ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՎՏԱՆԳԻ ՏԱԿ՝ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ ՉԷԶՈՔՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ԱՅԼԵՒՍ ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հայ եկեղեցւոյ դէմ իշխանութեան ձեռնարկած քայլերը՝ ճնշումները, ձերբակալութիւնները եւ հրապարակային վիրաւորանքները չեն սահմանափակուիր անհատներու դէմ ուղղուած քննադատութիւններով:
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՎՏԱՆԳԻ ՏԱԿ՝ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ ՉԷԶՈՔՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ԱՅԼԵՒՍ
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Այս օրերուն մեր հանրութիւնը կեցած է պառակտումի եզրին։ Հայաստանի մէջ Իշխանութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ միջեւ ընթացող ճգնաժամը ոչ միայն ներքաշած է քաղաքական ողջ օղակները, այլեւ ոտնակոխած է Հայ եկեղեցւոյ դարաւոր առաքելութիւնը ու դիմագիծը: Նպատակը՝ մեր ազգային ինքնութիւնը եւ հաւաքական յիշողութիւնը ջնջել է:
Հայ եկեղեցւոյ դէմ իշխանութեան ձեռնարկած քայլերը՝ ճնշումները, ձերբակալութիւնները եւ հրապարակային վիրաւորանքները չեն սահմանափակուիր անհատներու դէմ ուղղուած քննադատութիւններով:
Վերջին ամիսներուն բազմաթիւ հոգեւոր առաջնորդներ եւ քահանաներ ձերբակալութիւններու եւ հետաքննութեան ենթարկուեցան ՝ իշխանութեան կողմէ հնչած մեղադրանքներով։ Այս հալածանքները աւելի քան անհատական դատավարութիւններ են՝ լայնածաւալ գործողութիւններու մաս կը կազմեն, որոնք կը խափանեն եկեղեցւոյ անկախութիւնը, կենսունակութիւնը եւ կը վտանգեն մեր մշակութային եւ հոգեւոր արժէքները։
Ժողովրդավարութիւնը չի սահմանափակուիր քուէատուփով։ Ան կը պահանջէ ազատ խօսք, կարծիքի ազատութիւն, արդար իրաւական համակարգ եւ վախազերծ միջավայր: Գաղտնալսումները, ձերբակալութիւնները եւ դատական ճնշումները գլխիվար կը տապալեն այդ սկզբունքները եւ կ՛արհամարհեն հանրային վստահութիւնը։ Իշխանութեան ապօրինութիւնները կը հետապնդեն մէկ նպատակ՝ յաղթական դուրս գալ 2026- խորհրդարանական ընտրութիւններէն..:
Իբրեւ հասարակութիւն մէկ անհատը, պարտաւոր եմ ոչ միայն դատապարտել իշխանութեան քայլերը, այլեւ պահանջել գործնական, յստակ միջոցառումներ.
Ա.- Անկախ եւ թափանցիկ հետաքննութիւն ձերբակալութիւններու եւ մեղադրանքներու նկատմամբ:
Բ- Կտրականապէս դադրեցնել Հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ քաղաքական միջամտութիւնները:
Գ- Հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն միջեւ հաստատել միասնութիւն: Հայ ժողովուրդի միասնութիւնը այսօր ոչ միայն ցանկալի, այլ անհրաժեշտ է՝ պաշտպանելու համար մեր ազգային ինքնութիւնը, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը, եւ ամրապնդելու պետական հաստատութիւնները: Այս համազգային միասնութիւնը կ՛ընդգրկէ պետական իշխանութիւնը, քաղաքացիական հասարակութիւնը, հոգեւորականութիւնը եւ հանրութեան բոլոր խաւերը՝ անկախ քաղաքական կամ գաղափարախօսական պատկանելութենէն: Կեդրոնը ազգային շահն է, միասնաբար պաշտպանելու մեր ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքները:
Սփիւռքը պարտադիր եւ գործուն դեր պարտի ունենալ համազգային քննարկումներու եւ որոշումներու մէջ: Իր փորձառութեամբ, գիտելիքներով եւ կրթական նախաձեռնութիւններով Սփիւռքը կրնայ նպաստել այնպիսի լուծումներու, որոնք կրնան ամրապնդել ոչ միայն եկեղեցւոյ, հոգեւոր, մշակութային կառոյցները, այլեւ Հայաստանի ազգային անվտանգութիւնը եւ զարգացման հիմնական ուղղութիւնները:
Սա այլեւս գաղափարական կամ կուսակցական հակամարտութիւն չէ: Հայ եկեղեցին մեր պատմութեան պահապանն է, մեր մշակութային դիմադրութիւնը, ժառանգութիւնը կրողը։ Իշխանութիւնը կը փորձէ քաղաքական ենթակայութեան տակ գործող հիմնարկի վերածել եկեղեցին: Բարեկարգութեան ոչ մէկ տրամադրութիւն կը տեսնենք վարչապետին քայլերուն մէջ, բացի՝ հարուածել մեր հոգեւոր եւ ազգային ինքնութիւնը:
Լռութիւնը այս պարագային այլեւս չէզոքութիւն չէ։ Մենք պարտաւոր ենք ձայն բարձրացնել: Իշխանութիւնը կուրացած է: Պատասխաանտու օրերու առջեւ կը գտնուինք: Բոլորէս կը պահանջուի բացառիկ ջանք: Փաշինեան եւ անոր համախոհները իրենց արկածախնդութիւններուն ամբողջական պատասխանատւութիւնը պիտի կրեն պատմութեան առջեւ՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: