Փաշինեան Հրամայեց Իր Բիրտ Ոստիկաններուն՝ Ներխուժել Սուրբ Էջմիածինի Սրբազան Տարածք Յարութ Սասունեան
Նախորդ շաբաթ, վերջին ամիսներուն ընթացքին արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սուրբ Էջմիածինի սրբազան տարածք ուղարկեց հարիւրաւոր ոստիկաններ եւ քաղաքացիական հագուստով գաղտնի գործակալներ՝ ներխուժման նպատակով։ Խորքին մէջ անոնք կոչուած են ծառայելու ժողովուրդին, ոչ թէ՝ Փաշինեանին անձնական շահերուն։ Անոնք պէտք չէ ենթարկուին անօրինական հրամաններու։ Ցաւօք, այժմ Փաշինեան աւելի մեծ թիւով ոստիկաններ ունի իբրեւ անձնական թիկնապահներ, քան զինուորներ՝ Հայաստանի սահմանները պաշտպանող