Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինը ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԽԱԼԻԼ ՊԱՏԱՈՒԻԻ ԿՐԱԿՈՑՆԵՐԸ
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինը խստիւ կը դատապարտէ Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլի գիշերուայ ժամը 10:05-ին Խալիլ Պատաուի թաղամասին մէջ գտնուող ՀՄՄ Պէյրութի ակումբին ուղղութեամբ հրաձգութիւնը, զոր կատարեցին մոթորսիքլէթով թաղ մուտք գործած դիմակաւոր երկու անծանօթներ: Յաւելեալ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ այն, որ նկատի առնելով այդ պահուն ակումբին խճողուածութիւնը եւ մանաւանդ մուտքի դարպասին մօտ քանի մը պատանիներու ներկայութիւնը, միջադէպը կրնար առաջնորդել աւելի լուրջ, նոյնիսկ անդառնալի հետեւանքներու: