Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին ամիսներուն կը փորձէ ճնշում բանեցնել Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ․ կաթողիկոսին վրայ` ստիպելով զայն հրաժարական տալու, այդպիսով խախտելով Հայաստանի սահմանադրութիւնը, որ կ՛արգիլէ պետական պաշտօնատարներուն միջամուխ ըլլալ Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն: