Երկու Հայ Պաշտօնեաներ Կը Վատնեն Հարկատուներու Գումարները Լոս Անճելըս Կատարած Անօգուտ Ճամբորդութեան Վրայ Յարութ Սասունեան
Նախորդ շաբաթ Փաշինեան իր երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաները՝ գլխաւոր խորհրդական եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Լիլիթ Մակունցը եւ աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը ուղարկեց Լոս Անճելըս՝ իբր թէ «հակազդելու ապատեղեկատուութեան», զոր կը տարածեն Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող հայերը։ «Ապատեղեկատուութեան» հակազդելու փոխարէն՝ իրականութեան մէջ անոնք էին, որ կը տարածէին «ապատեղեկատուութիւն» Հայաստանի ներկայ վիճակին մասին։ Անոնք ոչ միայն վատնեցին իրենց ժամանակը, այլ նաեւ, որ աւելի կարեւոր է, վատնեցին հայ հարկատուներու գումարները։