ԵՐԲ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄՈՌՆԱՅ ԱՐԱՐԱՏԸ ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ,Այսօրուան իշխանութիւնները վաղուան անցողիկ ստուերներն են

ԵՐԲ  ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ  ԿԸ  ՄՈՌՆԱՅ ԱՐԱՐԱՏԸ ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ,Այսօրուան իշխանութիւնները վաղուան անցողիկ ստուերներն են
shadow
Այսօրուան իշխանութիւնները վաղուան անցողիկ ստուերներն են: Արարատը մեր ժողովուրդին համար պիտի մնայ այն կանթեղը, որուն օրհնութեամբ դարեր շարունակ պահպանած ենք մեր ոգին, մեր հաւատքը, մեր ինքնութիւնը։
Արարատը մեր ժողովուրդի պատմութեան վկայութիւնն է, մեր աղօթքի խորանը, դիմադրութեան խորհրդանիշը։
Հայաստանի իշխանութիւնները կեղծ հմայքով կը փորձեն վստահեցնել՝ զիջումներով կարելի է հասնիլ խաղաղութեան, ոչ՝ փոխզիջումներով։ Աւելին՝ կը փորձեն համոզել, թէ երկիրը խաղաղութեան նոր դարաշրջան մը թեւակոխած է «Իրական Հայաստան»ի ճանապարհով, առանց՝ պատմական յիշողութեան եւ ազգային խորհրդանիշերու, առանց՝ Արարատին

» ԵՐԲ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄՈՌՆԱՅ ԱՐԱՐԱՏԸ   › ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Հայաստանի իշխանութիւնները կեղծ հմայքով կը փորձեն վստահեցնել՝ զիջումներով կարելի է հասնիլ խաղաղութեան, ոչ՝ փոխզիջումներով։ Աւելին՝ կը փորձեն համոզել, թէ երկիրը խաղաղութեան նոր դարաշրջան մը թեւակոխած է «Իրական Հայաստան»ի ճանապարհով, առանց՝ պատմական յիշողութեան եւ ազգային խորհրդանիշերու, առանց՝ Արարատին։ Անոնք չեն գիտակցիր, որ Արարատը սոսկ լեռ չէ հայ ժողովուրդին համար։ Ան թշնամիի հողին վրայ շղթայուած մարգարէն է, մեր հաւաքական յիշողութեան եւ խղճմտանքի պահապանը։

Երբ պետութիւնը կ՛որոշէ Արարատը հեռացնել իր կնիքէն, այդ արարքը վարչական կամ նկարչական փոփոխութիւն մը չէ լոկ։ Ան, մեր ազգային հոգեբանութեան ուղղուած ծանր հարուած մըն է՝ ոտնձգութիւն հասցէագրուած հայ մարդու ներաշխարհին։ Արարատը մեր ժողովուրդի պատմութեան վկայութիւնն է, մեր աղօթքի խորանը, դիմադրութեան խորհրդանիշը։

Այսօրուան իշխանութիւնները «խաղաղութիւն» կ՛անուանեն Արեւմտահայաստանէն, Արցախէն, պատմական յիշողութենէն, Արարատէն զիջիլը: Յաջորդ զիջումները նոյնպէս պիտի կոչեն «խաղաղութիւն», սակայն խաղաղութեան անունով կ՛ոտնակոխեն հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը։ Իշխանութիւնները ժամանակաւոր են. կու գան եւ կ՛երթան: Անոնք ոչ մէկ հետք կրնան ձգել այն հայրենիքին վրայ, որուն սիրտը Արարատն է։

Այսօրուան իշխանութիւնները վաղուան անցողիկ ստուերներն են: Արարատը մեր ժողովուրդին համար պիտի մնայ այն կանթեղը, որուն օրհնութեամբ դարեր շարունակ պահպանած ենք մեր ոգին, մեր հաւատքը, մեր ինքնութիւնը։

Հողը կրնան ժամանակաւոր յանձնել, բայց Արարատը՝ երբեք։ Արարատը միայն նիւթական տարածք չէ: Ան մեր հոգեւոր հայրենիքն է, որուն վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենան քարտէսը, թուղթը, կնիքը կամ պարտուողական ստորագրութիւնները։ Սրբութիւնները չեն մահանար թուղթով:

Արարատի հոգին կը մնայ վեհ եւ լուռ վկայութիւն անոնց դէմ, որոնք կը մոռնան իրենց ազգային ինքնութիւնը: Արարատը մեր գոյութեան եւ պայքարի յաւերժ կրակն է:

Related to category Politics

Related to subcategory Armenian Diaspora

Comment on Facebook

Comment on Disqus