Ուրբաթ, 8 օգոստոս 2025-ի երեկոյեան, Ուաշինկթընի Սպիտակ տան մէջ, Մ.Նահանգներու նախագահ Տօնալտ Թրամփի միջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ եռակողմ հանդիպում՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՒՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՇՒՈՅՆ ՑԱՒԱԼԻ ԶԻՋՈՒՄ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Ուրբաթ, 8 օգոստոս 2025-ի երեկոյեան, Ուաշինկթընի Սպիտակ տան մէջ, Մ.Նահանգներու նախագահ Տօնալտ Թրամփի միջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ եռակողմ հանդիպում՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ:

Հանդիպումի աւարտին հրապարակուեցաւ «խաղաղութեան» հիմքերէն մեկնող համաձայնագիր: Երեւան զայն ներկայացուց «պատմական յաղթանակ»: Իրականութեան մէջ, տուեալ համաձայնագիրին բովանդակութիւնը կ՛ոտնակոխէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը, մեր ժողովուրդին ազգային արժանապաւութիւնը, եւ ռազմաքաղաքական վտանգաւոր գօտիի կը վերածէ հարաւային Կովկասը: Երեւան «յաղթանակ» կը ներկայացնէ համաձայնագիրին ստորագրութիւնը, սակայն վերլուծութիւնները ազգային պարտութիւն եւ ազգային շահերու նահանջ կը մատնանշեն:

Պատմական փորձը կը վկայէ, որ փոխադարձ արդարութեան եւ ազգային շահերու վրայ չհիմնուած համաձայնութիւններ, ուշ կամ կանուխ, նոր եւ երկարաժամկէտ հակամարտութիւններու դուռ կը բանան:

Տուեալ համաձայնագիրով Հայաստան փակուած համարեց Արցախի հարցին արդար կարգաւորումը: Այս լռութիւնը քաղաքական մակարդակի զիջումէ աւելի պատմական իրաւունքներէ հրաժարում մըն է: Հարցում մը՝ «յաղթանակ» կերտող իշխանութեան ներկայացուցիչները ի՜նչ խիղճով պիտի այցելեն Եռաբլուր:

Ազրպէյճան ստացաւ միջանցք, Ուաշինկթընի հետ կնքեց քարիւղի արտահանման եւ արատծման նոր պայմանագրութիւններ, ջնջուեցաւ անոր դէմ Ներկայացուցիչներու տան ռազմական օգնութիւն ստանալու թիւ 907 յօդուածին արգելքը:

Հայաստանի իշխանութիւնները տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումով եւ հաղորդակցութեան միջանցքի համաձայնութեամբ գոհացան, առանց հաշուի առնելու Հայաստանի ազգային-անվտանգութեան շահերը: Հայաստանի հարաւային գօտիով պիտի ստեղծուի միջազգային հաղորդակցութեան ճանապարհ, որուն շահագործման եւ հսկողութեան համար,Մ. Նահանգներ, «հայ-ամերիկեան» միացեալ անուան տակ, բացառիկ իրաւասութիւններ պիտի ստանայ յառաջիկայ 99 տարիներուն: Փաստօրէն Հայաստանէն որոշակի տարածք մը, երկարաժամկէտ կտրուածքով դուրս պիտի գայ անոր գերիշխանութենէն: Այս վտանգաւոր նախադէպ է:

Համաձայնագիրը մեծամասնութեամբ կը բաւարարէ մեր թշնամիներուն շահերը, քան Հայաստանի երկարաժամկէտ անվտանգային նպատակները: Այս պայմաններով ստորագրուած համաձայնագիր մը աւելի պարտադրուած զիջումներ կը յիշեցնէ, քան՝ յաղթանակ: Փաշինեանի փայփայած «Իրական Հայաստան»էն գրաւուած տարածութիւններուն մասին յիշատակութիւն անգամ չեղաւ:

Համաձայնագիրը, անոր ստորագրութիւնը, գործադրութիւնը տակաւին շատ ջուր կը վերցնեն...:

Ազրպէյճանի նախագահին յատուկ յանձնարարականներով դեսպան Էլչին Ամիրպեկով յաղթանակով գինովցողներուն յիշեցուց՝ համաձայնագիրը ստորագրելու եւ վաւերացնելու համար Հայաստան անհրաժեշտ է, որ փոփոխութեան ենթարկէ իր սահմանադրութիւնը...:

Սա պարզապէս յաւելեալ զիջումներ պարտադրելու պատգամ մըն է:

Հասկցողին շատ բան:

Related to category Politics

Related to subcategory Armenian Diaspora

Comment on Facebook

Comment on Disqus