Ստացանք հետեվեալ հայտարարութիւնը վերնագրուած : "ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼ"
Կայքը կը մնայ զերց ու վերապահ թէ ով կը հանդիսանայ Օրինական կողմը ներկայացնող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը՝ այդ մեկը մեզ համար չէ քննարկելու՝ սակայն կայքը կը ողջունէ Մայր Աթոռին զորակցող կեցուացքները
Հրաժարում Այս կայքը չի քննարկում, թե ով է Հայ Ռամկավար Ազատական կուսակցության օրինական ներկայացուցիչը, դա մեր գործը չէ քննարկել, սակայն մենք ողջունում ենք բոլոր այն դիրքորոշումները, որոնք կողմ են.
Սուրբ Աստվածածին Էջմիածին Աթոռին, Հայ Առաքելական Քրիստոնեական Եկեղեցուն։
Disclaimer This web site does not discuss who is the legal representative of the Armenian Ramgavar Liberal party, it si not up to us to discuss, yet we saluute all stances who stand with :
the Holy Mother Echmiadzin Church of Armenia Armenian Apostolic Christian Church
Վերապահ մնալով թէ ով կը հանդիսանայ օրինականութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պահով՝ զերց մնալով ներքին ՌԱԿի խոհանոցն արծարծելէ՝ կը ողջունեմ Մայր Աթոռին Էջմիածնին զորակցող այս հայտարարութիւնը
Կայքը կը մնայ զերց ու վերապահ թէ ով կը հանդիսանայ Օրինական կողմը ներկայացնող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը՝ այդ մեկը մեզ համար չէ քննարկելու՝ սակայն կայքը կը ողջունէ Մայր Աթոռին զորակցող կեցուացքները
Հրաժարում Այս կայքը չի քննարկում, թե ով է Հայ Ռամկավար Ազատական կուսակցության օրինական ներկայացուցիչը, դա մեր գործը չէ քննարկել, սակայն մենք ողջունում ենք բոլոր այն դիրքորոշումները, որոնք կողմ են.
Սուրբ Աստվածածին Էջմիածին Աթոռին, Հայ Առաքելական Քրիստոնեական Եկեղեցուն։
Disclaimer This web site does not discuss who is the legal representative of the Armenian Ramgavar Liberal party, it si not up to us to discuss, yet we saluute all stances who stand with :
the Holy Mother Echmiadzin Church of Armenia Armenian Apostolic Christian Church
Socialist-armenia.org, national-armenia.org
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Զգուշանալ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Անունը Չարաշահող
Կեղծ Յայտարարութիւններէ
Մենք որպէս աւանդապահ ռամկավարներ կը մնանք ազգային գերագոյն շահերու պաշտպանը:
Կը մնանք Մայր Աթոռին եւ հայոց ազգային պետականութեան անսակարկ եւ անժամանցելի
դրօշակակիրները:
Խստօրէն կը դատապարտենք մեր հայրենիքին մէջ:
Ներկայ պժգալի փողոցային վիճակը ստեղծողները:
Մեր կուսակցութեան անունը չարաշահող, ինքնահռչակ խմբակ մը, տարիներէ ի վեր, ժամանակ առ
ժամանակ յանկարծ կ՛արթննայ եւ կեղծիքով կը չարաշահէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
պանծալի անունը:
Վերջին օրերուն, սոյն խմբակը իր խաչագողութիւնը թագադրած էր 11 Նոյեմբեր 2025
թուակիր՝ «Զգաստութեան Սրտագին Կոչ» վերնագրեալ բազմալեզու խեղկատակութեամբ մը, որուն մէջ
յականէ անուանէ կը փորձէ թիրախաւորել Մայր Աթոռն ու անոր գահակալը, ՀԱԵ-ի նուիրեալ կարգ մը
միաբաններով հանդերձ:
Աւանդապահ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Համադրուած Մամուլի ներկայացուցիչներս,
մեր գաղափարախօսութեան բազմահազար հետեւորդներուն, համակիրներուն եւ ընթերցողներուն անունով
խստիւ կը դատապարտենք, անձնական մանր խնդիրներով, թէ քաղաքական քինախնդիր ու ճղճիմ
հաշուարկներով առաջնորդուող պատեհապաշտներու այդ արհամարհելի խմբակին անընդունելի եւ
այպանելի վարքը:
Նշեալ խմբակին արկածախնդրութիւններուն եւ մեքենայութիւններուն ծանօթ եւ անծանօթ
հանրութեան անգամ մը եւս կու գանք հաստատելու, որ մեր պանծալի կուսակցութեան շարքերուն
բացարձակ մեծամասնութիւնը չի ճանչնար ինքզինք «Կեդրոնական Վարչութիւն» կոչած այդ հերձուածը, որ
ոչ իսկ հիւլէի մը չափ գոյութիւն ունի մեր օրերու ազգային տագնապալի վիճակին նպաստելու անհրաժեշտ
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼ
համազգային աշխատանքին մէջ: Մինչ անոր իրական թէ երեւակայածին անդամները հազիւ իրենք իրենց
անձերը կը ներկայացնեն: Հետեւաբար ամէն ինչ, որ լոյս կը տեսնէ այդ խմբակին կողմէ պարզապէս առ
ոչինչ է:
Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, կ՛ուզենք շեշտենք, որ մե՛նք՝ աւանդապահ Ռամկավար
Ազատականներս, հաւատարիմ մեր աւելի քան հարիւրամեայ անխախտ ուղեգիծին, կը շարունակենք
անսակարկ դրօշակակիրները մնալ Մայր Աթոռին ու մեր պետականութեան եւ այս ազգային երկու
անսակարկելի արժէքներուն գործնապէս մեր մամուլով եւ առարկայական գործունէութեամբ կը
հանդիսանանք ամուր պատնէշն ու պաշտպանը ամէն տեսակի ոտնձգութիւններու դէմ:
Պէտք է անմիջապէս դադարեցնել ներկայ պժգալի փողոցային ու անօրէն վիճակը ու վերադառնալ
ազգային միասնականութեան գաղափարախօսութեամբ առլցուն աշխատանքի:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼ
ԱԶԳ (Հայաստան), ԱՊԱԳԱՅ (Մոնրէալ), ԱՐԵՒ (Եգիպտոս),
ԶԱՐԹՕՆՔ (Լիբանան), ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀ (Յունաստան), ՊԱՅՔԱՐ (Պոսթոն),
The Armenian Mirror Spectator (USA), ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ (Արժանթին)
12 Նոյեմբեր 2025