Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են Յարութ Սասունեան
Վարչապետին ապօրինի գործողութիւնները ծանր հետեւանքներ ունին Հայաստանի համար: Փաշինեանի վրէժխնդրական որոշումը հաւանաբար պատճառ դառնայ, որ Կարապետեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը տանի միջազգային իրաւարարութեան՝ ամենայն հաւանականութեամբ ստանալով աւելի քան մէկ միլիառ տոլարի պատժիչ փոխհատուցում: Ցաւալի է, որ վերջաւորութեան հայ հարկատուներ պիտի վճարեն այս հսկայական գումարը:
Սփիւռքահայերը չեն կուրցած Փաշինեանի քարոզչութենէն: Թորոսեան կը կիրարկէ վարչակարգին նախընտրած մարտավարութիւնը` Սփիւռքը Հայաստանի դէմ գրգռելու, ներկայ ղեկավարները` ընդդէմ նախկիններուն, իսկ արցախցիները` ընդդէմ տեղացիներուն: