Հայաստանի Խորհրդարանի Նախագահը Կը Նախընտրէր, Որ Բոլոր Արցախցիները Սպաննուած Ըլլային Յարութ Սասունեան
Հայաստանի պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարները հատեցին բոլոր կարմիր գիծերը: Արցախը յանձնելէ ետք, անոնք ներկայիս կը վտանգեն Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը: Այս տագնապալի զարգացումը իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան ողջ ղեկավարութեան մեղքն է, սկսեալ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն, հասնելով մինչեւ անոր նախարարները, Ազգային ժողովի նախագահն ու խորհրդարանական մեծամասնութիւնը: