Փաշինեան Կը Մրցի Թալէաթին Եւ Ստալինին Հետ՝ Հայ Հոգեւորականներու Հալածանքին Մէջ
Թաւալող իւրաքանչիւր օրուան հետ Հայաստան քիչ մը աւելի կը գլորի դէպի բռնապետութիւն: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներու հասցէին օգտագործուած գռեհիկ, նոյնիսկ պոռնկագրական բառապաշարը բացարձակապէս անյարիր է կառավարութեան ղեկավարին: Ըստ «Ազատութիւն» կայանին, Դիմատետրը վերջերս ջնջեց անոր գրառումներէն մէկը՝ հոն օգտագործուած վիրաւորական արտայայտութիւններուն համար։