Արարատ Քույր Կայքեն - ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԼԻՑԸ - Քսան հերոսներու պատգամ
110 տարիներ առաջ այս օրերուն, անմահացան Հնչակեան կուսակցութեան կարկառուն դէմքերը, որոնք 1915 թուականի Յունիս 15-ին, թրքական դատարանի որոշումով Պոլսոյ մէջ կախաղան բարձրացան՝ մեղադրուելով Երիտթուրքերու պարագլուխներուն եւ հայ ժողովուրդի դահիճներուն դէմ մահափորձ կազմակերպելու մէջ։ Այս եղելութիւնը տեղի կÿունենար երբ արդէն ձերբակալուած էին Պոլսոյ հայ մտաւորականները, իսկ գաւառներուն մէջ ծայր առած էին հայութեան տեղահանութիւնն ու կոտորածները։ Այս իրադարձութիւնները շաղկապուած են իրենց տխուր վախճանով, սակայն եւ կÿարժեւորուին հայ ժողովուրդի վերածնունդով ու գոյատեւմամբ։