ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ 107-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՈՒԽՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ
107 տարիներ եւ հայրենասիրութեան ջահը կը մնայ վառ. 107 տարիներ եւ հայրենիքին համար անձնուէր ծառայելու պատգամով տոգորուած է իւրաքանչիւր հնչակեանի սիրտն ու հոգին: 107 տարիներ եւ Հնչակեան ուխտը տեւաբար կը վերանորոգուի` նոր շունչ հաղորդելով հայ ժողովուրդի արդար պայքարին: