Կասկածի Տակ Դնելով Ցեղասպանութիւնը` Փաշինեան Կը Քաջալերէ Թուրք Եւ Ազրպէյճանցի Ժխտողականները
Սակայն ներհայկական բանավէճերէն աւելի կարեւոր է այն վնասը, զոր Փաշինեան կրնայ հասցնել Հայ դատին` կրկնելով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ ուղղուած նմանատիպ հարցումներ` նպատակ ունենալով կասկածի տակ դնել Ցեղասպանութեան հաւաստիութիւնը:
Նախորդ ամիս Ամերիկայի թրքական միութիւնը հրապարակեց յօդուած մը՝ «Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը Տաւոսի, Ցիւրիխի մէջ. Ցեղասպանութիւնը Մոսկուայի ստեղծագործութիւնն է» վերնագիրով: