Փաշինեանը Կը Մերժէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Իր Յանցագործութիւնը Յարութ Սասունեան
Փաշինեան զուիցերիահայ խումբին դիմաց ամենայն անտարբերութեամբ ըսաւ.«Մենք Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեանն էլ պէտք է վերադառնանք: Պէտք է հասկանանք` լա՛ւ, ի՞նչ է տեղի ունեցել եւ ինչո՞ւ է տեղի ունեցել»։
Ցնցիչ է, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 110 տարի ետք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը կը ձեւացնէ, թէ չի գիտեր`«Ի՞նչ է տեղի ունեցել եւ ինչո՞ւ»:
Չեմ կարծեր, թէ պատճառը անոր գիտելիքներու պակասն է։ Ան շատ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ կ՛ըսէ եւ ինչո՛ւ: