Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարը Թուիթըրի Մէջ Կ՛օգտագործէ Հայոց Ցեղասպանութիւն Եզրոյթը. «Շատ Քիչ Է Եւ Շատ Ուշացած»
Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարար Իսրայէլ Քաց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յիշեցում կատարած է նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի, այն բանէն ետք, երբ թուրք ղեկավարը աջակցած է Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան բողոքին՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ (Համաշխարհային դատարան), նշելով, որ Իսրայէլ ցեղասպանութիւն իրականացուցած է պաղեստինցիներու դէմ, Կազայի մէջ: